ԱՌԱԿԱՑ 20։1-30
20 Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չ’ըլլար։
2 Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս էՈւ զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։
3 Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է,Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։
4 Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր,Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։
5 Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է,Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։
6 Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն,Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։
7 Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստիԱնոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։
8 Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորըԻր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։
9 Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի,Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։
10 Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ*՝Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
11 Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնըԱնոր գործերէն կը հասկցուի։
12 Լսող ականջն ու տեսնող աչքը,Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։
13 Քունը մի՛ սիրեր, որպէս զի չաղքատանաս։Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։
14 Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ,Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։
15 Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի,Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։
16 Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին՝ զգեստը առԵւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն՝ գրաւ ա՛ռ։
17 Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է,Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։
18 Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի,Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։
19 Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ,Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։
20 Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ,Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։
21 Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի,Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։
22 «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր,Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։
23 Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ ենՈւ նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։
24 Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին,Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։
25 Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալըՄարդուն որոգայթ են։
26 Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէՈւ անիւը անոնց վրայ կը քշէ։
27 Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է,Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։
28 Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն,Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։
29 Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն էԵւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։
30 Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածներըՉար մարդուն* մաքրողական դեղ են։