ԳԼՈՒԽ ԻՆԸ
Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ
1-3. ա) Ինչպէ՞ս եղաւ որ Աբիգիայի տունը վտանգի առջեւ գտնուեցաւ։ բ) Ի՞նչ պիտի սորվինք այս հիանալի կնոջ մասին։
ԱԲԻԳԻԱ սարսափ տեսաւ երիտասարդին աչքերուն մէջ։ Երիտասարդը զարհուրած էր, որովհետեւ լուրջ վտանգ մը կար։ Այդ պահուն, շուրջ 400 ռազմիկներ ճամբայ ելած էին, Աբիգիայի ամուսինին՝ Նաբաղի տան բոլոր արուները սպաննելու համար։ Ինչո՞ւ։
2 Ամէն բան Նաբաղէն սկսաւ։ Ան, ըստ սովորականին, դաժանօրէն եւ կոպտօրէն վարուած էր։ Սակայն այս անգամ, ան վիրաւորած էր այն մարդը, որ հաւատարիմ եւ լաւ մարզուած ռազմիկներու սիրալիր հրամանատարն էր։ Այժմ Նաբաղի երիտասարդ աշխատաւորներէն մէկը, հաւանաբար հովիւ մը, կու գայ Աբիգիային, յուսալով որ ան ծրագիր մը յղանայ զիրենք փրկելու համար։ Բայց կին մը առանձին ի՞նչ կրնար ընել զօրքի մը դիմաց։
Կին մը առանձին ի՞նչ կրնար ընել զօրքի մը դիմաց
3 Նախ, քիչ մը աւելի ծանօթանանք այս հիանալի կնոջ։ Ո՞վ էր Աբիգիան։ Այս փորձանքը ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ իր հաւատքէն։
«Կինը ողջամիտ ու գեղեցկադէմ էր»
4. Նաբաղ ինչպիսի՞ մարդ մըն էր։
4 Աբիգիա եւ Նաբաղ յարմար զոյգ մը չէին։ Աբիգիան Նաբաղին համար հոյակապ կին մըն էր, անդին Նաբաղ Աբիգիային համար ահռելի ամուսին մըն էր։ Նաբաղ հարուստ էր, այդ պատճառով ալ ինքզինք շատ կարեւոր անձ մը կը սեպէր։ Բայց ուրիշնե՞ր ինչ աչքով կը դիտէին զինք։ Դժուար թէ Աստուածաշունչին մէջ գտնենք ուրիշ անձ մը, որ ա՛յսքան անարգալից կերպով նկարագրուած է։ Իր անունն անգամ կը նշանակէ «անզգամ» կամ «յիմար»։ Արդեօք երբ ծնաւ, իր ծնողնե՞րը զինք այդպէս անուանեցին, թէ ոչ ետքն էր որ իր վարուելակերպին պատճառով այս ծաղրանունը առաւ։ Ամէն պարագայի, ան իր անուան արժանացաւ։ Նաբաղ «խստաբարոյ ու չարագործ էր»։ Նաեւ քանի որ ան գինեմոլ եւ կռուարար էր, մարդիկ զինք չէին սիրեր եւ իրմէ կը վախնային (Ա. Թագ. 25։2, 3, 17, 21, 25)։
5, 6. ա) Կարծիքովդ, Աբիգիայի ո՞ր յատկութիւնները շատ գրաւիչ էին։ բ) Աբիգիան թերեւս ինչո՞ւ ամուսնացած էր այդպիսի անպիտան մարդու մը հետ։
5 Սակայն Աբիգիան բոլորովին տարբեր էր Նաբաղէն։ Իր անունը կը նշանակէ «հայրս ինքզինք ուրախացուց»։ Բազմաթիւ հայրեր կը պարծենան գեղեցիկ դուստր ունենալով, սակայն իմաստուն հայր մը ա՛լ աւելի կ’ուրախանայ, երբ իր զաւկին մէջ ներքին գեղեցկութիւն կը նշմարէ։ Ընդհանրապէս, արտաքին գեղեցկութեամբ օժտուած անհատ մը չի կրնար տեսնել որոշ յատկութիւններ մշակելու կարիքը, ինչպէս՝ խոհեմութիւն, իմաստութիւն, քաջութիւն կամ հաւատք։ Սակայն Աբիգիան այդպէս չէր։ Աստուածաշունչը զինք կը գովէ իր ողջամտութեան ե՛ւ գեղեցկութեան համար (կարդա՛6 Ոմանք թերեւս հարց տան, թէ ինչո՛ւ այսպիսի խելացի երիտասարդուհի մը պիտի ամուսնանար այդպիսի անպիտան մարդու մը հետ։ Յիշենք որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, շատ մը ամուսնութիւններ կարգադրուած կ’ըլլային։ Նոյնիսկ եթէ ամուսնութիւնը կարգադրուած չըլլար ծնողներուն կողմէ, անոնց կարծիքը տակաւին մեծ կարեւորութիւն ունէր։ Թերեւս Նաբաղի հարստութիւնն ու երեւելիութիւնը մղեցին, որ Աբիգիայի ծնողները այս ամուսնութեան հաւանութիւն տան կամ նոյնիսկ զայն կարգադրեն։ Կամ, թերեւս աղքատութի՛ւնը ճնշած էր զիրենք։ Սակայն ինչ որ ալ ըլլար պարագան, Նաբաղին հարստութիւնը զինք լաւ ամուսին մը չդարձուց։
7. ա) Ներկայիս, ծնողներ ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափին, եթէ կ’ուզեն իրենց զաւակներուն սորվեցնել, որ ամուսնութեան նկատմամբ պատուաւոր տեսակէտ մը ունենան։ բ) Աբիգիան ի՞նչ վճռած էր ընել։
7 Իմաստուն ծնողներ հոգածութեամբ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն ամուսնութեան նկատմամբ պատուաւոր տեսակէտ մը ունենալ։ Անոնք իրենց զաւակները չեն ստիպեր որ դրամի համար ամուսնանան, ոչ ալ անոնց վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որ ժամանակէն առաջ ընկերակցին հակառակ սեռի մը հետ, երբ տակաւին պատրաստ չեն չափահասի մը դերն ու պատասխանատուութիւնները ստանձնելու (Ա. Կոր. 7։36)։ Սակայն Աբիգիայի համար, այդպիսի հարցերու շուրջ մտածելը ա՛լ ուշ էր։ Պատճառը ինչ որ ալ ըլլար, ան արդէն ամուսնացած էր Նաբաղի հետ եւ վճռած՝ իր կարելին ընել այդ դժուար կացութեան հետ գլուխ ելլելու համար։
«Անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ»
8. Նաբաղ զո՞վ նախատած էր, եւ ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ իր այս արարքը անմտութիւն էր։
8 Այժմ Նաբաղ որեւէ ժամանակէ աւելի նեղ կացութեան մատնած էր Աբիգիան։ Ան նախատած էր Դաւիթը,– Եհովայի հաւատարիմ ծառան, զոր Սամուէլ մարգարէն օծած էր որպէս Աստուծոյ կողմէ ընտրուած թագաւոր, որ պիտի յաջորդէր Սաւուղ թագաւորին (Ա. Թագ. 16։1, 2, 11-13)։ Այդ ատեն, Դաւիթ իր 600 հաւատարիմ ռազմիկներով կ’ապրէր անապատին մէջ, որովհետեւ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորը կ’ուզէր սպաննել զինք։
9, 10. ա) Դաւիթն ու իր տղամարդիկը ի՞նչ պարագաներու ներքեւ կը ջանային գոյատեւել։ բ) Նաբաղ ինչո՞ւ պէտք էր գնահատէր Դաւիթի եւ անոր տղամարդոց ըրածները (տե՛ս նաեւ 10–րդ պարբերութեան ստորանիշը)։
