Բ. ՕՐԻՆԱՑ 18։1-22
18 «Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի բոլոր ցեղը, Իսրայէլի հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենան. Տէրոջը պատարագներն ու անոր ողջակէզները պիտի ուտեն,
2 Քանի որ անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան։ Անոնց ժառանգութիւնը Տէրը ինքն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։
3 «Այս պիտի ըլլայ քահանաներուն իրաւունքը։ Երբ ժողովուրդը զոհ մատուցանեն, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, թեւը, ծնօտներն ու քաղիրթը քահանային պիտի տրուին։
4 Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ երախայրիները ու նաեւ ոչխարներուդ առաջին բուրդը անոր պիտի տաս,
5 Վասն զի քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր ցեղերուդ մէջէն զանիկա ընտրեց, որպէս զի միշտ Տէրոջը անուան ծառայութիւն ընեն ինք ու իր որդիները։
6 «Ու երբ Ղեւտացի մը քու քաղաքներէդ մէկէն՝ այսինքն բոլոր Իսրայէլի մէջ իր պանդխտացած տեղէն՝ ելլէ ու իր սրտին բուռն փափաքովը Տէրոջը ընտրած տեղը գայ,
7 Այն ատեն հոն՝ Տէրոջը առջեւ կեցող բոլոր իր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս՝ իր Տէր Աստուծոյն անուան ծառայութիւն ընէ.
8 Ու միւսներուն հետ հաւասար բաժին պէտք է առնէ, իր հօրենական ժառանգութեանը գիներէն* զատ։
ԿՌԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
9 «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, այն ազգերուն գարշելի գործերուն պէս ընել մի՛ սորվիր։
10 Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բախտ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ.
11 Նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի.
12 Վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։
13 Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կատարեալ եղի՛ր.
14 Վասն զի այն ազգերը, որոնց դուն պիտի տիրես, գուշակներուն ու բախտ նայողներուն մտիկ կ’ընեն. բայց քու Տէր Աստուածդ քեզի այսպէս ընել չ’արտօներ։
ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ՂՐԿԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ
15 «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն* ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք.
16 Ինչպէս Քորեբ լեռը ժողովին օրը քու Տէր Աստուծմէդ խնդրեցիր՝ ըսելով. ‘Իմ Տէր Աստուծոյս ձայնը անգամ մըն ալ չլսեմ ու այս մեծ կրակը անգամ մըն ալ չտեսնեմ, որպէս զի չմեռնիմ’։
17 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ըսած խօսքերնին շիտակ է.
18 Քեզի պէս մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ
19 Եւ ով որ մտիկ չընէ խօսքերուս, որոնք անիկա իմ անունովս պիտի խօսի, այն մարդէն ես վրէժս պիտի առնեմ։
20 «Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ չպատուիրած խօսքս իմ անունովս ըսել, այն մարգարէն պէտք է մեռցուի’։
21 «Եթէ դուն քու սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Տէրոջը չխօսած բանը ի՛նչպէս գիտնանք’,
22 Եթէ մարգարէ մը Տէրոջը անունովը բան մը ըսէ ու երբ այն բանը իրօք չկատարուի, ըսել է Տէրոջը խօսքը չէր, այլ մարգարէն յանդգնութեամբ ըսեր է։ Անկէ մի՛ վախնար»։