ԶԱՔԱՐԵԱՅ 11։1-17

11  Դռներդ բա՛ց, ո՛վ Լիբանան,Որ կրակը քու եղեւիններդ ուտէ։   Մայրի ծառը թող ողբայ,Քանզի եղեւինը ինկաւ,Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան։Բասանի կաղնիները թող ողբան,Քանզի անմատչելի անտառը կտրուեցաւ*։   Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի,Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ։Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի,Քանզի Յորդանանի շքեղութիւնը յափշտակուեցաւ։ ԵՐԿՈՒ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ   Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ.«Մորթուելու ոչխարները արածէ,   Զանոնք՝ որ ծախու առնողները կը մորթենՈւ յանցաւոր չեն սեպուիր։Զանոնք ծախողները կ’ըսեն.‘Տէրը օրհնեալ ըլլայ, որ հարստացայ’։Անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին։   Քանզի անգամ մըն ալ ես երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ, կ’ըսէ Տէրը։Ահա ես ամէն մարդ իր ընկերին ձեռքըՈւ իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ։Երկիրը պիտի զարնեն,Անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ»։   Մորթուելու ոչխարները,Այո՛, հօտին խեղճերը, արածեցի։Ինծի երկու գաւազան առի,Մէկուն անունը ԳեղեցկութիւնՈւ միւսին անունը Կապեր դրի։Ոչխարները արածեցի։   Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ փոխեցի,Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւԵւ անոնց հոգին ալ ինձմէ զզուեցաւ։   Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ։Մեռնողը թող մեռնի,Կոտորուողը թող կոտորուիԵւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։ 10  Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի եւ զանիկա կոտրեցի,Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ։ 11  Ու նոյն օրը աւրուեցաւ։Ինծի սպասող հօտին խեղճերըՀաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջը գործն է։ 12  Անոնց ըսի.«Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւնայ, իմ վարձքս տուէք,Ապա թէ ոչ՝ զանց ըրէք»։Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։ 13  Տէրը ինծի ըսաւ.«Զանիկա բրուտին* նետէ։Ասիկա վայելուչ գին մըն է,Որ անոնք ինծի համար կտրեցին»։Երեսուն արծաթը առի,Զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի։ 14  Ետքը կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի,Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ։ 15  Տէրը ինծի ըսաւ.«Քեզի նորէն անարժէք հովիւի մը գործիքները ա՛ռ. 16  Քանզի ահա ես երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ,Որը կորսուելու վրայ եղողներուն հոգ պիտի չտանի։Ցրուածը պիտի չփնտռէ,Կոտրածը պիտի չբժշկէ,Ողջը* պիտի չսնուցանէ,Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէՈւ անոնց կճղակները պիտի խորտակէ։ 17  Վա՜յ ունայնութեան հովիւին, որ հօտը կը լքէ.Սուրը անոր բազուկը ու աջ աչքը պիտի զարնէ,Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայՈւ աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի»։

Ստորանիշներ

11։2 Եբր., իջաւ
11։13 Կամ, գանձատունը
11։16 Կամ, ետ մնացածը