Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդելով՝ կրնանք իսկապէս երջանիկ ըլլալ

Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ հնազանդողներուն

Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ հնազանդողներուն

Մովսէս մարգարէն ըսաւ, որ եթէ Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդինք, Իր օրհնութիւնը պիտի ստանանք (Բ. Օրինաց 10։13. 11։27)։ Պատիժէ վախնալով չէ որ Աստուծոյ կը հնազանդինք։ Անոր գեղեցիկ յատկութիւնները մեզ կը մղեն իրեն հնազանդելու, քանի որ զինք կը սիրենք ու չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք կրնայ տխրեցնել։ «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք» (Ա. Յովհաննէս 5։3

Բայց Աստուծոյ հնազանդիլը ինչպէ՞ս օրհնութիւններ կը բերէ։ Նկատի առ երկու կերպ։

1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԻՄԱՍՏՈՒՆ Կ’ԸԼԼԱՆՔ

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (ԵՍԱՅԻ 48։17

Եհովա Աստուած, մեր Ստեղծիչը, մեզ կը ճանչնայ եւ պէտք եղած առաջնորդութիւնը կու տայ։ Եթէ կ’ուզենք որ իր ուսուցումները մեզի օգնեն իմաստուն որոշումներ առնելու, պէտք է Սուրբ Գրութիւններէն սորվինք, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք, եւ ապա մեր սորվածը գործադրենք։

2. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԵՐՋԱՆԻԿ Կ’ԸԼԼԱՆՔ

«Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (ՂՈՒԿԱՍ 11։28

Ներկայիս միլիոնաւորներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կը հնազանդին, իսկական ուրախութիւն կը վայելեն։ Օրինակ, նկատի առ Սպանիոյ մէջ ապրող տղամարդ մը, որ դիւրաւ կը բարկանար եւ կոշտ կերպով կը վարուէր ուրիշներուն հետ, մէջը ըլլալով իր կինը։ Օր մը, երբ Մովսէս մարգարէին գրութիւններէն կը կարդար, նկատեց Յակոբի տղուն՝ Յովսէփին, հեզ անձնաւորութիւնը։ Յովսէփ որպէս ստրուկ ծախուեցաւ եւ անարդարօրէն բանտարկուեցաւ. սակայն մնաց ազնիւ, խաղաղարար ու ներող (Ծննդոց, գլուխ 37-45)։ Տղամարդը ընդունեց. «Յովսէփի մասին մտածելը զիս մղեց, որ հեզութիւն, քաղցրութիւն ու ինքնազսպում մշակեմ։ Առ ի արդիւնք, այժմ երջանիկ կեանք մը կը վայելեմ»։

Սուրբ Գրութիւնները յաւելեալ ուղղութիւններ կու տան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք ուրիշներու հետ։ Յաջորդ յօդուածը ասոր մասին մանրամասնօրէն կը խօսի։