Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 24։1-20

24  Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը բարձրացաւ ու Յովակիմ երեք տարի անոր ծառայ եղաւ ու ետքը անոր դէմ ապստամբեցաւ։  Տէրը անոր վրայ Քաղդէացիներու գունդեր ու Ասորացիներու գունդեր եւ Մովաբացիներու գունդեր ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց։ Զանոնք Յուդայի վրայ ղրկեց, որպէս զի զանիկա կործանէ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով խօսեր էր։  Իրաւցնէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդային, որպէս զի զանիկա իր առջեւէն հեռացնէ՝ Մանասէին ըրած բոլոր մեղքերուն համար։  Նաեւ անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ուստի Տէրը չուզեց որ ներէ։  Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։  Ու Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ իր որդին Յովաքին* թագաւոր եղաւ։  Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետքը անգամ մըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանզի Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի հեղեղատէն մինչեւ Եփրատ գետը՝ Եգիպտոսի թագաւորին բոլոր ունեցածը գրաւեր էր։ ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՅՈՎԱՔԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36։9, 10)  Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Նեհուսթա էր, որ Երուսաղէմացի Եղնաթանի աղջիկն էր։  Անիկա իր հօրը բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 10  Այն ատեն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները Երուսաղէմ եկան ու քաղաքը պաշարեցին։ 11  Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին վրայ եկաւ, երբ իր ծառաները զանիկա պաշարեցին։ 12  Յուդայի թագաւորը Յովաքին իր մօրն ու իր ծառաներուն եւ իշխաններուն ու ներքինիներուն հետ Բաբելոնի թագաւորին դէմ գնաց։ Բաբելոնի թագաւորը իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին զանիկա բռնեց։ 13  Անկէ Տէրոջը տանը բոլոր գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը հանեց ու կոտրտեց այն ամէն ոսկեղէն անօթները, որոնք Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը Տէրոջը տաճարին համար շիներ էր՝ Տէրոջը ըսածին համեմատ։ 14  Բոլոր Երուսաղէմը ու բոլոր իշխանները եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը, տասը հազար գերի ու բոլոր հիւսներն ու դարբինները քշեց տարաւ։ Երկրին ժողովուրդներէն աղքատներէն զատ մարդ չմնաց։ 15  Յովաքինը Բաբելոն փոխադրեց ու թագաւորին մայրն ու թագաւորին կիները եւ անոր ներքինիներն ու երկրին զօրաւորները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ։ 16  Բոլոր զօրաւոր մարդիկը եօթը հազար մարդ ու հազար հիւսն ու դարբին, որոնց ամէնքն ալ պատերազմող կտրիճներ էին։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք Բաբելոն գերի տարաւ։ 17  Բաբելոնի թագաւորը Յովաքինին տեղը անոր հօրեղբայրը Մաթանիան թագաւոր ըրաւ ու անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց։ ՅՈՒԴԱՅԻ ՍԵԴԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36։11, 12. Երեմ. 52։1-3ա) 18  Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 19  Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 20  Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ էր, մինչեւ որ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։

Ստորանիշներ

24։6 Կ’ըսուի Յեքոնիա