Կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր ապագային. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
«Կլիմայի փոփոխութիւնը աղէտ դարձած է։ Երկիր մոլորակը արդէն սկսած է անբնակելի դառնալ» (The Guardian)։
Մարդիկ, իրենք իրենց ձեռքով, լուրջ խնդիրի դուռ բացին։ Գիտնականներուն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի, որ մարդոց ըրածները համաշխարհային ջերմացումի (global warming) պատճառ կը դառնան։ Ջերմաստիճանի բարձրացումը արդէն օդի պայմանները փոխած է եւ աղէտալի հետեւանքներու պատճառ դարձած է։ Օրինակ՝
Ծայրայեղ օդի պայմանները աւելի յաճախակի եւ զօրաւոր դարձած են։ Տաքի ալիքները, երաշտները եւ փոթորիկները պատճառ կ’ըլլան, որ աւելի՛ հեղեղներ եւ անտառային հրդեհներ ըլլան։
Սառնակոյտերը եւ Արքթիք սառերը կը հալին։
Ծովու մակարդակը կը բարձրանայ։
Կլիմայի փոփոխութեան լուրջ խնդիրը աշխարհի չորս կողմը կ’ազդէ։ 193 երկիրներու պայմանները նկարագրելէ ետք, Նիւ Եորք Թայմզ օրաթերթը տեղեկագրեց. «Երկիրը մոլորակը օգնութիւն կը խնդրէ»։ Քանի՛ որ կլիմայի փոփոխութիւնը մարդիկը կը չարչարէ եւ ոմանց մահուան պատճառ կ’ըլլայ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ատիկա կը կոչէ՝ «Մարդոց առողջութեան վնաս հասցնող ամէնէն մեծ վտանգը»։
Բայց եւ այնպէս, մենք յոյս ունինք որ աւելի լաւ ապագայ կը սպասէ մեզի։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ այսօր տեղի ունեցող վտանգաւոր դէպքերուն մասին։ Բայց նաեւ բացատրեց, որ Աստուած պիտի միջամտէ եւ շատ աղուոր ապագայ պիտի ապահովէ մարդոց համար։
Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ւ կլիմայի փոփոխութեան մասին
Այո՛։ Համաշխարհային ջերմացումին պատճառով յառաջացած կլիմայի փոփոխութիւնը կապ ունի մեր օրերուն նկատմամբ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն հետ։
Մարգարէութիւն։ Աստուած ‘կորուստի պիտի մատնէ անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն’ (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ)։
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ ժամանակի մը մասին, երբ մարդոց ըրածները Երկիր մոլորակը կործանումի աստիճան պիտի հասցնէին։ Համաշխարհային ջերմացումի պատճառով, այսօր մարդիկ, որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր մոլորակին վնաս կը հասցնեն։
Ասկէ զատ, այս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ չենք կրնար ակնկալել, որ մարդիկ Երկիր մոլորակը պիտի փրկեն։ Նկատի առ որ Աստուած պիտի միջամտէ՝ մինչ մարդիկ «երկիրը կ’ապականեն»։ Որքա՛ն ալ լաւ միտում ունեցող մարդիկ ջանք ընեն կլիմայի փոփոխութիւնը շտկելու համար, պիտի չկարենան յաջողիլ մարդիկը կեցնել Երկիր մոլորակը ապականելէ։
Մարգարէութիւն։ «Սոսկալի բաներ... պիտի ըլլան» (Ղուկաս 21։11)։
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ «սոսկալի բաներ»ու կամ վախնալիք դէպքերու մասին, որոնք մեր օրերուն տեղի պիտի ունենային։ Կլիմայի փոփոխութիւնը պատճառ դարձած է, որ վախնալիք օդի պայմաններ տիրեն ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այսօր, կարգ մը մարդիկ մնայուն եւ լուրջ մտահոգութիւն ունին՝ միջավայրի կործանումի նկատմամբ։
Մարգարէութիւն։ «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր,... անսուրբ,... անհաշտ,... մատնիչ, յանդուգն» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ յատկութիւններու եւ վարքի մասին, որոնք պատճառ կը դառնան, որ կլիմայի լուրջ խնդիր ըլլայ։ Կառավարութիւնները եւ առեւտրական հաստատութիւնները իրենց տնտեսական շահերը ամէն բանէ առաջ կը դնեն եւ հետաքրքրուած չեն յաջորդ սերունդներու կեանքի որակով։ Նոյնիսկ երբ անոնք փորձեն միասնաբար աշխատիլ որ լուծում գտնեն, չեն համաձայնիր թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնուին՝ համաշխարհային ջերմացումին վերջ դնելու համար։
