ԵՍԱՅԵԱՅ 41։1-29
41 Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն,Թող մօտենան ու ապա խօսին։Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։
2 Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեցԵւ զայն իր ոտքը կանչեց։Ազգերը անոր առջեւը բերաւԵւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց,Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւԵւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։
3 Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւԱյնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։
4 Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողըՈւ ազգերը սկիզբէն կանչողը։Ես, Տէրս, որ առաջինն եմՈւ վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
5 Կղզիները տեսան ու վախցան,Երկրին ծայրերը դողացին,Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։
6 Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց,Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։
7 Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին,Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայՈւ կ’ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։
8 Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւԻմ ընտրեալս Յակո՛բ,Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը,
9 Որ երկրի ծայրերէն առի,Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցիԵւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես,Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
10 Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ.Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ.Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմՈւ իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
11 Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողներըՊիտի ամչնան ու պիտի պատկառինՈւ քեզի հետ վիճող մարդիկըՉեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
12 Քեզի հետ կռուող մարդիկըՊիտի փնտռես ու պիտի չգտնես.Քեզի հետ պատերազմող մարդիկըՉեղածի պէս պիտի ըլլան։
13 Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ,Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ.«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
14 Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար,Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ,Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ ՏէրըՈւ Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
15 Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։Լեռները պիտի մանրես ու փշրեսԵւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես.
16 Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանիԵւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէՈւ դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս,Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։
17 Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ.Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է.Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
18 Բարձր տեղերու վրայ՝ գետերՈւ հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ.Անապատը՝ ջուրի լճիՈւ չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
19 Անապատին մէջ եղեւին,Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ,Անջուր երկրին մէջ մայրի,Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ,
20 Որպէս զի տեսնեն ու գիտնանՈւ մէկտեղ մտածեն ու հասկնան,Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւՈւ Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ
21 «Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ’ըսէ Տէրը.«Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ’ըսէ Յակոբին Թագաւորը։
22 Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն.Առաջինները մեզի յայտնեն թէ անոնք ի՛նչ էին,Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք,Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։
23 Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք,Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք.Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք,Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։
24 Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։Ձեզ ընտրողը գարշելի է։
25 Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցիԵւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէԵւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ,Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։
26 Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանքՈւ առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք.Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մըԵւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։
27 Առաջ ես զայն ըսի ՍիօնինՈւ Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։
28 Եւ նայեցայ ու մարդ մը չկար,Բնաւ խորհրդական մը չկար,Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։
29 Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է.Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։