ԵՍԱՅԵԱՅ 60։1-22
60 Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւՈւ Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։
2 Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրըՈւ մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ,Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագիԵւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։
3 Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գանԵւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։
4 Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛.Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գանԵւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։
5 Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանասՈւ սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ,Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ,Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
6 Ուղտերուն երամակը եւՄադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան,Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերենԵւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։
7 Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուինՈւ Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։
8 Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէսՈւ դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։
9 Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերըԻնծի համար պատրաստ պիտի ըլլան,Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդԵւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն,Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համարՈւ Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։
10 Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինենՈւ անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն,Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի,Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։
11 Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան,Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին,Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքըԵւ անոնց թագաւորները բերուին*։
12 Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուինՈւ բոլորովին պիտի կործանին։
13 Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ,Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝Իմ սրբարանս զարդարելու համար։Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։
14 Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքներըԾռելով քեզի պիտի գան։Բոլոր քեզ անարգողներըՔու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։Քեզ Տէրոջը քաղաքը,Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։
15 Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղարԵւ քեզմէ անցնող չեղաւ,Քեզ՝ յաւիտենական փառքՈւ ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։
16 Ազգերուն կաթը պիտի ծծես,Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծեսԵւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու ԱզատիչդՈւ Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։
17 Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ,Երկաթի տեղ՝ արծաթ,Փայտերու տեղ՝ պղինձ,Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն,Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։
18 Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւնԵւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ,Հապա քու պարիսպներդ՝ ՓրկութիւնՈւ դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։
19 Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայՈւ գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ.Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյսԵւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։
20 Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարիՈւ քու լուսինդ պիտի չնուազի.Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայԵւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։
21 Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայՈւ երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
22 Քիչուորը՝ հազարաւորՈւ պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ.Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։
Ստորանիշներ
^ 60։11 Կամ, հանդէսով գան