Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 11

Պարզ կերպով սորվեցուր

Պարզ կերպով սորվեցուր

Սկզբունք. «Եթէ դուք լեզուով հասկնալի չդարձնէք խօսքը, ի՞նչպէս պիտի հասկցուին խօսուածները» (Ա. Կոր. 14։9, ՆԹ

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Մատթէոս 6։25-27։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Յիսուս ինչպէ՞ս բացատրեց Եհովային հոգատարութիւնը։

  2.  բ) Հակառակ անոր որ Յիսուս շատ բան գիտէր թռչուններուն մասին, ի՞նչ պարզ մանրամասնութեան մը վրայ կեդրոնացաւ։ Ասիկա ինչո՞ւ սորվեցնելու յաջող մեթոտ էր։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Երբ որ պարզ կերպով սորվեցնենք, մարդիկ մեր սորվեցուցածները պիտի յիշեն եւ իրենց սրտին պիտի հասնինք։

Յիսուսին նմանէ

3. Շատ մի՛ խօսիր։ Փոխանակ նիւթի մը մասին գիտցածդ–չգիտցածդ պատմելու, կեդրոնացիր դասին մէջ անցած կէտերուն վրայ։ Հարցում մը հարցնելէ ետք, համբերութեամբ սպասէ որ աշակերտդ պատասխանէ։ Եթէ պատասխանը չի գիտեր կամ սխալ պատասխան տայ, ուրիշ հարցումներ հարցուր, որ իրեն օգնես որ նիւթին շուրջ տրամաբանէ։ Մէյ մը որ աշակերտդ բուն կէտը հասկնայ, յաջորդ կէտին անցիր։

4. Աշակերտիդ օգնէ որ իր նոր սորված բաները կապէ իր գիտցած տեղեկութիւններուն հետ։ Օրինակ, յարութեան մասին դաս մը սկսելէ առաջ, կրնաս կարճ կերպով վերաքաղ ընել այն ինչ որ աշակերտդ արդէն սորված է՝ մեռելներուն ի՛նչ վիճակի մէջ ըլլալուն մասին։

5. Օրինակները ուշադրութեամբ ընտրէ։ Օրինակ մը գործածելէ առաջ, դուն քեզի հարցուր.

  1.   ա) ‘Օրինակը պա՞րզ է’։

  2.  բ) ‘Աշակերտս դիւրին–դիւրին պիտի հասկնա՞յ օրինակը’։

  3.  գ) ‘Ատիկա աշակերտիս պիտի օգնէ՞ որ բուն կէտը յիշէ, եւ ոչ թէ միայն օրինակը’։