ԱՌԱԿԱՑ 1։1-33
1 Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.
2 Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար,Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
3 Իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար,Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝
4 Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համարՈւ երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։
5 Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէՈւ հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։
6 Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար,Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։
ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ
7 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է,Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։
8 Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէՈւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր.
9 Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակԵւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։
10 Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն,Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։
11 Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր,Արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք,Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք,
12 Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջԳուբը իջնողներուն նման կլլենք.
13 Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենքՈւ մեր տուները աւարով լեցնենք,
14 Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ,Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։
15 Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար,Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ.
16 Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազենԵւ արիւն թափելու կ’արտորան։
17 Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւՊարապ տեղ վարմեր կը լարուին.
18 Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնենՈւ իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։
19 Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
20 Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէՈւ հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։
21 Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխըԵւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէՈւ քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ.
22 «Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք,Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանանՈւ յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։
23 Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ,Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։
24 Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել.Ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։
25 Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիքԵւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք։
26 Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմՈւ ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։
27 Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի,Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահիԵւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ,
28 Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ.Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել.
29 Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցինՈւ Տէրոջը վախը չընտրեցին։
30 Իմ խրատներս չուզեցինՈւ բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին,
31 Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտենՈւ իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։
32 Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէԵւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։
33 Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակիՈւ չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։