ԴԱՍ 111
Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3-51 ՄԱՐԿՈՍ 13։3-37 ՂՈՒԿԱՍ 21։7-38
ՉՈՐՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ ԵՒ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ
ՊԷՏՔ Է ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ
Երեքշաբթի կէսօրէ ետք է եւ նիսան 11–ը իր աւարտին կը մօտենայ։ Վերջին քանի մը օրերուն Յիսուս շատ զբաղած էր, եւ իր ժրաջան ծառայութիւնը երկրի վրայ վերջանալու վրայ է։ Ցերեկը ան կը սորվեցնէր տաճարին մէջ, իսկ գիշերը Բեթանիա կը մնար։ Մարդիկ շատ մեծ հետաքրքրութեամբ «առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը՝ իր խօսքերը լսելու» (Ղուկաս 21։37, 38)։ Իսկ հիմա, Յիսուս Ձիթենեաց լեռը նստած է՝ Պետրոսին, Անդրէասին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։
Այս չորս առաքեալները կ’ուզեն Յիսուսին հետ խօսիլ։ Անոնք մտահոգ են, քանի որ Յիսուս քիչ առաջ տաճարին մասին մարգարէացաւ, որ հոն քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Բայց անոնք մտահոգ են նաեւ ուրիշ հարցերու մասին։ Յիսուս իրենց ըսած էր. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկաս 12։40)։ Ան նաեւ խօսած էր այն օրուան մասին, ‘երբ Որդին մարդոյ պիտի յայտնուէր’ (Ղուկաս 17։30)։ Արդեօք այդ խօսքերը կապ ունի՞ն տաճարին նկատմամբ իր ըսածին հետ։ Առաքեալները անպայման կ’ուզե՛ն գիտնալ։ Անոնք Յիսուսին կ’ըսեն. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«աշխարհի վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։
Անոնք թերեւս ի մտի ունին տաճարին կործանումը։ Ասկէ զատ, անոնք նաեւ մանրամասնութիւններ կ’ուզեն գիտնալ Որդին մարդոյ ներկայութեան մասին։ Թերեւս կը յիշեն Յիսուսին առակը «ազնուական մարդ»ու մը մասին, որ «հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։11, 12)։ Ինչպէս նաեւ անոնք հարց կու տան, որ «աշխարհի վախճան»ը ի՛նչ կը պարփակէ։
Յիսուս կու տայ նշան մը, որ կը յայտնէ թէ ե՛րբ Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը պիտի կործանին։ Այդ նշանը նաեւ յետագային պիտի օգնէ քրիստոնեաներուն, որ գիտնան թէ ե՛րբ կ’ապրին Յիսուսի «ներկայութեան» եւ աշխարհի վախճանին ժամանակ։
Տարիներու ընթացքին, առաքեալները կը տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի խօսքերը կ’իրականանան։ Այո, Յիսուսի մարգարէական խօսքերէն շատեր կը սկսին կատարուիլ առաքեալներուն օրերուն։ Այնպէս որ 37 տարի ետք, Ք.Ե. 70–ին, արթուն քրիստոնեաները անակնկալի չեկան, երբ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանման ժամանակը հասաւ։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուսին ո՛չ բոլոր ըսածները կը կատարուին մինչեւ Ք.Ե. 70 կամ ճիշդ այդ թուականին։ Իր կարգ մը ըսածները պիտի կատարուին իր ներկայութեան ժամանակ որպէս Թագաւոր։ Լաւ, ի՞նչը պիտի նշէ իր ներկայութիւնը։ Յիսուս ատոր մասին ալ կը պատասխանէ։
Յիսուս կը մարգարէանայ որ «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր» պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։6, 7)։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ «տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11)։ Յիսուս իր աշակերտները կը զգուշացնէ. «Իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն» (Ղուկաս 21։12)։ Սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն եւ շատերը մոլորեցնեն։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնայ եւ մեծամասնութեան սէրը պիտի պաղի։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ որ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։
Յիսուսին տուած մարգարէութեան կարգ մը երեսակները կը կատարուին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ եւ անոր ընթացքին։ Բայց արդեօք իր խօսքերը աւելի մեծ կատարում պիտի ունենայի՞ն ապագային։ Անձամբ չե՞ս տեսներ այդ խօսքերուն գլխաւոր կատարումը մեր օրերուն։
Յիսուսի ներկայութեան նշանին մաս կազմող դէպքերէն մէկը՝ ‘աւերմունքին պղծութեան’ ի յայտ գալն է (Մատթէոս 24։15)։ Ք.Ե. 66–ին, յայտնի կ’ըլլայ որ այդ պղծութիւնը հռոմէական «զօրքեր»ն են, իրենց կռապաշտական դրօշակներով։ Անոնք Երուսաղէմը կը պաշարեն եւ որոշ տեղեր պարիսպին տակը կը փորեն (Ղուկաս 21։20)։ Այսպիսով, պղծութիւնը կը կենայ հոն՝ ուր պէտք չէ կենայ. այսինքն՝ հոն ուր հրեաները «սուրբ տեղ» կը նկատեն։
