Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա, Յովսիա

Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ

Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ

«Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, յիշէ թէ քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի» (Դ. ԹԱԳ. 20։3

ԵՐԳԵՐ. 52, 65

1-3. Ի՞նչ կը նշանակէ «կատարեալ սրտով» Եհովային ծառայել. օրինակ մը տուր։

ԲՈԼՈՐՍ անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Բայց փառք Եհովային որ փրկանքը կարգադրած է եւ պատրաստ է մեզի ներելու։ Ուրեմն եթէ խոնարհ ըլլանք եւ զղջանք, կրնանք իրմէ ներում խնդրել եւ վստահ ըլլալ որ «մեր մեղքերուն համեմատ» պիտի չվարուի մեզի հետ (Սաղ. 103։10)։ Սակայն պէտք է ‘կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ընենք’ Եհովային (Ա. Մն. 28։9)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել, հակառակ որ անկատար ենք։

2 Այս կէտը հասկնալու համար, բաղդատենք Յուդայի Ասա թագաւորին կեանքը՝ Ամասիա թագաւորին կեանքին հետ։ Երկու թագաւորներն ալ լաւ բաներ ըրին, բայց Ասան կատարեալ սրտով ըրաւ (Բ. Մն. 15։16, 17. 25։1, 2. Առ. 17։3)։ Երկուքն ալ անկատար էին եւ սխալներ ըրին, բայց Ասան միշտ փորձեց Եհովան հաճեցնել եւ իրեն լման նուիրուած էր (Ա. Մն. 28։9)։ Անդին, Ամասիան լման չէր նուիրուած Եհովային։ Ան Եհովայի թշնամիներուն յաղթելէ ետք, անոնց կուռքերը իրեն հետ բերելով սկսաւ զանոնք պաշտել (Բ. Մն. 25։11-16

3 Այն անձը՝ որ «կատարեալ սրտով» Եհովային կը ծառայէ, զինք շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ յաւիտեան պաշտել զինք։ Սուրբ Գիրքին մէջ, «սիրտ» բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ մէկու մը ներքին անձին, մէջը ըլլալով իր ցանկութիւնները, մտածելակերպը, հակումը, կեցուածքները, կարողութիւնները, շարժառիթները եւ նպատակակէտերը։ Ուրեմն այն անձը որ լման սրտով Եհովային կը ծառայէ, ո՛չ կեղծաւորութեամբ կը ծառայէ ոչ ալ քանի որ ստիպուած է կամ իրեն համար սովորութիւն դարձած է։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Հակառակ որ անկատար ենք, կրնա՛նք կատարեալ սրտով Եհովային ծառայել, եթէ շարունակենք առանց կեղծաւորութեան զինք պաշտել (Բ. Մն. 19։9

4. Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Որպէսզի աւելի հասկնանք թէ ի՛նչ ըսել է կատարեալ սրտով Եհովային ծառայել, նկատի պիտի առնենք Ասային կեանքը, ինչպէս նաեւ Յուդայի հաւատարիմ թագաւորներէն երեքին կեանքը՝ Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա։ Անոնք բոլորն ալ սխալներ ըրին, բայց Եհովան անոնց հաճեցաւ։ Աստուծոյ աչքին՝ անոնց ծառայութիւնը ինչո՞ւ կատարեալ սրտով էր, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իրենց նմանիլ։

ԱՍԱՅԻՆ ՍԻՐՏԸ «ՏԷՐՈՋԸ ՀԵՏ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԷՐ»

5. Ասան ի՞նչ ըրաւ երբ թագաւոր եղաւ։

5 Ասան Յուդայի երրորդ թագաւորն էր, Իսրայէլը երկու թագաւորութիւններու բաժնուելէ ետք՝ Իսրայէլի թագաւորութիւնը եւ Յուդայի թագաւորութիւնը։ Ան իր թագաւորութենէն վերցուց կռապաշտութիւնը եւ սոդոմական մեղք գործողները։ Ան նոյնիսկ իր մեծ մայրը Մաաքան «տիկնութենէ [կամ՝ մայր–թագուհութենէ] հանեց, քանզի անիկա Աստարովթի կուռք մը շիներ էր» (Գ. Թագ. 15։11-13)։ Ասկէ զատ, Ասան ժողովուրդը քաջալերեց որ «Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն»։ Այսպիսով, ան իր ամէն կարելին ըրաւ որ ուրիշներուն օգնէ Եհովան պաշտելու (Բ. Մն. 14։4

