ՍԱՂՄՈՍ 11։1-7
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
11 Տէրոջը ապաւինեցայ.Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝«Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.
2 Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին,Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին,Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։
3 Եթէ հիմերը կործանին,Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։
4 Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.Տէրոջը աթոռը երկինքն է.Անոր աչքերը կը տեսնեն,Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։
5 Տէրը կը քննէ արդարը.Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։
6 Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ*,Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ.Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։
7 Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ,Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։
Ստորանիշներ
^ 11։6 Կամ, փայլակներ