Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

JW.ORG ԿԱՅՔԸ

Հրատարակութիւն մը փնտռել

Հրատարակութիւն մը փնտռել

Հարիւրաւոր թուանշային ու ձայնային նիւթեր եւ վիտէօներ մատչելի են jw.org կայքին ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ բաժնին մէջ։ Այս յօդուածին թելադրութիւնները գործածէ, որպէսզի ուզած հրատարակութիւնդ գտնես։

 Գտիր որոշ վերնագիր ունեցող հրատարակութիւն մը

Եթէ հրատարակութեան վերնագիրը կամ վերնագիրէն մաս մը գիտես, հրատարակութիւնը անմիջապէս գտնելու համար գործածէ ստորին նշուած մեթոտը։

Տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ։

  • Կտտացուր Բոլորը ցանկը եւ փնտռած հրատարակութեանդ վերնագիրէն բառ մը գրէ։ Օրինակ՝ եթէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կը փնտռես, գրէ՝ «սորվեցնէ»։ Ապա ցանկը կը սահմանափակուի միայն այն հրատարակութիւններուն, որոնց վերնագրին մէջ «սորվեցնէ» բառը կայ։ Ընտրէ վերնագիրը այն գիրքին որ կը փնտռես։

  • Փնտռել կոճակը կտտացուր։

 Գտիր որոշ պարբերաթերթի թիւ մը

Տես ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ։

Էջը ինքնաբերաբար ցոյց կու տայ՝ Դիտարան–ի (հանրամատչելի հրատարակութիւն) եւ Զարթի՛ր–ի վերջին չորս թիւերը, եւ Դիտարան–ի ուսումնասիրական եւ պարզացուած հրատարակութիւններուն վերջին ութ թիւերը (կարգ մը լեզուներ բոլոր այս հրատարակութիւնները չունին)։ Պարբերաթերթի որոշ թիւ մը գտնելու համար, հետեւեալ քայլերուն հետեւէ.

  • Ցանկերուն մէջէն ընտրէ պարբերաթերթը եւ տարին։

  • Կտտացուր Փնռտել կոճակը։

 Տես հրատարակութեան մը բոլոր մատչելի ձեւաչափերը

Հրատարակութիւնները կարելի է տեսնել երկու տարբեր տեսքերով կամ ձեւերով. վանդակացանց եւ ցանկ։

Կտտացուր Վանդակացանց կոճակը հրատարակութիւնները ամփոփ ձեւով տեսնելու համար։ Հրատարակութիւնները ինքնաբերաբար այս կերպով կ’երեւին էջին մէջ։

Վանդակացանց տեսքը ցոյց կու տայ հրատարակութեան կողքը, բեռնելու կոճակները եւ իւրաքանչիւր հրատարակութեան վերնագիրը։ Նշիչը դիր բեռնելու կոճակի մը վրայ որպէսզի անոր բոլոր մատչելի ձեւաչափերը տեսնես (թուանշային կամ ձայնային)։

Տեսքը փոխելու համար կտտացուր Ցանկ տեսքը։

Ցանկ տեսքը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր հրատարակութեան բոլոր մատչելի ձեւաչափերը։

Կարգ մը հրատարակութիւններ մատչելի են Մեծատառ ձեւով։ Կտտացուր ֆայլի ձեւաչափ մը (օրինակ՝ PDF) եւ պիտի տեսնես շրջանակ մը, որուն մէջ բոլոր մատչելի տպագրութիւնները կ’երեւին։ Կտտացուր այն հրատարակութիւնը որ կ’ուզես բեռնել։

 Գտիր որոշ բովանդակութիւն ունեցող հրատարակութիւն մը

Եթէ հրատարակութիւն մը առցանց մատչելի է կարդալու համար, գործածէ Կայքին մէջ փնտռէ ընտրանքը, գտնելու համար յօդուած մը կամ գլուխ մը, որ որոշ բառեր կամ արտայայտութիւններ կը բովանդակէ։

Կտտացուր Փնտռել պատկերակը։ Գրէ բառեր կամ արտայայտութիւն մը, ապա կտտացուր Փնտռել կոճակը։ Եթէ քանի մը բառեր կամ արտայայտութիւններ գիտես այն հրատարակութենէն որ կը փնտռես, բոլորն ալ գրէ։ Ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ յօդուածը արդիւնքներուն մէջ սկիզբը երեւի։

Պրպտումը միայն հրատարակութեան յօդուածներուն սահմանափակելու համար, հետեւեալ քայլերուն հետեւէ.

  • Կտտացուր Մանրամասն փնտռել կամ Մանրամասն ընտրանքներ կապը։

  • Ստորոգութիւն վերնագրին տակ, ընտրէ Հրատարակութիւններ ընտրանքը։

  • Կտտացուր Փնտռել կոճակը։