*։ Այս քաղաքները կը գտնուէին բարձունքներու վրայ եւ ունէին հարուստ արօտավայրեր, որոնք յարմար էին ոչխարներ պահելու համար։ Նաբաղ հոն 3000 ոչխար կը պահէր։ Սակայն շրջակայքը եղող հողատարածքը անմշակ էր։ Հարաւը կար Փառանի հսկայ անապատը, իսկ արեւելքը՝ մինչեւ Աղի ծով երկարող ամայի տարածքներ, ձորերով եւ քարայրներով լի։ Այդ շրջաններուն մէջ, Դաւիթ եւ իր տղամարդիկը կը ջանային գոյատեւել, անկասկած ուտելիքի համար որսորդութիւն ընելով եւ բազմաթիւ դժուարութիւններու տոկալով։ Անոնք յաճախ դէմ յանդիման կու գային այն երիտասարդներուն, որոնք հովուութիւն կ’ընէին հարուստ Նաբաղի համար։
9 Նաբաղ Մաոնի մէջ կ’ապրէր, սակայն կ’աշխատէր Կարմեղոսի մօտակայքը, ուր հաւանաբար հողամաս մը ունէր10 Այդ տքնաջան ռազմիկները ինչպէ՞ս կը վարուէին հովիւներուն հետ։ Անոնք կրնային դիւրութեամբ ատեն–ատեն գողնալ անոնց ոչխարները, բայց այդպէս չըրին։ Ընդհակառակը, անոնք Նաբաղի հօտերուն ու ծառաներուն շուրջ պաշտպանիչ պարիսպի մը պէս էին (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 25։15, 16)։ Ոչխարներն ու հովիւները բազմաթիւ վտանգներէ կ’անցնէին։ Գիշատիչ կենդանիները շատ էին եւ Իսրայէլի հարաւային սահմանը այնքա՛ն մօտ էր, որ օտարազգի յելուզակներ եւ աւազակախումբեր յաճախ յարձակում կը գործէին *։
11, 12. ա) Նաբաղի ուղղուած իր պատգամին մէջ, Դաւիթի խօսքերը ինչպէ՞ս նկատառութիւն եւ յարգանք ցոյց տուին։ բ) Նաբաղ ի՞նչ սխալ կերպով հակազդեց Դաւիթի պատգամին։
11 Կրնանք պատկերացնել թէ որքա՜ն դժուար էր այդ բոլոր տղամարդիկը կերակրել անապատային շրջանին մէջ։ Օր մը, Դաւիթ Նաբաղին տասը պատգամաւոր ղրկեց՝ օգնութիւն խնդրելու համար։ Դաւիթ իմաստութեամբ ընտրեց յարմար ժամանակը։ Ոչխարները խուզելու տօնական ժամանակաշրջանն էր, երբ մարդիկ առատաձեռն կ’ըլլային եւ խնճոյքներ կը կազմակերպէին։ Ան նաեւ իր խօսքերը ուշադրութեամբ շարադրեց, յարգալից արտայայտութիւններ գործածելով։ Ան նոյնիսկ իր անձին ակնարկելով ըսաւ. «Քու որդիիդ Դաւիթին», հաւանաբար յարգելով Նաբաղի տարիքը։ Ի՞նչ էր Նաբաղի հակազդեցութիւնը (Ա. Թագ. 25։5-8)։
12 Նաբաղ զայրացաւ։ «Անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ», ճիշդ ինչպէս որ վերոնշեալ երիտասարդը Աբիգիային նկարագրեց Ա. Թագ. 25։10, 11, 14)։