Յիսուս կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը՝ ըսելով. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ Ք.Ե. 70–ին, հռոմայեցիները Երուսաղէմը կը կործանեն։ Հրեաներուն ‘սուրբ քաղաքին’ եւ տաճարին կործանումը իրենց համար «մեծ նեղութիւն» կ’ըլլայ եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին (Մատթէոս 4։5. 24։21)։ Երուսաղէմին եւ հրեայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ այսպիսի կործանում բնաւ չէ եղած։ Այդ կործանումով վերջ կը գտնէ հրեաներուն պաշտամունքի դրութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է։
ԳԱԼԻՔ ՕՐԵՐԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ
Յիսուս կը շարունակէ իր առաքեալներուն հետ խօսիլ՝ թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ որ չհետեւին ‘սուտ Քրիստոսներու ու սուտ մարգարէներու’։ Ան կ’ըսէ որ ջանքեր պիտի թափուին, որ «եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն» (Մատթէոս 24։24)։ Բայց անոնք պիտի չմոլորին։ Սուտ Քրիստոսները ի յայտ կու գան տեսանելի ձեւով։ Իսկ Յիսուսի ներկայութիւնը անտեսանելի պիտի ըլլայ։
Խօսելով աւելի մեծ նեղութեան մը մասին, որ պիտի ըլլայ ներկայ աշխարհի վախճանին, Յիսուս կ’ըսէ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Մատթէոս 24։29)։ Առաքեալները լիովին չեն գիտնար, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, բայց վստահաբար ատիկա ցնցիչ պիտի ըլլայ։
Այս ցնցիչ դէպքերը ինչպէ՞ս պիտի ազդեն մարդոց։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Ղուկաս 21։26)։ Իրապէս, Յիսուս կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ ժամանակաշրջանը։
Բայց Յիսուս առաքեալներուն կ’օգնէ հասկնալու, որ ամէն մարդ չէ որ պիտի ողբայ երբ ‘Որդին մարդոյ գայ՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ (Մատթէոս 24։30)։ Ան արդէն ըսած էր, որ Աստուած պիտի միջամտէ «ընտրեալներուն համար» (Մատթէոս 24։22)։ Լաւ այսպիսի հաւատարիմ աշակերտներ ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն այդ ցնցիչ դէպքերուն։ Յիսուս իր հետեւորդները կը քաջալերէ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։28)։
Բայց այդ ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի հասկնան որ վերջը մօտ է։ Յիսուս թզենիի մը օրինակով ատիկա կը բացատրէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան» (Մատթէոս 24։32-34)։
Ուրեմն, երբ աշակերտները տեսնեն, որ Յիսուսի տուած նշանին շատ մը երեսակները կը կատարուին, կրնան գիտակցիլ որ վերջը մօտ է։ Իսկ հիմա Յիսուս կը խօսի կէտի մը մասին, որ շատ կարեւոր է այդ նշանակալից ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտներուն համար։
Ան կ’ըսէ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։36-39)։ Այսպիսով, Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կը յիշեցնէ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը։ Այդպէս ալ պիտի ըլլայ ներկայ չար աշխարհի վերջը։
Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսի խօսքերը լսելով, առաքեալները անկասկած պէտք է հասկնան որ շատ կարեւոր է արթուն մնալ։ Ան կ’ըսէ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկաս 21։34-36)։
Յիսուս նորէն ցոյց կու տայ, որ իր ըսած մարգարէութիւնը աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի կատարուի։ Ան չի խօսիր դէպքերու մասին, որոնք քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան եւ միայն կապ ունին Երուսաղէմին կամ հրեայ ազգին հետ։ Ան կը նշէ դէպքեր, որոնք «բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ» պիտի գան։
Ան կ’ըսէ որ իր աշակերտները պէտք է արթուն, զգաստ եւ պատրաստ ըլլան։ Ան այս զգուշացումը ուրիշ առակով մը կը շեշտէ. «Այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատթէոս 24։43, 44)։
Ետքը, Յիսուս կ’ըսէ թէ աշակերտները պատճառ ունին ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալու։ Ան կ’ըսէ որ իր մարգարէական խօսքերուն կատարման ժամանակաշրջանին, արթուն եւ եռանդուն «ծառայ» մը պիտի ըլլայ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ծանօթ պարագայ մը որպէս օրինակ բերելով կ’ըսէ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ Բայց եթէ «ծառան» չար դառնայ եւ ուրիշներուն հետ գէշ կերպով վարուի, տէրը զինք խիստ կերպով պիտի պատժէ (Մատթէոս 24։45-51. համեմատէ՛ Ղուկաս 12։45, 46)։
Բայց Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ իր հետեւորդներէն խումբ մը չար պիտի դառնայ։ Լաւ, ան ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել իր աշակերտներուն։ Ան կ’ուզէ որ անոնք արթուն եւ եռանդուն ըլլան։ Ան այս կէտը աւելի կը յստակացնէ ուրիշ առակով մը։