ՀՌՈՒԹ 4։1-22
4 Բոոս դուռը ելաւ ու հոն նստաւ։ Քիչ վերջ Բոոսի յիշած ազգականը կ’անցնէր։ Բոոս անունովը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, հոս նստէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու նստաւ։
2 Այն ատեն անիկա քաղաքին ծերերէն տասը մարդ առաւ ու անոնց ըսաւ. «Այստեղ նստեցէք»։ Անոնք նստան։
3 Ետքը այն ազգականին ըսաւ. «Մովաբի երկրէն դարձող Նոեմին մեր եղբօրը Ելիմելէքի արտին բաժինը ծախելու վրայ է։
4 Ես մտածեցի, որ քեզի իմացնեմ ու ըսեմ. ‘Զանիկա այս նստողներուն առջեւ ու իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ծախու ա՛ռ։ Եթէ ազգականութեան իրաւունքով զանիկա ծախու առնել կ’ուզես, ծախու ա՛ռ. բայց եթէ ծախուի առնել չես ուզեր, ինծի իմացուր որպէս զի գիտնամ, քանզի քեզմէ զատ ազգականութեան իրաւունքը կատարելու մէկը չկայ։ Քեզմէ ետքը ես եմ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ազգականութեան իրաւունքը կը կատարեմ»։
5 Ու Բոոս ըսաւ. «Դուն Նոեմիի ձեռքէն արտը ծախու առած օրդ՝ մեռնողին կնոջմէն, Մովաբացի Հռութն ալ ծախու առնելու ես, որպէս զի մեռնողին անունը պահես իր ժառանգութեանը մէջ»։
6 Եւ ազգականը ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ։ Իմ ունեցած ազգականութեան իրաւունքս դուն կատարէ, քանզի ես չեմ կրնար կատարել»։
7 Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու ու ծախու առնելու գործերուն մէջ՝ ամէն բան հաստատելու համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար։ Ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։
8 Ուստի ազգականը Բոոսին ըսաւ. «Դուն ծախու առ» ու իր կօշիկը հանեց։
9 Բոոս ծերերուն ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք, որ ես Ելիմելէքի բոլոր ստացուածքը ու Քելլոնի եւ Մաալոնի բոլոր ստացուածքը Նոեմիին ձեռքէն ծախու առի։
10 Ու Մաալոնի կինը, Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կին առի, որպէս զի մեռնողին անունը իր եղբայրներէն ու իր բնակարանին դռնէն չվերնայ. դուք այս բանին համար այսօր վկայ էք»։
11 Այն ատեն դուռը եղող բոլոր ժողովուրդը ու ծերերը ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլին եւ Լիային պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը շինեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ զօրացի՛ր ու Բեթլեհէմի մէջ անուն վաստկէ՛։
12 Ու քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն»։
ԲՈՈՍ ԵՒ ԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
13 Բոոս Հռութը առաւ, որ իրեն կին եղաւ ու անոր մտաւ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։
14 Կիները Նոեմիին ըսին. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէս զի անոր անունը Իսրայէլի մէջ յիշուի։
15 Ասիկա քու հոգիիդ մխիթարութիւնը, ծերութեանդ գաւազանը թող ըլլայ. քանզի զանիկա քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աղէկ է»։
16 Ու Նոեմի տղան առաւ՝ իր գիրկը դրաւ եւ անոր դայեակը եղաւ։
17 Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ» եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր։
18 Եւ Փարէսի ծնունդները ասոնք են։ Փարէս ծնաւ Եսրոնը
19 Ու Եսրոն ծնաւ Արամը եւ Արամ* ծնաւ Ամինադաբը
20 Ու Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը եւ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը
21 Ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը
22 Ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։
Ստորանիշներ
^ 4։19 Կամ, Րամը եւ Րամ