ԹՈՒՈՑ 12։1-16

12  Մարիամ ու Ահարոն Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ անոր առած Եթովպիացի կնոջը համար, քանզի անիկա Եթովպիացի կին առեր էր  Ու ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Տէրը լսեց։  Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։  Իսկոյն Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու Մարիամին. «Դուք երեքդ ալ վկայութեան խորանը ելէ՛ք»։ Երեքն ալ ելան։  Եւ Տէրը ամպին սիւնովը իջաւ ու խորանին դուռը կեցաւ եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց։ Անոնք երկուքն ալ ելան։  Եւ Տէրը ըսաւ անոնց. «Հիմա իմ խօսքս լսեցէ՛ք։ Եթէ ձեզմէ մէկը մարգարէ ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցնեմ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։  Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է.  Անոր հետ բերնէ բերան, յայտնապէս կը խօսիմ եւ ոչ թէ առակով ու անիկա Տէրոջը կերպարանքը կը տեսնէ. ուստի իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք»։  Եւ Տէրոջը բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ ու Ինք գնաց։ 10  Եւ ամպը հեռացաւ վկայութեան խորանէն ու ահա Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամին նայեցաւ եւ ահա անիկա բորոտ էր։ 11  Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, մեզ մի՛ պատժեր մեր ըրած յիմարութեանը համար։ Մեղք գործեցինք։ 12  Մարիամը թող չնմանի այն մեռած տղուն, որ իր մօրը արգանդէն ելած ատենը անոր մարմնին կէսը սպառուած է»։ 13  Մովսէս աղաչեց Տէրոջը՝ ըսելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ Աստուած, բժշկէ՛ զանիկա»։ 14  Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնելու ըլլար, եօթը օր պիտի չամչնա՞ր. թող անիկա եօթը օր բանակէն դուրս գոցուած պահուի ու անկէ յետոյ ընդունուի»։ 15  Մարիամ բանակէն դուրս եօթը օր գոցուած մնաց ու ժողովուրդը չչուեց մինչեւ Մարիամին ընդունուիլը։ 16  13։1 Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։

Ստորանիշներ