ԾՆՆԴՈՑ 47։1-31
47 Յովսէփ եկաւ ու պատմեց Փարաւոնին ու ըսաւ. «Իմ հայրս ու եղբայրներս եւ անոնց հօտերն ու արջառները եւ անոնց բոլոր ունեցածը եկան Քանանի երկրէն եւ ահա Գեսեմի երկիրն են»։
2 Իր եղբայրներէն հինգ մարդ առաւ ու զանոնք Փարաւոնին ներկայացուց։
3 Փարաւոն ըսաւ անոր եղբայրներուն. «Ի՞նչ է ձեր արհեստը»։ Եւ անոնք Փարաւոնին ըսին. «Քու ծառաներդ հովիւներ ենք, մենք ալ, մեր հայրերն ալ»։
4 Նաեւ ըսին Փարաւոնին. «Այս երկրին մէջ պանդխտանալու եկանք. վասն զի Քանանի երկրին մէջ սովին սաստկանալուն համար, քու ծառաներուդ հօտերուն արածելիք չկայ, ուստի հիմա կ’աղաչենք, թող ծառաներդ Գեսեմի երկրին մէջ բնակին»։
5 Փարաւոն խօսեցաւ Յովսէփին՝ ըսելով. «Քու հայրդ ու եղբայրներդ քեզի եկան.
6 Եգիպտոսը առջեւդ է. քու հայրդ ու եղբայրներդ երկրին ամենէն աղէկ տեղը բնակեցուր. Գեսեմի երկրին մէջ թող բնակին եւ եթէ անոնց մէջ ճարպիկ մարդիկ կան, զանոնք իմ հօտերուս վրայ վերակացու ըրէ»։
7 Յովսէփ իր հայրը բերաւ ու Փարաւոնին առջեւ հանեց։ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը։
8 Փարաւոն ըսաւ Յակոբին. «Քու կեանքիդ տարիներուն օրերը ո՞րչափ են»։
9 Եւ Յակոբ ըսաւ Փարաւոնին. «Իմ պանդխտութեանս տարիներուն օրերը հարիւր երեսուն տարի են. իմ կեանքիս տարիներուն օրերը քիչ ու ցաւով եղան ու իմ հայրերուս պանդխտութեան օրերուն մէջ եղած իրենց կեանքին տարիներուն օրերուն չհասան»։
10 Եւ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը ու դուրս ելաւ Փարաւոնին առջեւէն։
11 Յովսէփ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ կողմը, Ռամսէսի երկրին մէջ, բնակեցուց իր հայրն ու եղբայրները եւ անոնց կալուածք տուաւ, ինչպէս Փարաւոն հրամայեր էր։
12 Յովսէփ իր հայրն ու եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը անոնց ընտանիքներուն համեմատ հացով կը սնուցանէր։
13 Բոլոր երկրին մէջ հաց չկար, վասն զի սովը խիստ սաստկացաւ ու Եգիպտոսի երկիրը եւ Քանանի երկիրը սովին պատճառաւ նուաղեցան։
14 Յովսէփ պաշար ծախու առնողներէն՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Քանանի երկրին մէջ գտնուած բոլոր ստակը հաւաքեց եւ Փարաւոնին տունը տարաւ ստակը։
15 Երբ Եգիպտոսի ու Քանանի ստակը հատաւ, բոլոր Եգիպտացիները եկան Յովսէփին ու ըսին. «Մեզի հաց տուր։ Ստակ չըլլալուն համար ինչո՞ւ մեռնինք քու առջեւդ»։
16 Յովսէփ ըսաւ. «Ձեր անասունները բերէք եւ եթէ ստակ չկայ, ձեր անասուններուն փոխարէն տամ ձեզի»։
17 Անոնք իրենց անասունները Յովսէփին բերին եւ Յովսէփ հաց տուաւ անոնց՝ ձիերուն փոխարէն ու ոչխարներուն փոխարէն եւ արջառներուն փոխարէն ու էշերուն փոխարէն եւ այն տարին զանոնք հացով կերակրեց իրենց բոլոր անասուններուն փոխարէն։
