Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ

Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ

Ներկայիս, ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքի բազմաթիւ թարգմանութիւններ կան։ Քու կարծիքովդ, նոր թարգմանութիւնները կ’օգնե՞ն որ Սուրբ Գիրքը հասկնաս, թէ ոչ՝ հակառակը։ Եթէ գիտնաս թէ ատոնք ինչպէ՛ս մէջտեղ եկած են, պիտի կարենաս աւելի իմաստութեամբ կարծիքդ տալ ատոնց մասին։

Բայց նախ նկատի առնենք թէ բուն Սուրբ Գիրքը ո՛վ գրեց եւ ե՛րբ։

ԲՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ

Սուրբ Գիրքը սովորաբար բաժնուած է երկու մասերու։ Առաջին մասը ունի 39 գիրքեր, որոնց մէջ կան «Աստուծոյ պատգամները» (Հռովմայեցիս 3։2)։ Աստուած հաւատարիմ մարդիկ մղեց որ այս գիրքերը գրեն շուրջ 1100 տարուան ընթացքին՝ Ք.Ա. 1513–էն մինչեւ Ք.Ա. 443–էն ժամանակ մը ետք։ Անոնք մեծաւ մասամբ գրեցին եբրայերէնով, եւ այս պատճառով այս մասը կը կոչենք՝ Եբրայերէն Գրութիւններ, որ նաեւ կոչուած է՝ Հին Կտակարան։

Երկրորդ մասը ունի 27 գիրքեր, եւ ատոնք ալ «Աստուծոյ խօսք»ն են (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Աստուած մղեց որ Յիսուս Քրիստոսի կարգ մը հաւատարիմ աշակերտները գրեն այս գիրքերը շուրջ 60 տարուան ընթացքին՝ շուրջ Ք.Ե. 41–էն մինչեւ Ք.Ե. 98։ Անոնք մեծաւ մասամբ գրեցին յունարէնով, եւ այս պատճառով այս մասը կը կոչենք՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, որ նաեւ կոչուած է՝ Նոր Կտակարան։

Այս 66 գիրքերը կը կազմեն ամբողջ Սուրբ Գիրքը, որ Աստուծոյ տուած պատգամն է մարդկութեան։ Բայց ի՞նչ պատճառներով Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւններ մէջտեղ եկան։ Նկատի առ գլխաւոր պատճառներէն երեքը։

  • Որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց խօսած լեզուով կարդալ Սուրբ Գիրքը։

  • Որպէսզի Սուրբ Գիրքը ընդօրինակողներուն ըրած սխալները վերցուին, եւ այսպիսով Սուրբ Գիրքին բուն գրութիւնը պահեն։

  • Որպէսզի Սուրբ Գիրքը արդի լեզուով գրուի։

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս այս կէտերուն հիման վրայ երկու թարգմանութիւններ մէջտեղ եկան։

ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԵՕԹԱՆԱՍՆԻՑ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուսին օրերէն շուրջ 300 տարի առաջ, հրեայ ուսումնականներ սկսան Եբրայերէն Գրութիւնները թարգմանել յունարէնի։ Այդ թարգմանութիւնը կոչուեցաւ՝ Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւն։ Ատիկա մէջտեղ եկաւ, որպէսզի այն հրեաները որոնք եբրայերէնին տեղ սկսած էին յունարէն խօսիլ, կարենային «սուրբ գրքերը» կարդալ եւ հասկնալ (Բ. Տիմոթէոս 3։15

Եօթանասնից–ը նաեւ օգնեց որ միլիոնաւոր յունախօս մարդիկ, որոնք հրեայ չէին, գիտնան թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս։ Փրոֆէսոր Ու. Ֆ. Հաուըրտ կ’ըսէ. «Առաջին դարու կէսէն սկսեալ, ատիկա քրիստոնէական Եկեղեցիին բուն Աստուածաշունչը դարձաւ, եւ միսիոնարները կ’երթային ժողովարանէ ժողովարան ‘սուրբ գրութիւններուն միջոցաւ փաստելով՝ թէ Յիսուս Մեսիան էր’» (Գործք 17։3, 4. 20։20)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն էր որ ինչո՛ւ շատ մը «հրեաներու հետաքրքրութիւնը մարեցաւ Եօթանասնիցին հանդէպ», ըստ աստուածաշնչագէտ Ֆ. Ֆ. Պրուսին։

Ամէն անգամ որ Յիսուսի աշակերտներուն ձեռքը անցնէր Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն գիրք մը, զայն կ’աւելցնէին Եբրայերէն Գրութիւններուն Եօթանասնից թարգմանութեան վրայ։ Այսպիսով մէջտեղ եկաւ հիմակուան մեր ունեցած ամբողջ Սուրբ Գիրքը։

