Յիսուս ե՞րբ ծնաւ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչը չի յիշեր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան թուականը, ինչպէս որ այս աղբիւրները ցոյց կու տան.
«Քրիստոսի ծննդեան իսկական թուականը յայտնի չէ» (New Catholic Encyclopedia)։
«Քրիստոսի ծննդեան ճիշդ թուականը յայտնի չէ» (Encyclopedia of Early Christianity)։
Հակառակ անոր որ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Յիսուս ե՛րբ ծնաւ, ատիկա կը նկարագրէ երկու դէպքեր, որոնք կապ ունին իր ծննդեան հետ եւ որոնք շատերու օգնած են որ գան այն եզրակացութեան, թէ Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին չծնաւ։
Ձմեռը չծնաւ
Պաշտօնական արձանագրութիւն. Յիսուսի ծնունդէն քիչ առաջ, Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ, որ «բոլոր աշխարհ գրուի», այսինքն՝ պաշտօնապէս արձանագրուի։ Ամէն մարդ պէտք էր արձանագրուէր «իր քաղաքին մէջ»։ Ասիկա ընելու համար, ոմանք հաւանաբար մէկ շաբաթ կամ աւելի պէտք էր ճամբորդէին (Ղուկաս 2։1-3)։ Այդ հրամանը, որ հաւանաբար ելաւ տուրքեր հաւաքելու եւ պարտադիր զինուորագրութեան համար, ժողովուրդին հաշուին պիտի չգար տարուան որեւէ եղանակին։ Բայց անհաւանական է, որ Օգոստոս կայսրը իր ժողովուրդը աւելի՛ կատղեցներ, անոնց ստիպելով որ երկար ճամբորդութիւն ընեն ցուրտ ձմեռը։
Ոչխարներ։ «Հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին» (Ղուկաս 2։8)։ Գիրք մը կ’ըսէ, որ ոչխարները բացօթեայ տեղեր կը մնային «Պասեքէն [մարտի վերջը] մէկ շաբաթ առաջ մինչեւ նոյեմբերի կէսը»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Ոչխարները ձմեռը ցուրտէն պաշտպանուելու համար գոց տեղերու մէջ կը մնային։ Եւ միայն այս կէտէն յստակ կը դառնայ, թէ անհաւանական է որ Սուրբ Ծնունդի աւանդական թուականը ճիշդ ըլլայ, քանի որ Աւետարանները կ’ըսեն որ հովիւները դաշտն էին» (Daily Life in the Time of Jesus)։
Աշնան սկիզբը ծնաւ
Կրնանք գիտնալ թէ Յիսուս ե՛րբ ծնաւ եթէ դէպի ետ հաշուենք իր մահէն,– որ տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 33–ի գարնան Պասեքին օրը՝ նիսան 14–ին (Յովհաննէս 19։14-16)։ Յիսուս մօտ 30 տարեկան էր, երբ իր երեքուկէս տարուան ծառայութիւնը սկսաւ։ Ուրեմն, ան ծնաւ Ք.Ա. 2–ի աշնան սկիզբը (Ղուկաս 3։23)։
Ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը դեկտեմբեր 25–ին է
Եթէ փաստ չկայ որ Յիսուս Քրիստոս ծնաւ դեկտեմբեր 25–ին, ուրեմն ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը կը տօնուի դեկտեմբեր 25–ին։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ կրօնական առաջնորդներ հաւանաբար այդ թուականը ընտրեցին, «որ համապատասխանէ հեթանոսական հռոմէական տօնին՝ ‘անպարտելի արեւին տարեդարձին’, որ կը տօնուէր ձմեռնային արեւադարձին ժամանակ» (Encyclopædia Britannica)։ Ուրիշ համայնագիտարանի մը համաձայն, շատ մը ուսումնականներ կը հաւատան, որ ասոր նպատակն էր՝ «հեթանոս նորահաւատները քրիստոնէութեան քաշել» (The Encyclopedia Americana)։