ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Ո՞վ պիտի ընտրէք որպէս ղեկավար. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Մարդիկ կարեւոր որոշումներու առջեւ են, թէ ո՛վ պիտի ընտրեն որպէս ղեկավար։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Մարդկային ղեկավարները սահմանափակ կարողութիւններ ունին
Աստուածաշունչը կը նշէ թէ բոլոր մարդկային ղեկավարները որոշ սահմանափակում մը ունին։
«Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։3, 4)։
Նոյնիսկ ամենակարող ղեկավարները ի վերջոյ պիտի մեռնին։ Ասկէ զատ, անոնք չեն կրնար վստահ ըլլալ, որ իրենցմէ ետք եկող անձը իրենց լաւ գործերը պիտի շարունակէ (Ժողովող 2։18, 19)։
Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ մարդիկ երբեք չեն կրնար իրենք զիրենք իշխել։
«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։
Արդեօք մէկը կա՞յ, որ կրնայ լաւ ղեկավար մը ըլլալ այսօր։
Աստուծոյ կողմէ ընդունելի ղեկավար մը
Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ Աստուած շատ կարող եւ վստահելի ղեկավար մը նշանակած է, որ է՝ Յիսուս Քրիստոսը (Սաղմոս 2։6)։ Յիսուս թագաւորն է Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ երկնքէն իշխող կառավարութիւն մըն է (Մատթէոս 6։10)։
Յիսուսի ղեկավարութիւնը պիտի ընդունի՞ս։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ ասիկա կարեւոր հարցում մըն է։
«Որդին [Յիսուս Քրիստոսը] համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան» (Սաղմոս 2։12)։
Հիմա՛ է ժամանակը, որ որոշում առնես։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, որ Յիսուս սկսաւ երկնքի մէջ իշխել 1914-ին, եւ թէ շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի փոխարինէ մարդկային կառավարութիւնները (Դանիէլ 2։44)։
Աւելի գիտնալու համար թէ ինչպէս կրնաս Յիսուսի ղեկավարութեան թիկունք կանգնիլ, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմա աջակցէ» յօդուածը։