պատահածը։ Այդ կծծի մարդը բարձրաձայն գանգատեցաւ իր թանկարժէք հացին, ջուրին եւ մորթած անասունի միսին համար։ Ան արհամարհեց Դաւիթը՝ զինք անկարեւոր անձ եւ տիրոջմէն փախած ծառայ մը նկատելով։ Թերեւս Նաբաղի տեսակէտը նման էր Սաւուղի տեսակէտին, որ կ’ատէր Դաւիթը։ Անոնցմէ ոչ ոք ունէր Եհովայի տեսակէտը։ Աստուած կը սիրէր Դաւիթը եւ զինք կը նկատէր ոչ թէ որպէս ըմբոստ ստրուկ մը, այլ՝ Իսրայէլի ապագայ թագաւորը (13. ա) Դաւիթ սկիզբը ինչպէ՞ս հակազդեց Նաբաղի նախատինքին։ բ) Յակոբոս 1։20–ի մէջ արձանագրուած սկզբունքը ի՞նչ կը յայտնէ Դաւիթի հակազդեցութեան մասին։
13 Երբ պատգամաւորները Դաւիթին վերադարձան եւ ամէն բան պատմեցին, ան շատ բարկացաւ եւ հրամայեց. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Դաւիթ սպառազինուելով, իր տղամարդոցմէն 400 հոգի առաւ եւ գնաց յարձակելու։ Ան երդում ըրաւ սպաննել Նաբաղի տան բոլոր արուները (Ա. Թագ. 25։12, 13, 21, 22)։ Դաւիթի ցասումը հասկնալի էր, բայց զայն արտայայտելու կերպը՝ սխալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)։ Սակայն Աբիգիան ինչպէ՞ս կրնար իր տունը փրկել։
«Քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ»
14. ա) Աբիգիան ի՞նչ կերպով առաջին քայլը առաւ՝ Նաբաղի գործած սխալը ճշդելու համար։ բ) Ի՞նչ գործնական դաս մը կրնանք սորվիլ Նաբաղի եւ Աբիգիայի միջեւ եղած հակադրութենէն (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
14 Կարելի է ըսել, որ Աբիգիան այս ահռելի սխալը շտկելու համար, առաջին քայլը արդէն առած էր։ Ի տարբերութիւն իր ամուսինին, ան յօժար էր մտիկ ընելու։ Ինչ կը վերաբերի խնդիրը Նաբաղի գիտցնելուն, երիտասարդ ծառան ըսաւ. «Անիկա այնպիսի չար մարդ մըն է, որ անոր հետ մարդ չի կրնար խօսիլ» * (Ա. Թագ. 25։17)։ Ցաւօք սրտի, Նաբաղի ինքնահաւանութիւնը պատճառ դարձաւ որ ականջ տուող չըլլար։ Այս գոռոզութեան հոգին համատարած է նոյնիսկ այսօր։ Բայց երիտասարդը գիտէր թէ Աբիգիան տարբեր էր եւ այս պատճառով էր որ ան իրեն դիմեց՝ այս խնդրին համար։
Ի տարբերութիւն Նաբաղի, Աբիգիան յօժար էր մտիկ ընելու
15, 16. ա) Աբիգիան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ կը նմանէր Առակաց գիրքին մէջ նկարագրուած առաքինի կնոջ։ բ) Աբիգիայի արարքը ինչո՞ւ ըմբոստութիւն չէր իր ամուսինին իրաւացի գլխաւորութեան դէմ։
15 Աբիգիան արագօրէն մտածեց եւ գործի անցաւ։ Կը կարդանք թէ ան «շուտով» գործեց։ Այս արձանագրութեան մէջ «շուտով» բառը չորս անգամ յիշուած է այս կնոջ առնչութեամբ։ Աբիգիան Դաւիթին եւ անոր տղամարդոց համար առատաձեռնօրէն պարգեւներ պատրաստեց, Առ. 31։10-31)։ Աբիգիան այս բոլոր նուէրները իր ծառաներուն միջոցով ղրկեց Դաւիթին, ապա ինք ճամբայ ելաւ, «բայց իր էրկանը՝ Նաբաղին չիմացուց» (Ա. Թագ. 25։18, 19)։
