Յունուար 6-12
ՍԱՂՄՈՍ 127-134
Երգ 88 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Ծնողնե՛ր, շարունակեցէք հոգ տանիլ ձեր թանկարժէք զաւակներուն
(10 վրկ.)
Ծնողները կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ, որ իրենց ընտանիքին պէտքերը հոգան (Սաղ. 127։1, 2)
Զաւակները թանկարժէք նուէր են Եհովայէն (Սաղ. 127։3. դ21.08 5 ¶9)
Ամէն մէկ զաւակ մարզէ ի՛ր պէտքերուն համաձայն (Սաղ. 127։4. դ19.12 26 ¶20)
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Սաղ. 128։3. Սաղմոս գրողը ինչո՞ւ որդիները կը նմանցնէ ձիթենիի տունկերու (խա-1-ԱՐ«Աստուածաշունչի բոյսերը»)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Սաղ. 132։1-18 (կս դաս 2)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 1 կէտ 3)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մէկը կ’ըսէ թէ կը հաւատայ բանի մը, որ Աստուածաշունչի սորվեցուցածին կը հակասէ (մսա դաս 5 կէտ 4)։
6. Աշակերտել
(5 վրկ.) կվյ դաս 16 կէտեր 4-5։ Աշակերտիդ ըսէ թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ ըրած ես, որ ան շարունակէ սերտել, երբ որոշ պատճառաւ շրջանէն հեռու ըլլաս (մսա դաս 10 կէտ 4)։
Երգ 5
7. Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք ձեր օրինակով
(15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։
Եհովայի կազմակերպութիւնը հրատարակած է մեծ թիւով նիւթեր՝ ծնողներուն օգնելու որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովային մասին։ Բայց ամէնէն կարեւոր գործիքներէն մէկը, որ ծնողները ունին՝ իրենց լաւ օրինակն է (Բ. Օր. 6։5-9)։
Յիսուս այս կարեւոր գործիքը գործածեց իր աշակերտներուն սորվեցնելու համար։
Կարդա՛ Յովհաննէս 13։13-15։ Ետքը հարցուր.
-
Իր աշակերտներուն իր օրինակով սորվեցնելու Յիսուսի գործածած կերպը ինչո՞ւ կը կարծես յաջողեցաւ։
Ծնողնե՛ր, ձեր ըրածները կրնան ձեր զաւակներուն ցոյց տալ, որ ձեր սորվեցուցածները օգտակար են։ Ասկէ զատ, ձեր լաւ օրինակը թոյլ կու տայ, որ ձեր զաւակները ձեզի մտիկ ընեն եւ ձեր սորվեցուցածը գործադրեն։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Մեր զաւակներուն սորվեցուցինք մեր օրինակով։ Ետքը, հարցուր.
-
Կարսիաները ի՞նչ կարեւոր դասեր սորվեցուցին իրենց աղջիկներուն։
-
Այս վիտէոն քեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ, որ շարունակես զաւակներուդ լաւ օրինակ ըլլալ։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 19 ¶16-21 եւ 19Բ տուփը։