Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 15։1-35
15 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Տէրը զիս իր Իսրայէլ ժողովուրդին վրայ քեզ թագաւոր օծելու ղրկեց, ուստի հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ’։
2 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միտքս բերի ինչ որ Ամաղէկ ըրաւ Իսրայէլի, անոր Եգիպտոսէն ելած ատենը՝ ճամբուն մէջ անոր դէմ դնելով։
3 Հիմա գնա՛ ու Ամաղէկը զա՛րկ։ Անոր բոլոր ունեցածը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛։ Անոր չխնայես։ Այր մարդէն մինչեւ կին մարդը ու տղայէն մինչեւ կաթնկերը, արջառէն մինչեւ ոչխարը եւ ուղտէն մինչեւ էշը մեռցո՛ւր’»։
4 Ուստի Սաւուղ ժողովուրդը կանչեց ու Տեղայիմի մէջ զանոնք համրեց, որոնք երկու հարիւր հազար հետեւակ զօրք էին, իսկ Յուդայեաններն ալ տասը հազար։
5 Եւ Սաւուղ Ամաղեկացիներու մէկ քաղաքը գնաց ու հեղեղատին մէջ դարանակալ կեցաւ։
6 Սաւուղ Կենեցիներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, զատուեցէ՛ք ու Ամաղեկացիներուն մէջէն իջէ՛ք, չըլլայ որ ձեզ անոնց հետ մէկտեղ զարնեմ. քանզի դուք բոլոր Իսրայէլի որդիներուն ողորմութիւն ըրիք՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը»։ Ուստի Կենեցիները Ամաղեկացիներու մէջէն զատուեցան։
7 Սաւուղ՝ Եւիլայէն մինչեւ Սուրը՝ Ամաղէկը զարկաւ
8 Ու Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ողջ բռնեց ու բոլոր ժողովուրդը սուրի բերնով ջարդեց։
9 Բայց Սաւուղ ժողովուրդին հետ Ագագը եւ ոչխարներուն ու արջառներուն աղէկներն ու գէրերը* եւ գառներն ու ամէն պատուական բաները խնայեցին եւ չուզեցին զանոնք ջարդել, միայն բոլոր անարգ ու անպիտան անասունները ջարդեցին։
ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ
10 Տէրոջը խօսքը Սամուէլին եղաւ՝ ըսելով.
11 «Սաւուղը թագաւոր ընելուս զղջացի, քանզի ինձմէ ետ դարձաւ ու իմ խօսքերս չկատարեց» Սամուէլ տրտմեցաւ ու բոլոր գիշերը Տէրոջը աղաղակեց։
12 Սամուէլ առաւօտուն կանուխ ելաւ, որպէս զի երթայ Սաւուղը դիմաւորէ։ Սամուէլին իմացուցին ու ըսին. «Սաւուղ Կարմեղոս եկաւ եւ իրեն համար յաղթութեան նշան* կանգնեցուց ու անկէ դառնալով անցաւ ու Գաղգաղա իջաւ»։
13 Սամուէլ Սաւուղին քով գնաց։ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս. Տէրոջը խօսքը կատարեցի»։
14 Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Հապա այդ ոչխարներուն ձայնը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որ իմ ականջիս կու գայ ու արջառներուն ձայնը որ ես կը լսեմ»։
15 Սաւուղ ըսաւ. «Զանոնք Ամաղեկացիներէն բերին. քանզի ժողովուրդը ամենէն աղէկ ոչխարներն ու արջառները ողջ թողուցին, որպէս զի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մատուցանեն, սակայն միւսները ջարդեցինք»։
16 Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Կեցիր որ քեզի պատմեմ ինչ որ Տէրը այս գիշեր ինծի խօսեցաւ»։ Ան ալ ըսաւ. «Խօսէ»։
17 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ահա դուն որ* քու աչքերուդ պզտիկ կ’երեւնայիր, Իսրայէլի ցեղերուն գլուխը եղար։ Տէրը քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց։
18 Տէրը քեզ ճամբայ մը ղրկեց՝ ըսելով. «‘Գնա՛ ու այն մեղաւոր Ամաղեկացիները նզովուածի պէս ջարդէ եւ անոնց դէմ պատերազմ ըրէ, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’։
19 Իսկ դուն ինչո՞ւ համար Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիր ու աւարին վրայ իյնալով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրիր»։
20 Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Ահա ես Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ըրի ու Տէրը զիս ո՛ր ճամբան որ ղրկեց, այն ճամբան գացի եւ Ամաղէկի թագաւորը Ագագը բերի ու Ամաղէկը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրի։
21 Սակայն ժողովուրդը այն աւարէն ոչխարներ ու արջառներ առաւ, նզովուածներէն ամենէն աղէկները, որպէս զի զանոնք Գաղգաղայի մէջ քու Տէր Աստուծոյդ զոհ ընեն»։
22 Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։
23 Քանզի ապստամբութիւնը կախարդութեան մեղքին պէս ու կամակորութիւնը կռապաշտութեան պէս* է. որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, անիկա ալ քեզ մերժեց, որպէս զի թագաւոր չըլլաս»։
24 Եւ Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Մեղք գործեցի, որ Տէրոջը հրամանը ու քու խօսքերդ զանց ըրի, քանզի ժողովուրդէն վախնալուս համար անոնց խօսքին մտիկ ըրի։
25 Ու հիմա կ’աղաչեմ, իմ յանցանքս ներէ եւ ինծի հետ դարձիր, որպէս զի Տէրոջը երկրպագութիւն ընեմ»։
26 Եւ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ես քեզի հետ չեմ դառնար. քանզի դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, Տէրն ալ քեզ մերժեց՝ որպէս զի Իսրայէլի վրայ թագաւոր չըլլաս»։
27 Ու Սամուէլ դարձաւ որ Սաւուղին քովէն երթայ. բայց անիկա անոր վերարկուին ծայրէն բռնեց, որ պատռեցաւ։
28 Այն ատեն Սամուէլ անոր ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց ու զանիկա քեզմէ աղէկ եղող ընկերիդ տուաւ։
29 Իսրայէլի Ապաւէնը սուտ չի խօսիր ու չի զղջար. քանզի անիկա մարդ չէ՝ որ զղջայ»։
30 Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. կ’աղաչեմ, հիմա իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ զիս պատուէ՛ եւ ինծի հետ դարձի՛ր, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընեմ»։
31 Սամուէլ Սաւուղին ետեւէն դարձաւ եւ Սաւուղ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։
32 Ետքը Սամուէլ ըսաւ. «Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ինծի բերէք»։ Ագագ քնքշութեամբ անոր մօտեցաւ եւ Ագագ ըսաւ. «Անշուշտ մահուան դառնութիւնը անցած է»։
33 Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Ինչպէս քու սուրդ կիները անզաւակ թողուց, նոյնպէս քու մայրդ կիներուն մէջ անզաւակ պիտի մնայ»։ Սամուէլ Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ կտոր կտոր ըրաւ Ագագը։
34 Սամուէլ Ռամա գնաց ու Սաւուղ իր տունը՝ Սաւուղի Գաբաան ելաւ։
35 15։34 Սամուէլ մինչեւ իր մահուան օրը անգամ մըն ալ Սաւուղը չտեսաւ, բայց Սամուէլ Սաւուղին համար սուգ կ’ընէր, քանզի Տէրը Սաւուղը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելուն զղջաց։
Ստորանիշներ
^ 15։9 Կամ, երկրորդականները
^ 15։12 Եբր., ձեռք
^ 15։17 Եբր., թէեւ
^ 15։23 Եբր., ունայնութիւն ու թերափիմ