որոնք ընդգրկեցին հաց, գինի, ոչխար, բոհրած ցորեն, չամիչի ողկոյզներ եւ թուզի շարոցներ։ Յստակ է որ Աբիգիա գիտէր թէ ի՛նչ ունէր եւ ի՛նք կը տնօրինէր իր տունը։ Այսպիսով, ան կը նմանէր ճիշդ այն առաքինի կնոջ, որ յետագային նկարագրուած է Առակաց գրքին մէջ (16 Արդեօք ասիկա նշանակե՞ց թէ Աբիգիան այդպիսով կ’ըմբոստանար իր ամուսինին իրաւացի գլխաւորութեան դէմ։ Ո՛չ։ Ի մտի ունեցիր որ Նաբաղ Եհովայի օծեալ ծառայի մը հետ չար կերպով վարուած էր,– արարք մը որ իրապէս կրնար Նաբաղի տան շատ մը անմեղ մարդոց մահուան պատճառ դառնալ։ Եթէ Աբիգիան գործի չանցնէր, Նաբաղին հետ մեղսակից պիտի չսեպուէ՞ր։ Այս պարագային, ան պէտք էր առաւել Աստուծո՛յ ենթարկուէր, քան իր ամուսինին։
17, 18. Աբիգիան ինչպէ՞ս մօտեցաւ Դաւիթին, ի՞նչ ըսաւ եւ ի՞նչ բաներ իր խօսքերը ազդեցիկ դարձուցին։
17 Շատ չանցած, Աբիգիան Դաւիթին եւ անոր տղամարդոց հանդիպեցաւ։ Ան դարձեալ շտապեց, իր իշուն վրայէն իջաւ եւ Դաւիթին առջեւ խոնարհեցաւ (Ա. Թագ. 25։20, 23)։ Ապա իր սիրտը բացաւ եւ աղաչեց, որ Դաւիթ ողորմէր իր ամուսինին եւ ընտանիքին։ Ի՞նչ բաներ Աբիգիայի խօսքերը ազդեցիկ դարձուցին։
18 Խնդրին պատասխանատուութիւնը ինք իր վրայ առաւ եւ Դաւիթէն խնդրեց որ անձամբ իրեն ներէր։ Ան իրապաշտօրէն ընդունեց, որ իր ամուսինը անզգամ էր, ինչպէս որ Նաբաղ անունը կը նշանակէ։ Ան թերեւս ըսել կ’ուզէր որ Դաւիթ այդպիսի անհատ մը պատժելով իր արժանապատուութենէն իջած պիտի ըլլար։ Ան իր վստահութիւնը արտայայտեց Դաւիթին հանդէպ որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը, գիտակցելով թէ ան «Տէրոջը պատերազմները» կը մղէր։ Կինը նաեւ նշեց, թէ տեղեակ էր Դաւիթին եւ թագաւորութեան վերաբերեալ Եհովայի խոստումին մասին, քանի որ ըսաւ. «Տէրը. . . քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ»։ Աւելին, ան Դաւիթը յորդորեց որ չառնէր քայլ մը, որ զինք արիւնապարտ կրնար դարձնել կամ՝ յետագային կրնար «գայթակղութիւն» ըլլալ՝ ակներեւաբար խղճի խայթին ակնարկելով (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 25։24-31)։ Ի՜նչ ազնիւ եւ ազդեցիկ խօսքեր։
19. Դաւիթ ինչպէ՞ս ընդառաջեց Աբիգիայի խօսքերուն եւ ինչո՞ւ զինք գովեց։
19 Իսկ Դաւի՞թ ինչպէս հակազդեց։ Ան ընդունեց Աբիգիայի ընծան եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ»։ Դաւիթ գովեց Աբիգիան, որ քաջաբար շտապած էր զինք տեսնելու, եւ գիտակցեցաւ թէ կինը զինք ետ պահած էր արիւնապարտութենէ։ «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛», ըսաւ ան, խոնարհաբար աւելցնելով. «Ահա խօսքիդ մտիկ ըրի» (Ա. Թագ. 25։32-35)։
«Ահա քու աղախինդ»
