Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 11

Ներշնչուած երգեր, որոնք կը մխիթարեն եւ կը սորվեցնեն

Ներշնչուած երգեր, որոնք կը մխիթարեն եւ կը սորվեցնեն

Դաւիթ եւ ուրիշներ երգեր յօրինեցին պաշտամունքի համար։ Այս երգերէն 150 հատը պահպանուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ։

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ գիրքը՝ որ Աստուածաշունչի մեծագոյն գիրքն է, սուրբ երգերու հաւաքածոյ մըն է, որ գրուեցաւ գրեթէ 1000 տարիներու ընթացքին։ Այս գիրքը կը պարունակէ, հաւատքի առնչութեամբ ցարդ գրուած կարգ մը ամէնէն խորին եւ յուզիչ արտայայտութիւններ։ Սաղմոսները մարդկային տարբեր զգացումներ կ’արտայայտեն, ինչպէս՝ ուրախութիւն, փառաբանութիւն, երախտագիտութիւն, եւ կամ՝ տխրութիւն, վիշտ եւ զղջահարութիւն։ Յստակ է որ սաղմոսերգուները Աստուծոյ հետ անկեղծ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունէին։ Նկատի առ այս երգերուն կարգ մը նիւթերը։

Եհովան իրաւացի Գերիշխանն է, որ արժանի է պաշտուելու եւ փառաբանուելու։ Սաղմոս 83։18–ի մէջ կը կարդանք. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Շատ մը սաղմոսներ Եհովան կը գովաբանեն իր ստեղծագործութեան համար, ինչպէս՝ աստղազարդ երկինքը, երկրային կեանքի սքանչելիքները եւ մարդկային մարմնին հրաշալի կազմուածքը (Սաղմոս 8, 19, 139, 148)։ Ա՛յլ սաղմոսներ կը փառաբանեն Եհովան որպէս այն Աստուածը, որ գործի կը լծուի՝ իրեն հաւատարիմ եղողները փրկելու եւ պաշտպանելու համար (Սաղմոս 18, 97, 138)։ Իսկ ուրիշ սաղմոսներ կը մեծարեն զինք որպէս արդարութեան Աստուածը, որ կ’ազատէ հարստահարուածները եւ կը պատժէ չարերը (Սաղմոս 11, 68, 146

Եհովան զինք սիրողներուն կ’օգնէ եւ զանոնք կը մխիթարէ։ Թերեւս 23–րդ սաղմոսը ամէնէն հռչակաւոր սաղմոսն է, ուր Դաւիթ Եհովան կը նմանցնէ սիրալիր Հովիւի մը, որ կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը հոգայ իր ոչխարները։ Սաղմոս 65։2–ը Աստուծոյ երկրպագուներուն կը յիշեցնէ, թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է։ Իսկ շատեր, որոնք լուրջ մեղքեր գործած են, մեծապէս մխիթարուած են կարդալով 39–րդ եւ 51–րդ սաղմոսները, ուր Դաւիթ անկեղծ խօսքերով նկարագրած է իր զղջումը լուրջ մեղքերու համար, ինչպէս նաեւ արտայայտած է իր հաւատքը Եհովայի ներողամտութեան նկատմամբ։ Սաղմոս 55։22–ը կը յորդորէ, որ Եհովային վստահինք եւ մեր բոլոր հոգերը իր վրայ ձգենք։

Եհովան աշխարհը պիտի փոխէ՝ Մեսիայի Թագաւորութեան միջոցով։ Սաղմոսներու գրքին մէջ, շատ մը հատուածներ յստակօրէն կը կիրարկուին Մեսիային՝ նախագուշակուած Թագաւորին։ 2–րդ սաղմոսը կը մարգարէանայ, թէ այս Կառավարիչը պիտի բնաջնջէ իր դէմ ելլող բոլոր չար ժողովուրդները։ 72–րդ սաղմոսը կը յայտնէ, թէ այս Թագաւորը վերջ պիտի դնէ անօթութեան, անարդարութեան եւ հարստահարութեան։ Ըստ Սաղմոս 46։9–ին, Մեսիայի Թագաւորութեան միջոցով, Աստուած պատերազմին վերջ պիտի դնէ եւ նոյնիսկ բոլոր զէնքերը պիտի կործանէ։ Իսկ 37–րդ սաղմոսին մէջ կը կարդանք, թէ չարերը պիտի կորսուին, մինչ արդարները երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին, աշխարհածաւալ խաղաղութիւն եւ միութիւն վայելելով։

Աղբիւրը՝ Սաղմոսներու գիրքը։