Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7։1-17

7  Եւ Կարիաթարիմի մարդիկը գացին ու Տէրոջը տապանակը անկէ առին եւ զանիկա տարին Աբինադաբին տունը, որ բլուրին վրայ էր ու անոր որդին Եղիազարը որոշեցին* որպէս զի Տէրոջը տապանակին պահպանութիւնը ընէ։  Եւ տապանակը Կարիաթարիմի մէջ դրուած օրէն շատ օրեր անցան, մօտաւորապէս քսան տարի եւ Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը ետեւէն հառաչեցին։ ՍԱՄՈՒԷԼ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ԿԱՌԱՎԱՐԷ  Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր տանը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եթէ դուք ձեր բոլոր սրտովը Տէրոջը դարձեր էք, ձեր մէջէն օտար աստուածներն ու Աստարովթը վերցուցէ՛ք եւ ձեր սրտերը Տէրոջը պատրաստեցէ՛ք ու միայն զանիկա պաշտեցէք ու անիկա Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։  Իսրայէլի որդիները Բահաղիմն ու Աստարովթը վերցուցին ու միայն Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։  Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը Մասփայի մէջ հաւաքեցէք, որպէս զի ձեզի համար Տէրոջը աղօթք ընեմ»։  Բոլորը Մասփայի մէջ հաւաքուեցան ու ջուր քաշեցին եւ Տէրոջը առջեւ թափեցին։ Այն օրը ծոմ բռնեցին եւ ըսին. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք»։ Սամուէլ Մասփայի մէջ Իսրայէլի որդիներուն դատաւորութիւն կ’ընէր։  Երբ Փղշտացիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփայի մէջ հաւաքուեր են, իրենց նախարարները Իսրայէլի դէմ ելան։ Իսրայէլի որդիները այս լսելով՝ Փղշտացիներուն երեսէն վախցան։  Եւ Իսրայէլի որդիները Սամուէլին ըսին. «Անդադար մեր Տէր Աստուծոյն աղաղակէ մեզի համար, որպէս զի մեզ Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ»։  Սամուէլ կաթնկեր գառնուկ մը առաւ ու զանիկա ողջակէզ ըրաւ Տէրոջը եւ Իսրայէլի համար Տէրոջը աղաղակելով աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր պատասխան տուաւ։ 10  Երբ Սամուէլ ողջակէզը կը մատուցանէր, Փղշտացիները մօտեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խռովեցուց ու Իսրայէլի առջեւէն փախան։ 11  Իսրայէլի մարդիկը Մասփայէն ելլելով Փղշտացիները հալածեցին ու մինչեւ Բեթքովրի տակ զանոնք կոտորեցին։ 12  Այն ատեն Սամուէլ քար մը առաւ եւ Մասփայի ու Սենի մէջտեղ կանգնեցուց ու անոր անունը Աբենեզեր* կոչեց, ըսելով. «Տէրը մինչեւ այստեղ մեզի օգնեց»։ 13  Փղշտացիները կորագլուխ եղան ու անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմանը չմտան եւ Սամուէլի բոլոր օրերը Տէրոջը ձեռքը Փղշտացիներուն վրայ էր։ 14  Փղշտացիները Իսրայէլէն որչափ քաղաքներ որ առեր էին, Ակկարոնէն մինչեւ Գէթ, բոլորն ալ Իսրայէլին վերադարձուեցան ու Իսրայէլ անոնց սահմանները Փղշտացիներու ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ։ 15  Սամուէլ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը դատեց։ 16  Ամէն տարի Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա կ’երթար կը պտըտէր եւ բոլոր այն տեղերը Իսրայէլը կը դատէր։ 17  Անկէ Ռամա կը դառնար, քանզի իր տունը հոն էր եւ հոն կը դատէր Իսրայէլը ու հոն Տէրոջը սեղան շինեց։

Ստորանիշներ

7։1 Եբր., սրբեցին
7։12 Այսինքն, օգնութեան քար