20, 21. ա) Ի՞նչ բան տպաւորիչ կը գտնես այն իրողութենէն, թէ Աբիգիան յօժար էր իր ամուսինին քով վերադառնալու։ բ) Նաբաղին հետ խօսելու ժամանակը ընտրելուն մէջ, Աբիգիան ինչպէ՞ս քաջութիւն եւ խոհեմութիւն դրսեւորեց։
20 Հրաժեշտ տալէն ետք, Աբիգիան այդ հանդիպման մասին մտածած ըլլալու էր, եւ հետեւաբար նկատած՝ թէ ի՜նչ տարբերութիւն կար այդ հաւատարիմ ու ազնիւ մարդուն եւ իր անզգամ կողակիցին միջեւ։ Բայց ինք չկեդրոնացաւ այդպիսի մտքերու վրայ։ Կը կարդանք. «Աբիգիա Նաբաղին գնաց»։ Այո, ան վերադարձաւ իր էրկանը, վճռելով իր լաւագոյնը ընել իր կնոջական դերը կատարելու համար։ Ան պէտք էր իր ամուսինին գիտցնէր՝ Դաւիթի եւ իր տղամարդոց տրուած ընծաներուն մասին։ Այս մէկը գիտնալը Նաբաղի իրաւունքն էր։ Ան նաեւ իր ամուսինին պէտք էր պատմէր սպառնացող վտանգին մասին, որ այլեւս դադրած էր, առաջ որ Նաբաղ ուրիշ տեղէ մը լսելով՝ ա՛լ աւելի նախատուած զգար։ Բայց հիմա ինք չէր կրնար իր ամուսինին հետ խօսիլ, քանի որ Նաբաղ թագաւորի մը պէս կ’ուտէր եւ ծայրաստիճան գինովցած էր (Ա. Թագ. 25։36)։
21 Դարձեալ խոհեմութիւն եւ խիզախութիւն դրսեւորելով, Աբիգիան մինչեւ առտու սպասեց, որպէսզի Նաբաղը սթափէր իր գինովցած վիճակէն։ Ան աւելի արթուն պիտի ըլլար Աբիգիային հասկնալու, հակառակ որ աւելի վտանգ կար զայրացկոտ ըլլալու։ Բայց եւ այնպէս, կինը անոր մօտեցաւ եւ ամբողջ դէպքը պատմեց։ Անկասկած, Աբիգիան ակնկալեց որ Նաբաղ իսկոյն զայրանար, թերեւս բռնութեան դիմելով։ Բայց Նաբաղ պարզապէս անշարժ նստած մնաց (Ա. Թագ. 25։37)։
22. Ի՞նչ պատահեցաւ Նաբաղին եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ ընտանեկան բռնութեան կամ անգթութեան բոլոր պարագաներուն մասին։
22 Ի՞նչ պատահեցաւ Նաբաղի։ «Անոր սիրտը իր ներսիդին մեռաւ ու քարի պէս եղաւ»։ Թերեւս ան որոշ կաթուած մը ունեցաւ։ Գրեթէ տասը օր ետք ան մահացաւ, բայց ոչ թէ միայն հիւանդութեան պատճառով։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ» (Ա. Թագ. 25։38)։ Այդ արդար դատավճիռով, Աբիգիայի երկարատեւ ամուսնական մղձաւանջը վերջ գտաւ։ Թէեւ այսօր Եհովան հրաշքով դատավճիռներ չի կայացներ, սակայն այս արձանագրութիւնը պատշաճօրէն կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ աչքէն ընտանեկան ոչ մէկ բռնութիւն կամ անգթութիւն կը վրիպի։ Եհովան միշտ արդարութիւն պիտի բերէ ի՛ր յարմար տեսած ժամանակին (կարդա՛ Ղուկաս 8։17)։
23. Աբիգիան յաւելեալ ի՞նչ օրհնութիւն ստացաւ եւ ան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ իր նոր հեռանկարը զինք չէր փոխած։
