Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 4

Ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան

Ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան

Յեփթայէն Եհովային ի՞նչ խոստացաւ

Դիւրին չէր. բայց Յեփթայէին աղջիկը ըրա՛ւ ինչ որ իր պապան Եհովային խոստացած էր

Նկարին մէջի աղջիկը կը տեսնե՞ս։— Ան Յեփթայէին աղջիկն է։ Սուրբ Գիրքը իր անունը չ’ըսեր։ Բայց գիտենք թէ ան ուրախացուց թէ՛ իր պապան եւ թէ Եհովան։ Եկուր սորվինք իր եւ իր պապային մասին։

Իր պապան՝ Յեփթայէն, բարի մարդ մըն էր, եւ իրեն միշտ Եհովայի մասին կը սորվեցնէր։ Յեփթայէն զօրաւոր էր. բոլոր զինուորները իրմէ՛ հրաման կ’առնէին։ Անոր համար երբ կռիւ եղաւ, իսրայէլացիները իրմէ ուզեցին, որ ի՛նք իրենց ըսեր ինչ ընէին։

Յեփթայէն Աստուծոյ աղօթեց ըսելով. «Հա՛ճիս օգնէ որ յաղթենք»։ Յեփթայէն խոստացաւ որ եթէ յաղթեն, Եհովային բան մը պիտի տայ։ Ի՞նչ։ Առաջին ա՛նձը որ իր տունէն դուրս ելլէր, երբ ինք կռիւէն ետ տուն գար։ Այս մարդը մինչեւ վերջ պիտի ապրէր եւ աշխատէր Աստուծոյ խորանին քով։ Խորանը այն ատեն տեղ մըն էր, ուր մարդիկ կ’երթային որ Աստուած պաշտեն։ Յեփթայէն յաղթե՛ց։ Գիտե՞ս երբ Յեփթայէն ետ տուն գնաց, ո՛վ առաջին անգամ իր տունէն դուրս ելաւ։—

Իր աղջի՛կը։ Բայց Յեփթայէն նեղուեցաւ, քանի որ իր աղջիկէն զատ ուրիշ պզտիկ մը չունէր։ Հիմա ան պէտք էր իր աղջիկը խորան տանէր, քանի որ Եհովային խօսք տուած էր։ Բայց աղջիկը երբ ասիկա գիտցաւ, իրեն ըսաւ. «Պապա, պէտք է ըսածդ ընես, քանի որ դուն Եհովային խօսք տուիր»։

Յեփթայէին աղջիկին ընկերուհիները ամէն տարի իր քով կու գային

Յեփթայէին աղջիկը ինքն ալ տխուր էր, քանի որ խորանին մէջ պիտի չկրնար ամուսնանալ եւ պզտիկներ ունենալ։ Բայց ան ուզեց թէ՛ իր պապային օգնել որ խոստացածը ընէ, եւ թէ Եհովան ուրախացնել։ Ասոնք ընելը իրեն համար շա՜տ աւելի կարեւոր էր քան ամուսնանալը կամ պզտիկներ ունենալը։ Անոր համար ան իր տունը ձգեց եւ մինչեւ վերջ խորանին քով ապրեցաւ։

Ի՞նչ կ’ըսես. աղջիկին պապան եւ Եհովան ուրախացա՞ն երբ ասիկա ըրաւ։— Այո՛, ուրախացան։ Եթէ դո՛ւն ալ պապային ու մամային խօսքը մտիկ ընես եւ Եհովան սիրես, կրնաս Յեփթայէին աղջիկին պէս ըլլալ։ Դուն ալ մամադ, պապադ եւ Եհովան շա՜տ պիտի ուրախացնես։