ԼԱՏԻՆԵՐԷՆ ՎՈՒԼԿԱԹԱ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամբողջ Սուրբ Գիրքը գրուելէն շուրջ 300 տարի ետք, կրօնական ուսումնական Յերոնիմոս հրատարակեց Աստուածաշունչի լատիներէն թարգմանութիւն մը, որ յետագային կոչուեցաւ լատիներէն Վուլկաթա։ Բայց ինչո՞ւ պէտք կար նոր թարգմանութեան մը, երբ արդէն իսկ լատիներէն թարգմանութիւններ կային։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ Յերոնիմոս ուզեց ճշդել՝ «սխալ թարգմանութիւնները, յայտնի սխալները եւ անտեղիօրէն աւելցուած կամ ջնջուած մասերը» (The International Standard Bible Encyclopedia

Յերոնիմոս այդ սխալներէն շատերը սրբագրեց, բայց ժամանակի ընթացքին՝ եկեղեցական հեղինակութիւնները ամէնէն մեծ վնասը հասցուցին։ Անոնք դարեր շարունակ ըսին, որ լատիներէն Վուլկաթա–ն միակ Սուրբ Գիրքն է որ արտօնուած է։ Վուլկաթա–ն պարզ մարդոց չէր օգներ որ Սուրբ Գիրքը հասկնան, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը այլեւս լատիներէն չէր գիտեր։

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԷՋՏԵՂ ԿՈՒ ԳԱՆ

Մարդիկ շարունակեցին Սուրբ Գիրքի ուրիշ թարգմանութիւններ հանել, ինչպէս՝ ասորերէն Փէշիթա–ն, շուրջ Ք.Ե. հինգերորդ դարուն։ Բայց 14–րդ դարուն էր որ մեծ ջանք թափուեցաւ, որ Աստուածաշունչը թարգմանուի պարզ մարդոց խօսած լեզուներով։

14–րդ դարուն վերջաւորութեան՝ Անգլիոյ մէջ, Ճոն Ուիքլիֆ Սուրբ Գիրքը անգլերէնով թարգմանեց եւ այսպիսով ճամբան բացաւ որ մարդիկ սկսին մեռած լեզուէն ազատիլ։ Իր երկրին նոյնիսկ պարզ ժողովուրդը լաւ կը հասկնար անգլերէնը։ Ատկէ շատ չանցած, Եոհաննէս Կիւթենպերկ տպելու կերպեր հնարեց, եւ այսպիսով աստուածաշնչագէտները կրցան տարբեր–տարբեր լեզուներով Սուրբ Գիրքը թարգմանել ու Եւրոպայի չորս կողմը տարածել։

Երբ անգլերէն թարգմանութիւնները շատցան, ոմանք սկսան քննադատել ու ըսել, որ պէտք չկայ որ քանի մը թարգմանութիւններ ըլլան նոյն լեզուով։ 18–րդ դարու անգլիացի կղերական Ճոն Լուիս գրեց. «Լեզուն կը հիննայ եւ անհասկնալի կը դառնայ։ Ասոր համար, կարեւոր է որ հին Թարգմանութիւնները վերանայուին, որպէսզի խօսին գործածուած լեզուն եւ հասկնալի ըլլան ներկայ սերունդին կողմէ»։

Ներկայիս, աստուածաշնչագէտներուն համար որեւէ ժամանակէ աւելի դիւրին է, որ հին թարգմանութիւնները վերանայումի ենթարկեն։ Անոնք Սուրբ Գիրքին բնագիր լեզուներուն մասին շատ աւելի յստակ գիտութիւն ունին, ինչպէս նաեւ՝ արժէքաւոր հին ձեռագիրներ, որոնք վերջերս գտնուած են։ Ատոնք կ’օգնեն որ գիտնան թէ Սուրբ Գիրքին բուն գրութիւնը ճիշդ ինչ է։

Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի նոր թարգմանութիւններ ունենալը շատ օգտակար է։ Անշուշտ, պէտք է զգոյշ ըլլանք կարգ մը թարգմանութիւններէ *։ Բայց եթէ թարգմանողները Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ սէրէ մղուած ըրած են նոր թարգմանութիւններ, անոնց գործէն կրնանք շատ օգտուիլ։

 

^ պարբ. 24 Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը զատել» յօդուածը, այս պարբերաթերթին 1 մայիս 2008 թիւին մէջ (անգլերէն)։