Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Բուն կէտերը վերաքաղ ըրէ

Բուն կէտերը վերաքաղ ըրէ

Պատահա՞ծ է որ չես յիշած ինչ որ դեռ նոր սերտեցիր։ Ասիկա ատեն–ատեն բոլորիս հետ կը պատահի։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։ Բուն կէտերը վերաքաղ ընելը։

Մինչ կը սերտես, ատեն–ատեն կեցիր որ ամէնէն կարեւոր կէտերուն մասին մտածես։ Պօղոս առաքեալ ճիշդ ասիկա քաջալերեց որ եղբայրներն ու քոյրերը ընեն, իր նամակը նկատի առած ատեննին։ Ան ըսաւ. «Այս ըսուած խօսքերուն բուն կէտը այս է» (Եբ. 8։1, ՆԱ)։ Ասանկով, անոնց օգնեց որ հասկնան թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր եւ թէ իր ըսած ամէն մէկ խօսքը ինչպէ՛ս կապուած էր իր խօսած նիւթին հետ։

Ամէն անգամ որ բան մը սերտես, կրնաս ժամանակ տրամադրել (թերեւս տասը վայրկեան), որ բուն կէտերուն մասին մտածես։ Եթէ ատոնք չես յիշեր, ենթավերնագիրներուն նայիր կամ ալ ամէն մէկ պարբերութեան բուն կէտին նայիր (որ ընդհանրապէս առաջին նախադասութիւնը կ’ըլլայ), որպէսզի յիշես։ Եթէ նոր բան մը սորվեցար, փորձէ ատիկա քու բառերովդ բացատրել։ Եթէ բուն կէտերը վերաքաղ ընես, ոչ միայն աւելի լաւ պիտի յիշես, հապա նաեւ աւելի յստակօրէն պիտի տեսնես որ նիւթը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել քու կեանքիդ մէջ։