ՍՈՎԸ
18 Եւ երբ լմնցաւ այն տարին, հետեւեալ տարին եկան անոր ու ըսին. «Մեր տիրոջմէն չենք պահեր որ ստակը հատաւ եւ մեր անասուններն ալ մեր տիրոջը եղան. ալ բան մը չմնաց մեր տիրոջը առջեւ, բացի մեր անձերն ու երկիրը։
19 Ինչո՞ւ համար քու աչքիդ առջեւ մեռնինք մենք ու մեր երկիրը։ Մեզ ու մեր երկիրը հացով ծախու առ եւ մենք մեր երկիրովը Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք եւ սերմ տուր մեզի որպէս զի ապրինք ու չմեռնինք եւ երկիրը ամայի չըլլայ»։
20 Յովսէփ բոլոր երկիրը Փարաւոնին համար ծախու առաւ, քանզի Եգիպտացիներու վրայ սովին սաստիկ ըլլալուն համար՝ անոնց ամէն մէկը իր արտը ծախեց ու երկիրը Փարաւոնին եղաւ։
21 Եգիպտոսի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը՝ ժողովուրդը քաղաքէ քաղաք* փոխադրեց։
22 Միայն քուրմերուն երկիրը ծախու չառաւ. վասն զի քուրմերը Փարաւոնէն կապուած բաժին ունէին ու կ’ուտէին իրենց բաժինը, որ Փարաւոն կու տար անոնց։ Ատոր համար իրենց երկիրը չծախեցին։
23 Եւ Յովսէփ ըսաւ ժողովուրդին. «Ահա այսօր ծախու առի ձեզ ու ձեր երկիրը Փարաւոնին համար. արդ ձեզի սերմ կու տամ ու սերմանեցէք երկիրը
24 Եւ երկրի արդիւնքին հինգէն մէկը Փարաւոնին պիտի տաք ու չորս մասը ձերը պիտի ըլլայ, որպէս զի արտին սերմ՝ ու ձեզի եւ ձեր տանը մէջ եղողներուն ու ձեր տղաքներուն ուտելիք ըլլայ»։
25 Անոնք ըսին. «Մեզ ապրեցուցիր. թող մեր տիրոջը առջեւ շնորհք գտնենք ու Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք»։
26 Յովսէփ այս օրէնքը հաստատեց Եգիպտոսի երկրին մէջ մինչեւ այսօր՝ որ հինգէն մէկը Փարաւոնին ըլլայ. բացի քուրմերուն երկրէն, որ Փարաւոնին չեղաւ։
ՅԱԿՈԲԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
27 Եւ Իսրայէլ կը բնակէր Եգիպտոսի երկրին մէջ, Գեսեմի երկիրը ու հոն կալուածք ստացան եւ աճեցան ու խիստ շատցան։
28 Յակոբ Եգիպտոսի մէջ տասնըեօթը տարի ապրեցաւ ու Յակոբին կեանքին տարիներուն օրերը հարիւր քառասունըեօթը տարի եղան։
29 Երբ Իսրայէլին մեռնելու օրերը մօտեցան, կանչեց իր Յովսէփ որդին ու ըսաւ անոր. «Եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր եւ ինծի մարդասիրութիւն ու ճշմարտութիւն ըրէ. կ’աղաչեմ քեզի՝ զիս Եգիպտոսի մէջ մի՛ թաղեր.
30 Հապա իմ հայրերուս հետ ննջեմ ու դուն զիս Եգիպտոսէն հանէ եւ զիս անոնց գերեզմանը թաղէ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Ես քու ըսածիդ պէս պիտի ընեմ»։
31 Յակոբ ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէ»։ Յովսէփ երդում ըրաւ անոր։ Եւ Իսրայէլ անկողնին* գլխուն վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։