Այս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ պէտք չէ ակնկալենք որ մարդիկ իրենց վարքը պիտի փոխեն եւ Երկիրը պաշտպանեն։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ անձնասէր յատկութիւններով մարդիկ «չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմոթէոս 3։13)։
Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած պիտի միջամտէ
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Եհովա a Աստուած, մեր Ստեղծիչը, շատ հետաքրքրուած է Երկիր մոլորակով եւ անոր բնակիչներով։ Նկատի առ միայն երեք համարներ, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուած պիտի միջամտէ։
1. Աստուած Երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։
Աստուած երկրի վրայ իր նպատակը պիտի իրագործէ (Եսայի 55։11)։ Ան պիտի չձգէ որ ատիկա կործանի կամ անբնակելի դառնայ։
2. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։11, 29)։
Աստուած կը խոստանայ, որ մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին երկրի վրայ՝ խաղաղ պայմաններու տակ։
3. «Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին» (Առակաց 2։22)։
Աստուած կը խոստանայ մէջտեղէն վերցնել անոնք՝ որոնք կը պնդեն չարութիւն ընել, մէջը ըլլալով՝ երկիրը ապականողները։
Ապագային կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ
Աստուած ինչպէ՞ս պիտի կատարէ երկրի նկատմամբ իր խոստումները։ Ան ասիկա պիտի ընէ համաշխարհային կառավարութեան մը միջոցաւ, որ կը կոչուի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւն (Մատթէոս 6։10)։ Այդ Թագաւորութիւնը երկինքէն պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Ատիկա պէտք պիտի չունենայ համաձայնութիւններ կնքելու մարդկային կառավարութիւններու հետ՝ երկրի եւ միջավայրի հետ վերաբերող հարցերու շուրջ։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի փոխարինէ մարդկային կառավարութիւնները (Դանիէլ 2։44)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրախ լուր է բոլոր մարդոց համար ե՛ւ բնութեան համար (Սաղ. 96։10-13)։ Նկատի առ թէ Եհովա Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ։
Միջավայրը պիտի նորոգէ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1)։
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովա Աստուած Երկիր մոլորակին առողջութիւնը պիտի նորոգէ, նոյնիսկ այն շրջանները՝ որոնք լուրջ կերպով վնասուած են մարդոց կողմէ։
Ծայրայեղ օդի պայմանները հակակշռի տակ պիտի առնէ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Եհովան] մրրիկը կը հանդարտեցնէ ու ալիքները կը դադարին» (Սաղմոս 107։29)։
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան զօրութիւնը ունի իր հակակշռին տակ առնելու բնութեան ուժերը։ Ծայրայեղ օդի պայմանները այլեւս մարդոց վնաս պիտի չհասցնեն։
Մարդոց պիտի սորվեցնէ Երկիր մոլորակին լաւ հոգ տանիլ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի» (Սաղմոս 32։8)։
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան մարդոց պատասխանատուութիւն տուած է, որ Երկիր մոլորակին հոգ տանին (Ծննդոց 1։28. 2։15)։ Ան մեզի պիտի սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր ստեղծագործութեան լաւագոյն կերպով հոգ տանիլ եւ ապրիլ այնպիսի կերպով, որ բնութեան վնաս չհասցնենք։
a Աստուծոյ անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։ Տես «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը։