Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 7

Աստուած կ’ազատագրէ իսրայէլացիները

Աստուած կ’ազատագրէ իսրայէլացիները

Եհովան պատուհասներ կը բերէ Եգիպտոսի վրայ եւ Մովսէս իսրայէլացիները այդ երկրէն դուրս կը հանէ։ Մովսէսի միջոցով, Աստուած իսրայէլացիներուն Օրէնքը կու տայ։

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ երկար տարիներ Եգիպտոսի մէջ ապրեցան. անոնք հոն բարգաւաճեցան եւ բազմացան։ Սակայն Եգիպտոսի վրայ նոր փարաւոն մը սկսաւ իշխել։ Այս կառավարիչը Յովսէփը չէր ճանչնար։ Այս դաժան բռնակալը իսրայէլացիներուն աճող թիւէն վախնալով, զանոնք ստրկացուց եւ հրամայեց որ անոնց բոլոր նորածին արուները Նեղոս գետը նետեն։ Բայց քաջասիրտ մայր մը իր մանկիկը պաշտպանեց, զայն կողովի մը մէջ դնելով եւ եղէգներու մէջ պահելով։ Փարաւոնին աղջիկը գտաւ մանկիկը, զայն Մովսէս անուանեց եւ եգիպտական արքունիքին մէջ մեծցուց։

Երբ Մովսէս 40 տարեկան էր, իսրայէլացի ստրուկ մը եգիպտացի գործավարէ մը պաշտպանելով, խնդրի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Ուստի ան հեռաւոր երկիր մը փախաւ եւ հոն որպէս օտարական ապրեցաւ։ Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Եհովան զինք դարձեալ Եգիպտոս ղրկեց, որպէսզի փարաւոնին ներկայանար եւ անկէ պահանջէր որ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատ արձակէր։

Փարաւոնը հաստատօրէն մերժեց պահանջը։ Ուստի Աստուած Եգիպտոսի վրայ տասը պատուհասներ բերաւ։ Ամէն անգամ որ Մովսէս փարաւոնին կ’երեւնար եւ պատեհութիւնը կու տար յաջորդ պատուհասէն խնայուելու, փարաւոնը արհամարհական կեցուածք մը որդեգրելով, Մովսէսն ու անոր Աստուածը՝ Եհովան, կ’անարգէր։ Ի վերջոյ, տասներորդ պատուհասը սպաննեց երկրին բոլոր անդրանիկները, բացի այն անդրանիկները, որոնց ընտանիքները հնազանդած էին Եհովային՝ իրենց դրանդիքներուն վրայ զոհաբերուած գառի մը արիւնը քսելով։ Անդրանիկներու մահապատիժը գործադրող հրեշտակը այդ ընտանիքներուն տուներէն անցաւ, բայց անոնց անդրանիկները չսպաննեց։ Անկէ ետք, իսրայէլացիները այս հրաշալի փրկութիւնը սկսան յիշատակել տարեկան տօնակատարութեամբ մը, որ Պասեք կոչուեցաւ։

Փարաւոնն ալ իր անդրանիկը կորսնցուց։ Ուստի ան Մովսէսին եւ բոլոր իսրայէլացիներուն հրամայեց որ Եգիպտոսէ մեկնին։ Անոնք անմիջապէս կազմակերպեցին իրենց ելքը։ Բայց փարաւոնը իր միտքը փոխեց եւ բազմաթիւ ռազմիկներով ու կառքերով անոնց ետեւէն ինկաւ։ Երբ իսրայէլացիները Կարմիր ծովու ափը հասան, այնպէս թուեցաւ թէ ծուղակի մէջ էին։ Բայց Եհովան Կարմիր ծովը ճեղքեց, առիթ տալով որ իսրայէլացիները ծովուն ցամքած հունէն եւ ջուրերու բարձր պարիսպներուն ընդմէջէն անցնէին։ Մինչ եգիպտացիները սրընթաց անոնց ետեւէն կ’ընթանային, Աստուած պատճառեց որ ջուրերը շառաչիւնով իջնեն, խեղդելով փարաւոնն ու անոր զօրքը։

Յետագային, երբ իսրայէլացիները Սինա լերան քով կը բանակէին, Եհովան անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ։ Որպէս միջնորդ Մովսէսը գործածելով, Աստուած իսրայէլին օրէնքներ տուաւ, կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն մէջ առաջնորդութիւն եւ պաշտպանութիւն հայթայթելու համար։ Այնքան ատեն որ իսրայէլացիները հաւատարմօրէն ընդունէին Աստուծոյ իշխանութիւնը, Եհովան իրենց հետ պիտի ըլլար եւ իրենց ազգը օրհնութեան աղբիւր մը պիտի ընէր ուրիշներու համար։

Սակայն իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը, թերահաւատութեան պատճառով Աստուած յուսախաբ ըրաւ։ Հետեւաբար, Եհովան պատճառեց որ այդ սերունդը 40 տարի անապատին մէջ թափառի։ Այնուհետեւ, Մովսէս արդար Յեսուն յանձնարարեց որ իրեն յաջորդէր։ Վերջապէս, իսրայէլ ազգը պատրաստ էր մտնելու այն երկիրը, զոր Աստուած խոստացած էր Աբրահամին։

Աղբիւրը՝ Ելից. Ղեւտացւոց. Թուոց. Բ. Օրինաց. Սաղմոս 136։10-15. Գործք 7։17-36։