Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Ի՞ՆՉ բան խաղամոլ եւ գող մը մղեց, որ իր մոլութիւնը յաղթահարէ եւ իր ապրելակերպը փոխէ։ Կարդա՛ իր պատմութիւնը։

«Արշաւաձիերը շատ կը սիրէի» (ՌԻՉԸՐՏ ՍԹԻՈՒԸՐԴ)։

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1965

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՃԱՄԱՅՔԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԽԱՂԱՄՈԼ ԵՒ ՈՃՐԱԳՈՐԾ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մեծցայ Ճամայքայի մայրաքաղաք՝ Քինկսթընի աղքատ եւ մարդոցմով խճողուած շրջանի մը մէջ։ Շատ անգործութիւն կար եւ ոճիրը տարածուած էր։ Աւազակախումբերու պատճառով մարդիկ միշտ վախի մէջ էին։ Գրեթէ ամէն օր կրակոցներ կը լսէի։

Մայրս ծանր կ’աշխատէր, որպէսզի ինծի ու պզտիկ եղբօրս ու քրոջս հոգ տանէր։ Ան ամէն բան ըրաւ, որ լաւ ուսում ստանայինք։ Դպրոց երթալը չէի սիրեր, բայց միւս կողմէ, շատ կը սիրէի արշաւաձիերը։ Դպրոցէն փախուստ տալով, կ’երթայի ձի վազցնելու դաշտ մը, ուր ես ալ ատեններ ձի կը քշէի։

Շուտով տարուեցայ ձիարշաւներուն հետ կապ ունեցող բախտախաղ խաղալով։ Անբարոյ կեանք կը վարէի, շատ մը կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալով։ Մարիխուանա կը գործածէի եւ սկսայ գողութիւններ ընել, որպէսզի կարենայի այդ ապրելակերպս շարունակել։ Շատ մը զէնքեր ունէի, բայց ի՜նչ լաւ է որ մէկը չսպաննուեցաւ, երբ գողութիւններ կ’ընէի։

Ի վերջոյ ոստիկանութիւնը զիս բռնեց եւ բանտը դրաւ։ Բանտէն ելլելէ ետք, նոյն ապրելակերպս շարունակեցի եւ նոյնիսկ աւելի գէշ մէկը եղայ։ Թէեւ անմեղ դէմք մը ունէի, բայց յամառ, անձնասէր, ջղային եւ վայրագ մէկն էի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Մինչ կեանքս այսպէս խնդիրներով լեցուն էր, մայրս սերտեց Աստուածաշունչը եւ եղաւ Եհովայի վկայ։ Անոր անձնաւորութեան մէջ լաւ փոփոխութիւններ տեսնելը հետաքրքրութիւնս շարժեց։ Ուզեցի գիտնալ, թէ ի՛նչ բան մայրս փոխեց, ուստի սկսայ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը քննարկել։

Նկատեցի որ Եհովայի վկաներուն սորվեցուցածները միւս կրօնքներուն սորվեցուցածներէն տարբեր էին, եւ ամէն ինչ որ Վկաները կ’ըսէին, Աստուածաշունչին հիման վրայ կ’ըսէին։ Անոնք միակ խումբն էին, որոնք տունէ տուն կը քարոզէին, ինչ որ առաջին քրիստոնեաները ըրին (Մատթէոս 28։19. Գործք 20։20, ՆԱ)։ Համոզուեցայ թէ ճշմարիտ կրօնքը գտած էի, երբ տեսայ անոնց միջեւ եղած անկեղծ սէրը (Յովհաննէս 13։35

Աստուածաշունչը սերտելով տեսայ, որ իմ կեանքիս մէջ պէտք է մեծ փոփոխութիւններ ընեմ։ Գիտցայ որ Եհովա Աստուած կ’ատէ պոռնկութիւնը եւ որպէսզի զինք հաճեցնեմ, պէտք է վազ անցնիմ այն սովորութիւններէն, որոնք մարմինս կը պղծեն (Բ. Կորնթացիս 7։1. Եբրայեցիս 13։4)։ Ազդուեցայ երբ սորվեցայ որ Եհովան զգացումներ ունի եւ թէ ինչ որ կ’ընեմ, կրնայ զինք ցաւցնել կամ ուրախացնել (Առակաց 27։11)։ Հետեւաբար վճռեցի մարիխուանա ծխելը կեցնել, զէնքերէս ձերբազատուիլ եւ ջանալ անձնաւորութիւնս բարելաւել։ Անշուշտ ինծի համար շատ դժուար էր անբարոյ ապրելակերպէս վազ անցնիլ եւ բախտախաղ խաղալէն հեռու կենալ։

Սկիզբը, չուզեցի բարեկամներուս ըսել, որ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կը սերտեմ։ Բայց միտքս փոխեցի, երբ կարդացի Մատթէոս 10։33–ի մէջ Յիսուսի այս խօսքը. «Ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։ Երբ բարեկամներուս ըսի, որ Վկաներուն հետ կը սերտեմ, անակնկալի եկան։ Անոնք չկրցան հաւատալ, թէ կ’ուզեմ քրիստոնեայ ըլլալ։ Բայց անոնց ըսի, որ այլեւս չեմ ուզեր ընել ինչ որ նախապէս կ’ընէի։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Մայրս շատ ուրախացաւ, երբ տեսաւ որ սկսած էի Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Հիմա ան չի մտահոգուիր, թէ գէշ բաներ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։ Մենք իրարու մօտիկ կը զգանք, քանի որ երկուքս ալ Եհովան կը սիրենք։ Ատեն–ատեն անցեալի կեանքս կը յիշեմ եւ չեմ հաւատար, թէ այսքան փոփոխութիւն ըրած եմ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Այլեւս չեմ ցանկար առաջուան անբարոյ եւ նիւթապաշտ ապրելակերպս ունենալ։

Եթէ Աստուածաշունչին պատգամը չընդունէի, հիմա կա՛մ մեռած պիտի ըլլայի, կամ ալ բանտին մէջ։ Բայց հիմա ուրախ եմ Եհովա Աստուծոյ ծառայելով, աջակցող կնոջս եւ հնազանդ աղջկանս հետ։ Երախտապարտ եմ Եհովային որ թոյլ տուաւ, որ սիրալիր եղբայրութեան մը մէկ մասը ըլլամ։ Շա՜տ կը գնահատեմ, որ մէկը ջանք թափեց, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինծի սորվեցնէ։ Եւ կ’արժեւորեմ այն առիթը որ ունիմ ուրիշներուն օգնելու, որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները գիտնան։ Իսկ մանաւանդ երախտապարտ եմ Եհովա Աստուծոյ, որ ինծի հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տուաւ՝ զիս իրեն քաշելով։

[Մէջբերում]

«Սորվեցայ որ Եհովան զգացումներ ունի եւ թէ ինչ որ կ’ընեմ, կրնայ զինք ցաւցնել կամ ուրախացնել»

[Նկար]

Տեսայ լաւ փոփոխութիւններ մօրս անձնաւորութեան մէջ

[Նկար]

Կնոջս եւ աղջկանս հետ