23 Գէշ ամուսնութենէ մը ձերբազատուելու կողքին, Աբիգիային մէկ ա՛յլ օրհնութիւն կը սպասէր։ Երբ Դաւիթ Նաբաղի մահագոյժը լսեց, պատգամաբերներ ղրկեց Աբիգիային ձեռքը խնդրելու։ «Ահա քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրկութիւն թող ընէ», հակազդեց կինը։ Յստակ է որ Դաւիթին կին դառնալու հեռանկարը չէր փոխած Ա. Թագ. 25։39-42)։
Աբիգիային անձնաւորութիւնը. ան նոյնիսկ առաջարկեց իր ծառաներուն ստրո՛ւկը դառնալ։ Ապա դարձեալ կը կարդանք թէ ան շուտով պատրաստուեցաւ Դաւիթին քով երթալու (24. Աբիգիան ի՞նչ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէր իր նոր կեանքին մէջ, բայց իր ամուսինն ու իր Աստուածը զինք ինչպէ՞ս կը նկատէին։
24 Բայց ասիկա հեքիաթային աւարտ մը չէր. Դաւիթի հետ Աբիգիայի կեանքը խնդիրներէ զերծ պիտի չըլլար։ Դաւիթ արդէն իսկ Աքինոամի հետ ամուսնացած էր։ Թէեւ Աստուած բազմակնութիւնը արտօնած էր, սակայն ատիկա վստահաբար մեծ դժուարութիւններ կը յարուցանէր այդ ատենուան հաւատարիմ կիներուն համար։ Ասկէ զատ, Դաւիթ դեռ թագաւոր չէր։ Ուստի ան բազմաթիւ խնդիրներ եւ խոչընդոտներ պիտի ունենար, առաջ որ Եհովային ծառայէր որպէս թագաւոր։ Բայց մինչ Աբիգիան իր ամուսինին կ’օգնէր եւ թիկունք կը կանգնէր, տարիներու ընթացքին զաւակ մըն ալ ունենալով, անդրադարձաւ թէ ունէր ամուսին մը որ զինք կ’արժեւորէր եւ կը պաշտպանէր։ Առիթով մը, Դաւիթ նոյնիսկ զինք փրկեց աւազակներու ձեռքէն (Ա. Թագ. 30։1-19)։ Այդպիսով, Դաւիթ կ’ընդօրինակէր Եհովա Աստուած, որ կը սիրէ եւ կ’արժեւորէ Աբիգիային պէս խոհեմ, քաջ եւ հաւատարիմ կիները։
^ պարբ. 9 Ասիկա այն հռչակաւոր Կարմեղոս լեռը չէր, որ հիւսիսակողմը կը գտնուէր, ուր Եղիա մարգարէն յետագային Բահաղի մարգարէներուն հետ հաշուեփակիչ ընդհարում մը ունեցաւ (տե՛ս գլուխ 10)։ Այս Կարմեղոսը քաղաք մըն էր, որ հարաւակողմը՝ անապատին վերջաւորութեան կը գտնուէր։
^ պարբ. 10 Դաւիթ հաւանաբար կը խորհէր, թէ տեղացի հողատէրերն ու անոնց հօտերը պաշտպանելով, ծառայութիւն մատուցած կ’ըլլար Եհովա Աստուծոյ։ Այդ օրերուն, Եհովայի նպատակն էր որ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի զարմը ապրէր այդ երկրին մէջ։ Ուստի զանոնք օտարազգի յելուզակներէ եւ աւազակախումբերէ պաշտպանելը սուրբ ծառայութեան ձեւ մըն էր։
^ պարբ. 14 Երիտասարդին գործածած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «բելիարի (անպիտանութեան) որդի»։ Աստուածաշունչի ա՛յլ թարգմանութիւններ այս համարին մէջ Նաբաղի համար կու տան այս նկարագրութիւնը՝ «անձ մը, որ մէկու մը մտիկ չ’ըներ» եւ այս եզրակացութիւնը՝ «անոր հետ խօսիլը անօգուտ է»։