Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ լուրջ հիւանդութիւն ունիս

Երբ լուրջ հիւանդութիւն ունիս

«Երբ գիտցայ որ քաղցկեղ ունիմ թոքին եւ հաստ աղիքին մէջ, զգացի որ այդ պահուն մահուան դատապարտուեցայ։ Բայց բժիշկին քովէն տուն վերադառնալէս ետք, մտածեցի. ‘Ճիշդ է որ ասիկա չէի ակնկալեր, բայց պէտք է կերպ մը գտնեմ, որ այս վիճակին դիմանամ’» (Լինտա, 71 տարեկան)։

«Շատ ցաւ պատճառող հիւանդութենէ մը կը տառապիմ, որ կ’ազդէ երեսիս ձախ կողմի ջիղերուն։ Ատեն–ատեն, խիստ ցաւին պատճառաւ ընկճուածութիւն ունեցած եմ։ Շատ անգամ, միայնակ կը զգայի եւ նոյնիսկ մտածեցի անձնասպան ըլլալ» (Էլիս, 49 տարեկան)։

ԵԹԷ քեզի կամ սիրելիներէդ մէկուն՝ բժիշկը ըսած է, թէ ունի լուրջ հիւանդութիւն մը, որ կրնայ մահուան տանիլ, ուրեմն գիտես թէ պարագան որքա՜ն ճնշիչ կրնայ ըլլալ։ Հիւանդութենէն զատ, պէտք է գլուխ ելլես իրար անցած զգացումներու հետ։ Վախդ եւ մտահոգութիւնդ կրնան աւելնալ, մինչ ետեւ–ետեւի բժշկական ժամադրութիւններու կ’երթաս, դարմանում ստանալու մէջ դժուարութիւններ կ’ունենաս կամ դեղերը վնասակար ազդեցութիւն կ’ունենան։ Այո, լուրջ հիւանդութեան ընկերակցող մտային տառապանքը կրնայ ջախջախիչ ըլլալ։

Ո՞ւր կրնանք օգնութիւն գտնել։ Շատեր նկատած են որ ամէնէն շատ կը մխիթարուին՝ Աստուծոյ աղօթելով եւ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական համարներ կարդալով։ Ընտանիքն ու բարեկամներն ալ կրնան օգտակար ըլլալ իրենց սիրով եւ աջակցութեամբ։

ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Ռապըրթ, որ 58 տարեկան է, կ’ըսէ. «Աստուծոյ հանդէպ հաւատքովդ հիւանդութիւնդ դիմագրաւէ եւ Աստուած քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս։ Եհովային աղօթէ։ Իրեն ըսէ զգացումներդ։ Իրմէ սուրբ հոգին խնդրէ։ Եւ խնդրէ որ քեզի օգնէ ընտանիքիդ անդամներուն հանդէպ դրական եւ քաջալերական ըլլալու եւ հանդարտ մնալու, մինչ հիւանդութեանդ կը տոկաս»։

Ռապըրթը կ’աւելցնէ. «Շատ օգտակար է երբ ընտանիքդ զգացական գետնի վրայ քեզի թիկունք կը կանգնի։ Ընտանիքէս մէկ կամ երկու հոգի ամէն օր ինծի կը հեռաձայնեն եւ որպիսութիւնս կը հարցնեն։ Ասկէ զատ, տարբեր տեղեր ապրող բարեկամներ զիս կը քաջալերեն։ Անոնք իրապէս կը ձգեն որ աւելի լաւ զգամ, եւ ատիկա ինծի կ’օգնէ որ չյանձնուիմ»։

Եթէ հիւանդի մը բարեկամն ես եւ իրեն կ’այցելես, նկատի առ Լինտային ըսածը. «Հիւանդը վստահաբար կ’ուզէ կարելի եղածին չափ սովորական կեանք մը վարել եւ թերեւս միշտ չփափաքի իր հիւանդութեան մասին խօսիլ։ Ուստի խօսէ այն բաներուն մասին, որ սովորաբար իրարու հետ կը խօսիք»։

Աստուծոյ զօրութեամբ եւ Սուրբ Գրութիւններու մխիթարութեամբ, ինչպէս նաեւ սիրալիր ընտանիքի եւ բարեկամներու աջակցութեամբ, կրնանք վստահ ըլլալ որ կ’արժէ ապրիլ, նոյնիսկ երբ լուրջ հիւանդութեան մը կը տոկանք։