Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր
Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք կեանքի ամէնէն իմաստուն խօսքերը։ Եթէ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդաս, անոր խօսքերուն վրայ խոկաս եւ սորվածներդ գործադրես, «յաջողութիւն պիտի գտնես» (Յես. 1։8. Սաղ. 1։1-3)։ Ասկէ զատ, Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուսը՝ պիտի ճանչնաս եւ անոնց մասին ձեռք ձգած այդ գիտելիքներդ կրնան քեզ փրկել (Յովհաննէս 17։3)։
Ի՞նչ շարքաւորումով պէտք է Աստուածաշունչը կարդաս։ Այս յայտագիրը կրնայ քեզի օգնել, որ ատիկա կարդաս այն շարքաւորումով որ կ’երեւին Աստուածաշունչին մէջ կամ ալ նիւթ առ նիւթ։ Օրինակ, կրնաս կարդալ կարգ մը մասեր, որոնք քեզի գաղափար կու տան թէ Աստուած անցեալին ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլացիներուն հետ։ Իսկ ուրիշ մասերէ կրնաս սորվիլ թէ ինչպէ՛ս առաջին դարուն քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ եւ աճեցաւ։ Եւ եթէ ամէն օր այս յայտագիրին հետեւիս, մէկ տարուան մէջ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած պիտի ըլլաս։
Եթէ կը մտածես Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ, մէկ տարուան մէջ կարդալ կամ առաջին անգամ ըլլալով կարդալ, այս յայտագիրը քեզի օգտակար պիտի դառնայ։ Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիրը բեռնէ եւ այսօր իսկ կարդալու սկսէ։