Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Սուրբ Ծնունդի մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Սուրբ Ծնունդի մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը չի յիշեր Յիսուսի ծննդեան թուականը, ոչ ալ կ’ըսէ որ պէտք է տօնենք անոր ծնունդը։ Համայնագիտարանի մը համաձայն, «Աստուած չի պատուիրեր Սուրբ Ծնունդը տօնակատարել, ոչ ալ ատոր մասին գրուած է Նոր Կտակարանին մէջ» (McClintock and Strong’s Cyclopedia

 Իրականութեան մէջ, երբ Սուրբ Ծնունդին պատմութեան մասին պրպտես, պիտի տեսնես որ ատիկա հեթանոսական կրօնական արարողութիւններէ յառաջ եկած է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ եթէ Աստուած պաշտենք իր չուզած կերպերով, ան կը վիրաւորուի (Ելից 32։5-7

Սուրբ Ծնունդի հետ կապուած սովորութիւններու պատմութիւնը

  1.   Յիսուսին ծնունդը տօնել. «Առաջին դարու քրիստոնեաները [Յիսուսի] ծնունդը չտօնեցին, քանի որ անոնք կը սեպէին որ մէկու մը ծնունդը տօնելը հեթանոսական սովորութիւն է» (The World Book Encyclopedia

  2.   Դեկտեմբեր 25. Փաստ չկայ որ Յիսուս այդ օրը ծնաւ։ Կրօնական առաջնորդներ հաւանաբար այդ օրը ընտրեցին, որ համապատասխանէ հեթանոսական տօներու, որոնք կը տօնակատարուէին ձմեռնային արեւադարձին ժամանակ։

  3.   Նուէրներ տալ, ճաշկերոյթ եւ խնճոյք ընել. Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Սուրբ Ծնունդի շատ մը ուրախ սովորութիւններ եկած են Սատուրնալիայէն։ Սատուրնալիան հռոմէական տօն մըն է, որ կը տօնակատարուէր դեկտեմբերի կիսուն։ Օրինակ, այս տօնէն եկած է՝ ճոխ խնճոյքներ ընելը, նուէրներ տալը եւ մոմեր վառելը» (The Encyclopedia Americana)։ Համայնագիտարանը կը շարունակէ եւ կ’ըսէ, որ Սատուրնալիայի ժամանակ «ամէն տեսակ գործատեղ եւ առեւտուրի կեդրոն կը փակուէր»։

  4.   Սուրբ Ծնունդի լոյսեր. Համայնագիտարանի մը համաձայն, եւրոպացիները իրենց տուները կը զարդարէին «լոյսերով եւ ամէն տեսակ մշտադալար ծառերով», որ ձմեռնային արեւադարձը տօնեն եւ չար ոգիները վռնտեն» (The Encyclopedia of Religion

  5.   Մշտադալար ծառերու զարդարանք. «Դրուիդները [այսինքն՝ Բրիտանիոյ հին կելտական քուրմերը] կը կարծէին, որ ճագոմ կոչուած բոյսը (mistletoe) կախարդական ոյժ ունի։ Մշտադալար ժանտափուշը կամ փշարմաւը (holly) կը պաշտուէր որպէս արեւի վերադարձի խոստում» (The Encyclopedia Americana

  6.   Կաղանդի ծառը. «Ծառերու պաշտամունքը, որ սովորական եւ տարածուած բան էր հեթանոս եւրոպացիներուն մօտ, շարունակուեցաւ անոնց քրիստոնեայ դառնալէն ետք»՝ որոշ սովորութիւններ պահելով։ Օրինակ, այդ սովորութիւններէն մէկն էր՝ «ձմեռնային տօներուն ժամանակ, տօնածառ դնել տան մէջ կամ ատոր մուտքին մօտ» (Encyclopædia Britannica