ԵՍԱՅԵԱՅ 30։1-33

30  «Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ ՏէրըՈրոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համարԽորհուրդ կ’ընեն, բայց ինձմով չէ.Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ.   Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելուԿ’երթան Եգիպտոս կ’իջնեն,Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելուՈւ Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։   Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթՈւ Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ,   Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացինՈւ դեսպանները Հանէս հասան։   Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով,Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ,Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։   Ահա բեռ կրող անասունները* դէպի հարաւ՝Նեղութեան ու վիշտերու,Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի,Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ’երթան.Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայՈւ իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանինԱյնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։   Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն։Անոր համար զինք «Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ   Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛,Որպէս զի ապագայինՅաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։   Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է,Ստախօս տղաքներ ենՈւ այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր, 10  Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք»,Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք.Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք,Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք, 11  Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք,Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք,Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։ 12  Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ’ըսէ.«Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիքԵւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝ 13  Անոր համար այս անօրէնութիւնըԲարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղողՈւռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի,Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։ 14  Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ.Պիտի փշրէ ու չխնայէ։Անոր կտորուանքներուն մէջԿրակարանէն կրակ առնելուԿամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։ 15  Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ.«Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք,Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։Բայց դուք չուզեցիք, 16  Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։Անոր համար պիտի փախչիք։«Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք,Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։ 17  Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ,Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք.Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէսՈւ բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։ 18  Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէՈւ պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի.Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆԷ 19  Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս,Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմիԵւ քեզի պատասխան պիտի տայ։ 20  Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ,Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան,Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։ 21  Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս,Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ.«Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ 22  Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցներըՈւ ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես,Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։ 23  Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւՈւ երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայԵւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։ 24  Երկիրը գործող եզներն ու էշերըԹիով ու հեծանոցով հոսածՄաքուր կերակուր* պիտի ուտեն։ 25  Մեծ կոտորածին օրը,Աշտարակներուն կործանման ատենը,Ամէն բարձր լերան վրայԵւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայԳետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։ 26  Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վէրքը պատէՈւ անոնց հարուածին խոցը բժշկէ,Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէսՈւ արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելիՈւ եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ 27  Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած ենՈւ լեզուն մաշող կրակի պէս է։ 28  Անոր հոգին յորդահոս գետի պէսՄինչեւ պարանոցը պիտի հասնի,Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէԵւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։ 29  Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաքՈւ Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համարՍրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք։ 30  Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայՈւ իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը,Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերովԻր երկնցած բազուկը* պիտի ցուցնէ։ 31  Վասն զի գաւազանով զարնող ԱսորեստանցինՏէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի 32  Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած*,Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ,Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։ 33  Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ,Զանիկա խորունկցուց ու լայնցուց,Ան դիզած է կրակ ու փայտ։Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։

Ստորանիշներ

30։6 Եբր., անասուններու բեռը
30։24 Կամ, շաղուածք
30։30 Եբր., բազուկին իջնելը
30։32 Եբր., անցքը