Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 17

Շրջանային տեսուչները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն

Շրջանային տեսուչները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն

Մալաուի

Ծառայութեան խումբ

Դաշտի ծառայութիւն

Երէցներու ժողով

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները յաճախ կը նշեն Բառնաբասն ու Պօղոս առաքեալը։ Այս տղամարդիկը ծառայեցին որպէս շրջագայող տեսուչներ, այցելելով առաջին դարու ժողովքները։ Ինչո՞ւ։ Անոնք անկեղծօրէն իրենց հոգեւոր եղբայրներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած էին։ Պօղոս ըսաւ թէ կ’ուզէր ‘դառնալ ու այցելել եղբայրներուն’, որպէսզի տեսնէր թէ ինչպէ՛ս էին։ Ան յօժար էր հարիւրաւոր մղոններ կտրելու, որպէսզի երթար ու զօրացնէր եղբայրները (Գործք 15։36)։ Ներկայիս, մեր շրջանային տեսուչները այդ նոյն փափաքը ունին։

Անոնք կու գան մեզ քաջալերելու։ Ամէն շրջանային տեսուչ շուրջ 20 ժողովք կ’այցելէ, տարին երկու անգամ իւրաքանչիւրին հետ մէկ շաբաթ անցընելով։ Մեծապէս կրնանք օգտուիլ այս եղբայրներուն փորձառութենէն եւ անոնց կիներուն փորձառութենէն,– եթէ ամուսնացած են։ Անոնք կը ջանան ծանօթանալ թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն, ինչպէս նաեւ կը տենչան մեզի հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ներկայ գտնուիլ։ Այս տեսուչները երէցներուն հետ հովուական այցելութիւններ կ’ընեն, եւ մեզ զօրացնելու համար՝ ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ քաջալերական դասախօսութիւններ կու տան (Գործք 15։35

Անոնք բոլորին հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Շրջանային տեսուչները ժողովքներուն հոգեւոր վիճակով խորապէս հետաքրքրուած են։ Անոնք երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն հետ կը ժողվուին, որպէսզի ժողովքին յառաջդիմութիւնը աչքէ անցընեն ու պատասխանատուութիւնները շալկելու առնչութեամբ գործնական խրատներ տան։ Անոնք ռահվիրաներուն կ’օգնեն յաջող ծառայութիւն վայելելու. նաեւ, կ’ուրախանան նորեկներուն ծանօթանալով եւ լսելով անոնց հոգեւոր յառաջդիմութեան մասին։ Այս եղբայրներէն իւրաքանչիւրը անձնազոհ է եւ որպէս «գործակից» կ’աշխատի մեր օգտին համար (Բ. Կորնթացիս 8։23)։ Անոնց հաւատքն ու աստուածպաշտութիւնը պէտք է ընդօրինակենք (Եբրայեցիս 13։7

  • Շրջանային տեսուչները ի՞նչ նպատակով ժողովքները կ’այցելեն։

  • Անոնց այցելութիւններէն ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։