Մեր չարչարանքը Աստուծոյ կողմէ պատի՞ժ է
ԼՈՒՑԻԱՆ ԻՐ ՁԱԽ ՈՏՔԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԿԱՂԱՅ։ Երբ Լուցիան երեխայ էր, մանկական անդամալուծութեամբ բռնուեցաւ. փոխանցիկ հիւանդութիւն մը, որ կը հարուածէ մարմնի ջղային դրութիւնը։ Երբ 16 տարեկան էր, Լուցիային գործատիրուհին իրեն ըսաւ. «Աստուած քեզ պատժեց անդամալոյծ ընելով քեզ, քանի որ մօրդ անհնազանդ էիր եւ անկիրթ էիր»։ Տարիներ ետք, Լուցիան տակաւին կը յիշէր, թէ որքա՜ն քանդուած զգաց, երբ այդ խօսքը լսեց։
ԵՐԲ ՏԱՄԱՐԻՍԸ ԳԻՏՑԱՒ ՈՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ ՔԱՂՑԿԵՂ ՈՒՆԷՐ, իր հայրը իրեն հարցուց. «Ի՞նչ ըրիր որ այս հիւանդութեամբ բռնուեցար։ Վստահ եմ որ շատ գէշ բան մը ըրած ես։ Անոր համար Աստուած քեզ կը պատժէ»։ Իր հօր այս խօսքը Տամարիսին հոգեկանը քանդեց։
Մարդիկ հինէն ի վեր կը կարծեն որ հիւանդութիւնները Աստուծոյ կողմէ պատիժ են։ Գիրք մը կ’ըսէ, որ Քրիստոսի օրերուն շատեր կը հաւատային որ «հիւանդութիւնը հիւանդին կամ անոր ազգականներուն գործած մեղքին պատիժն էր» (Manners and Customs of Bible Lands)։ Ուրիշ գիրք մը կ’ըսէ, որ Միջին դարերուն «կարգ մը մարդիկ կը կարծէին, որ Աստուած մարդիկը հիւանդութեամբ կը զարնէր, որ զանոնք պատժէ իրենց գործած մեղքերուն համար» (Medieval Medicine and the Plague)։ Լաւ, երբ 14–րդ դարուն ամբողջ Եւրոպայի մէջ միլիոնաւորներ մեռան ժանտախտի պատճառով, Աստուած չար մարդի՞կը կը դատապարտէր, թէ ոչ ժանտախտը պարզապէս հետեւանքն էր մանրէական վարակումի մը, ինչպէս որ գիտնականները ետքը ըսին։ Արդեօք ճի՞շդ է որ Աստուած մարդիկը հիւանդութիւններով կը զարնէ, որպէսզի չարչարուին իրենց գործած մեղքերուն համար *։
ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Եթէ հիւանդութիւնը եւ չարչարանքը Աստուծմէ պատիժներ են՝ որոնց մենք արժանի ենք, լաւ ինչո՞ւ Յիսուս հիւանդները բժշկեց։ Այդպէս ընելով, Յիսուս Աստուծոյ արդարութեան դէմ ելած չէ՞ր ըլլար (Մատթէոս 4։23, 24)։ Յիսուս բնա՛ւ Աստուծոյ հակառակ պիտի չաշխատէր։ Ան ըսաւ. «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» եւ «ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ» (Յովհաննէս 8։29. 14։31)։
Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, որ Եհովա Աստուած «անիրաւութիւն չունի» (Բ. Օրինաց 32։4)։ Օրինակ, Աստուած բնա՛ւ օդանաւի արկած կամ պայթում չի պատճառեր եւ հարիւրաւոր անմեղ մարդիկ չի սպաններ, պարզապէս կարգ մը ճամբորդներ պատժելու համար։ Աբրահամ, որ Աստուծոյ հաւատարիմ մէկ ծառան էր, ըսաւ որ անկարելի՛ է որ Աստուած ‘արդարը ամբարշտին հետ կորսնցնէ’ (Ծննդոց 18։23, 25)։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ «Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ» (Յոբ 34։10-12)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Եթէ կը չարչարուինք, ասիկա ըսել չէ որ Աստուած մեզ կը պատժէ քանի որ մեղք մը գործած ենք։ Յիսուս ինք ասիկա յստակ դարձուց։ Երբ ան եւ իր աշակերտները ի ծնէ կոյր մը տեսան, «աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. ‘Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ’։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. ‘Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին’» (Յովհաննէս 9։1-3)։
Քանի՛ որ այդ օրերուն այդ տեսակ սխալ կարծիքներ կը տիրէին, վստահաբար Յիսուսին աշակերտները զարմացան, երբ ան ըսաւ որ մեղքը ո՛չ մարդուն եւ ոչ ալ անոր ծնողներուն վզին է։ Այսպէս, Յիսուս ոչ միայն մարդուն կուրութեան վերջ դրաւ, հապա նաեւ տապալեց այն սխալ գաղափարը, թէ չարչարանքը Աստուծոյ կողմէ պատիժ է (Յովհաննէս 9։6, 7)։ Այսօր, անոնք՝ որոնք առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունին, կրնան մխիթարուիլ գիտնալով որ իրենց չարչարանքին պատճառը Աստուած չէ։
Ինչո՞ւ Յիսուս հիւանդները պիտի բժշկէր, եթէ Աստուած զանոնք կը պատժէր իրենց չար գործերուն համար
Մխիթարիչ համարներ
-
«Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (ՅԱԿՈԲՈՍ 1։13)։ Իրականութեան մէջ այդ «չար բաներ»ը, որոնք դարերէ ի վեր մարդոց գլխուն եկած են, մէջը ըլլալով հիւանդութիւնը, ցաւը եւ մահը, շուտով վերջ պիտի գտնեն։
-
Յիսուս Քրիստոս «բոլոր հիւանդները բժշկեց» (ՄԱՏԹԷՈՍ 8։16)։ Բոլոր իր քով եկողները բժշկելով, Աստուծոյ Որդին ցոյց տուաւ այն ինչ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իրագործէ ամբողջ աշխարհի մէջ։
-
«Ինք [Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։3-5)։
ՄԵՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ Ո՞Վ ՊԷՏՔ Է ՄԵՂԱԴՐԵԼ
Լաւ ինչո՞ւ այսքան կը ցաւինք եւ կը չարչարուինք։ Այս հարցումը մարդկութեան միտքը զբաղեցուցած է դարերէ ի վեր։ Եթէ Աստուած մեղադրելի չէ, ուրեմն ո՞վ մեզ ա՛յսքան կը չարչարէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
^ պարբ. 4 Ճիշդ է որ անցեալին եղա՛ծ են դէպքեր, երբ Աստուած մարդիկը պատժած է իրենց մեղքերուն համար, բայց Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ Եհովա Աստուած այսօր հիւանդութիւններու կամ աղէտներու միջոցաւ մարդիկը կը պատժէ՝ անոնց մեղքերուն համար։