ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 13։1-18

13  12։18 Եւ կայնեցայ* ծովուն աւազին վրայ։ Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։  Այդ գազանը ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն։  Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս էր*, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ։  Եւ երկրպագութիւն ըրին վիշապին՝ որ գազանին իշխանութիւն տուաւ։ Երկրպագութիւն ըրին գազանին, ըսելով. «Ո՞վ գազանին նման է եւ ո՞վ կրնայ ատոր հետ պատերազմիլ»։  Անոր մեծ բաներ ու հայհոյութիւններ խօսող բերան տրուեցաւ եւ քառասուներկու ամիս անոր իշխանութիւն տրուեցաւ իր կամքը ընելու։  Իր բերանը հայհոյութեամբ Աստուծոյ դէմ բացաւ, անոր անուան ու անոր խորանին ու երկինքը բնակողներուն հայհոյելու։  Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմ ընելու ու անոնց յաղթելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։  Անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն երկրին վրայ բոլոր բնակողները, որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր մորթուած Գառնուկին կենաց գրքին մէջ գրուած չեն։  Ով որ ականջ ունի թող լսէ. 10  Ով որ գերութեան քշէ, ինք գերի պիտի տարուի. ով որ սրով սպաննէ, պէտք է որ ինք սրով սպաննուի։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը։ 11  Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։ 12  Առաջին գազանին իշխանութիւնը կ’օգտագործէր անոր առջեւ ու երկիրը եւ* անոր բնակիչները կը ստիպէր, որ երկրպագութիւն ընեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը առողջացաւ։ 13  Մեծ նշաններ կ’ընէր ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէր երկրի վրայ մարդոց առջեւ։ 14  Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այդ նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ 15  Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։ 16  Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, 17  Որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ 18  Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է։

Ստորանիշներ

13։1 Ոմանք, կայնեցաւ
13։3 Ոմանք, տեսայ
13։12 Ոմանք, եւ բոլոր