ԹՈՒՈՑ 18։1-32

18  Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ եւ հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։  Եւ քու հօրդ սերունդէն, այսինքն Ղեւիին սերունդէն եղող քու եղբայրներդ մօտեցո՛ւր, որպէս զի քեզի հետ միանան ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն, երբ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջեւ ըլլաք։  Եւ քեզ ու բոլոր խորանը պիտի պահեն, բայց սրբարանին անօթներուն ու սեղանին պէտք չէ մօտենան, որպէս զի ո՛չ իրենք մեռնին՝ ո՛չ ալ դուք։  Անոնք ձեզի հետ պիտի միանան ու վկայութեան խորանը պիտի պահեն, խորանին բոլոր ծառայութիւնները պիտի ընեն, բայց ոեւէ օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի։  Սրբարանն ու սեղանը պիտի պահէք, որպէս զի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ։  Ահա Իսրայէլի որդիներէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջը համար, որպէս զի վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընեն։  Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին պատկանած բոլոր բաներուն եւ վարագոյրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք ու պաշտամունքը կատարէք։ Քահանայութիւնը ձեզի իբր պարգեւ տուի եւ ոեւէ մօտեցող օտարական պիտի մեռցուի»։  Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին. «Ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն եւ ինծի տրուած ընծաներուն պահպանութիւնը քեզի յանձնեցի եւ անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի եւ քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով։  Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն, որ չեն այրուիր*. անոնց բոլոր հացի ընծաներուն, անոնց բոլոր մեղքի պատարագներուն եւ անոնց բոլոր յանցանքի պատարագներուն ընծաները, որոնք ինծի պիտի մատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար։ 10  Ամենասուրբ տեղին մէջ պէտք է ուտես զայն. ամէն արու կրնայ ուտել զայն. անիկա սուրբ է քեզի։ 11  Այս ալ քուկդ է՝ իրենց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 12  Ամենէն աղէկ իւղին եւ ամենէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի տուի։ 13  Անոնց երկրին մէջ եղած բոլոր բերքերուն երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 14  Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բան քուկդ պիտի ըլլայ։ 15  Ամէն մարմնի արգանդ բացողը, որ Տէրոջը կ’ընծայեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը անշուշտ պիտի փրկես եւ անմաքուր անասունին անդրանիկն ալ պիտի փրկես։ 16  Ու երբ փրկուող տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի գնով* պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է։ 17  Բայց կովուն անդրանիկը եւ ոչխարին անդրանիկը կամ այծին անդրանիկը պէտք չէ փրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պէտք է սրսկես ու անոնց ճարպը այրես Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու 18  Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելու երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։ 19  Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»։ 20  Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ»։ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ 21  Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում, վկայութեան խորանին ծառայութեան համար։ 22  Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ վկայութեան խորանին թող չմօտենան, որպէս զի մեղք չգործեն ու չմեռնին։ 23  Վկայութեան խորանին ծառայութիւնը Ղեւտացիները պիտի ընեն ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։ 24  Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, որոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. այս պատճառով անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան»։ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՍԱՆՈՐԴԸ 25  Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26  «Այսպէս խօսէ Ղեւտացիներուն ու ըսէ՛ անոնց. ‘Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդ առնէք, որ անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն այդ տասանորդին մէկ տասներորդ մասը իբր բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ 27  Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս եւ հնձանի բերքի պէս թող սեպուի ձեզի։ 28  Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր առած բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը։ Անոնցմէ Տէրոջը համար ունեցած բարձրացնելու ընծան Ահարոն քահանային պիտի տաք։ 29  Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն իբր Տէրոջը բարձրացնելու ընծայ՝ անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պէտք է մատուցանէք’։ 30  Ուստի պիտի ըսես անոնց. ‘Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս ու հնձանի արդիւնքի պէս թող մնայ Ղեւտացիներուն։ 31  Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի վկայութեան խորանին մէջ ձեր ընելու ծառայութեան փոխարէն ձեր վարձքն է այն։ 32  Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները մի՛ պղծէք, որպէս զի չմեռնիք’»։

Ստորանիշներ

18։9 Եբր., կրակէն
18։16 Եբր., քու գնահատած գնով