ԹՈՒՈՑ 30։1-16

30  Մովսէս Իսրայէլի որդիներու ցեղերու իշխաններուն խօսեցաւ՝ ըսելով.  «Տէրոջը պատուիրածը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ։  Կամ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ  Եւ անոր հայրը անոր ուխտն ու խոստումը լսէ եւ անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու անոր բոլոր խոստումներն ալ պիտի հաստատուին։  Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերն ու խոստումները անվաւեր պիտի ըլլան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը անոր հակառակած էր։  Կամ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն ելած խոստումը անխորհուրդ խօսք մը եղած ըլլալով ամուսնանայ  Ու անոր այրը լսէ եւ լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու իր խոստումները պիտի հաստատուին։  Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտն ու շրթունքներուն անխորհուրդ խօսքը որով խոստացեր էր՝ անվաւեր կը դառնան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։  Բայց որբեւայրիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր խոստումը հաստատ պիտի մնայ։ 10  Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած կամ երդումով խոստացած էր 11  Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր եւ հակառակած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու խոստումները հաստատ պիտի մնան։ 12  Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու խոստումի համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։ 13  Կնոջ մը ամէն ուխտ ու անձը խոնարհեցնելու համար խոստումի երդում անոր այրը կրնայ հաստատել կամ կրնայ խափանել։ 14  Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն ամէն ուխտերն ու խոստումները հաստատուած կ’ըլլան, քանի որ բան մը ըսած չէր։ 15  Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։ 16  Էրկան մը եւ անոր կնոջ մէջտեղ եւ հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։

Ստորանիշներ