Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 78

Ո՛վ հաւատարիմ տնտես, պատրաստ կեցիր

Ո՛վ հաւատարիմ տնտես, պատրաստ կեցիր

ՂՈՒԿԱՍ 12։35-59

  • ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՏՆՏԵՍԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԿԵՆԱՅ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԸՆԵԼՈՒ ԵԿԱԾ Է

Յիսուս բացատրած էր որ միայն «պզտիկ հօտ» մը բաժին պիտի ունենայ երկնային Թագաւորութեան մէջ (Ղուկաս 12։32)։ Ատոր անդամները պէտք չէ թեթեւի առնեն այս հոյակապ վարձատրութիւնը։ Յիսուս նոյնիսկ կը շեշտէ որ շատ կարեւոր է, որ անհատը ճիշդ կեցուածքը ունենայ, որպէսզի այդ Թագաւորութեան մէկ մասը ըլլայ։

Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատուիրէ որ պատրաստ ըլլան իր վերադարձին։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ» (Ղուկաս 12։35-37

Աշակերտները դիւրութեամբ կրնան ըմբռնել, թէ Յիսուս այս օրինակով ի՛նչ կ’ուզէ շեշտել։ Օրինակին մէջի ծառաները պատրաստ են եւ կը սպասեն իրենց տիրոջ վերադարձին։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ [Տէրը] գիշերուան երկրորդ պահուն գայ [գիշերուան մօտ ժամը իննէն մինչեւ կէս գիշեր], կամ երրորդ պահուն գայ [կէս գիշերէն մինչեւ առտուան մօտ ժամը երեքը] ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները» (Ղուկաս 12։38

Յիսուսին նպատակը չէ պարզապէս իր աշակերտներուն խրատ տալ, որ աշխատասէր ծառաներ կամ աշխատողներ ըլլան։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Յիսուսին յաջորդ խօսքէն։ Ինքն իրեն ակնարկելով որպէս Որդին մարդոյ, ան կ’ըսէ. «Դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկաս 12։40)։ Ուրեմն, Յիսուս ապագային պիտի գայ եւ կ’ուզէ որ իր հետեւորդները,– մանաւանդ «պզտիկ հօտ»էն եղողները,– պատրաստ ըլլան։

Պետրոս կ’ուզէ հասկնալ որ Յիսուս ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, եւ ասոր համար կը հարցնէ. «Տէ՛ր, այդ առակը մեզի՞ կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։ Փոխանակ ուղղակի պատասխան տալու Պետրոսին, Յիսուս օրինակ մը կու տայ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա» (Ղուկաս 12։41-44

Նախորդ օրինակին մէջ, «տէրը» յստակօրէն կ’ակնարկէ Յիսուսին՝ Որդին մարդոյ։ Ուրեմն տրամաբանական է որ ‘հաւատարիմ տնտեսը’ կազմուած ըլլայ տղամարդոցմէ, որոնք «պզտիկ հօտ»էն են եւ որոնց պիտի տրուի Թագաւորութիւնը (Ղուկաս 12։32)։ Հոս Յիսուս կ’ըսէ, որ «պզտիկ հօտ»ին կարգ մը անդամները ‘ատենին ուտելիքը պիտի տան’ իր «գերդաստանին»։ Եւ քանի որ այժմ Յիսուսն է որ կը սորվեցնէ եւ հոգեւորապէս կը սնուցանէ Պետրոսը եւ միւս աշակերտները, անոնք կրնան եզրակացնել որ Յիսուս կը խօսի ապագայ ժամանակաշրջանի մը մասին, որուն ընթացքին Որդին մարդոյ պիտի գայ եւ պիտի գտնուի գործօն կարգադրութիւն մը, որուն միջոցաւ Յիսուսին հետեւորդները՝ Տիրոջ «գերդաստանը»՝ հոգեւորապէս պիտի սնուցանուին։

Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ» (Ղուկաս 12։45, 46)։ Յիսուս ասիկա ըսելով կ’ուզէ դարձեալ շեշտել, որ իր աշակերտները պէտք է արթուն ըլլան եւ ճիշդ կեցուածքը ունենան։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ կրնայ ըլլալ որ անոնք թոյլ կեցուածք ունենան եւ սկսին սխալ կերպով մտածել կամ գործել, նոյնիսկ այն աստիճան որ սկսին իրենց հաւատակիցներուն հակառակիլ։

Յիսուս կ’ըսէ որ ինք եկած է ‘կրակ ձգելու երկրի վրայ’։ Եւ ան իսկապէս ալ այդպէս կ’ընէ, խօսելով հարցերու մասին, որոնց պատճառով տաք վիճաբանութիւններ կ’ըլլան եւ կը քօղազերծուին սուտ ուսուցումներն ու աւանդութիւնները։ Ասիկա նոյնիսկ կը բաժնէ ամէնէն մօտիկ անձերը, օրինակ՝ ‘հայրը կը բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն’ (Ղուկաս 12։49, 53

Յիսուսին այս խօսքերը մասնաւորաբար ուղղուած են իր աշակերտներուն։ Ետքը, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ ամբոխին, որոնց մեծամասնութիւնը յամառաբար չէ ընդունած այն բոլոր փաստերը, թէ ինքն է Մեսիան։ Ան կ’ըսէ. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ» (Ղուկաս 12։54-56)։ Յստակ է թէ անոնք պատրաստ չեն Մեսիան ընդունելու։