6. Երբ եթովպիացիները յարձակեցան Յուդային վրայ, Ասան ի՞նչ ըրաւ։

6 Ասային իշխանութեան առաջին տասը տարիները, Եհովան խաղաղութիւն տուաւ Յուդային։ Ետքը, եթովպիացիները եկան Յուդային դէմ կռուելու 1,000,000 զինուորներով եւ 300 կառքերով (Բ. Մն. 14։1, 6, 9, 10)։ Ասան ի՞նչ ըրաւ։ Ան սրտանց աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց, լման վստահ ըլլալով որ ան կրնայ օգնել իր ժողովուրդին (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 14։11)։ Ատեններ, Եհովան իր անուանը համար կը ձգէր որ նոյնիսկ անհաւատարիմ թագաւորները յաղթէին իրենց թշնամիներուն (Գ. Թագ. 20։13, 26-30)։ Սակայն Ասային պարագային, Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց որ պատերազմը շահին, քանի որ Ասան իրեն վստահեցաւ (Բ. Մն. 14։12, 13)։ Բայց Ասան յետագային իմաստութեամբ չվարուեցաւ, երբ ասորիներուն թագաւորէն օգնութիւն խնդրեց, փոխանակ Եհովայէն խնդրելու (Գ. Թագ. 15։16-22)։ Հակառակ ասոր, Եհովան տեսաւ որ Ասան զինք կը սիրէր։ Անոր «սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր»։ Ինչպէ՞ս կրնանք Ասային նմանիլ (Գ. Թագ. 15։14

7, 8. Ինչպէ՞ս կրնաս Ասային նմանիլ։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ լման նուիրուած ենք Եհովային։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովային պիտի հնազանդի՞մ նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։ Լման մտքով կ’ուզե՞մ իր ժողովքը մաքուր պահել’։ Մտածէ թէ Ասան որքա՜ն քաջ պէտք էր ըլլար, որ իր մեծ մայրը հանէր իր թագաւորական դիրքէն։ Ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ Ասային պէս քաջ ըլլաս։ Օրինակ՝ ի՞նչ կ’ընես եթէ ընտանիքիդ մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամդ մեղք գործէ, չզղջայ եւ վտարուի։ Միտքդ կը դնե՞ս որ անոր հետ պիտի չընկերակցիս։ Սիրտդ քեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

8 Ատեններ, Ասային պէս կը զգանք որ բոլորը մեզի դէմ են։ Թերեւս դասընկերներդ կամ ուսուցիչներդ քեզ ծաղր ընեն, քանի որ Եհովայի վկայ ես։ Կամ թերեւս գործակիցներդ մտածեն որ անխելք ես, քանի որ յաւելեալ ժամեր չես աշխատիր կամ քանի որ արձակուրդ կ’առնես հոգեւոր բաներու համար։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, Ասային պէս Եհովային աղօթէ։ Քաջաբար Եհովային վստահէ եւ շարունակէ ճիշդը ընել։ Միտքդ պահէ թէ Եհովան զօրացուց եւ օգնեց Ասային, եւ Ան քեզ ալ պիտի զօրացնէ։

9. Երբ կը քարոզենք, ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ կատարեալ սիրտ ունինք։

9 Ասան միայն իր անձին մասին չէր մտածեր։ Ան ուրիշները քաջալերեց որ «Տէր Աստուածը փնտռեն»։ Մենք ալ ուրիշներուն կ’օգնենք որ Եհովան պաշտեն։ Ան կ’ուրախանայ երբ ուրիշներուն կը խօսինք իրեն մասին, քանի որ զինք կը սիրենք եւ հետաքրքրուած ենք մարդոցմով եւ անոնց ապագայով։

ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԵՀՈՎԱՆ ՓՆՏՌԵՑ

10, 11. Ինչպէ՞ս կրնաս Յովսափատին նմանիլ։

10 Յովսափատ «իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց» (Բ. Մն. 20։31, 32)։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր հօրը պէս քաջալերեց ժողովուրդը, որ շարունակեն Եհովան պաշտել։ Ան մարդիկ ղրկեց Յուդայի քաղաքները, որպէսզի «Տէրոջը օրէնքի գիրք»էն սորվեցնեն ժողովուրդին (Բ. Մն. 17։7-10)։ Ան նոյնիսկ գնաց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան շրջանները՝ Եփրեմի լեռները, որպէսզի «զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձ[նէ]» (Բ. Մն. 19։4)։ Յովսափատ թագաւոր մըն էր, որ իր ամբողջ սրտով Եհովան փնտռեց (Բ. Մն. 22։9

11 Ներկայիս, Եհովան կ’ուզէ որ աշխարհի չորս կողմը մարդիկ իր մասին սորվին, եւ բոլորս կրնանք այս գործին մասնակցիլ։ Նպատակակէտ դրա՞ծ ես որ ամէն ամիս այս գործին մասնակցիս։ Կ’ուզե՞ս Սուրբ Գիրքը սորվեցնել ուրիշներուն, որպէսզի անոնք ալ սկսին Եհովան պաշտել։ Ասոր մասին կ’աղօթե՞ս։ Եթէ ջանք թափես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիս։ Պատրա՞ստ ես մէկու մը հետ ուսումնասիրելու, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ ազատ ժամերէդ զոհես։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Յովսափատ Եփրեմի շրջանները գնաց, որպէսզի մարդոց օգնէ որ դարձեալ սկսին Եհովան պաշտել, մենք ալ կրնանք ջանալ օգնել անգործունեայ դարձողներուն։ Ասկէ զատ, երէցները կարգադրութիւններ կ’ընեն որ այցելեն եւ օգնութիւն առաջարկեն ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող վտարուած անհատներուն, որոնք թերեւս մեղք գործելու իրենց սովորութիւնը ձգած են։

12, 13. ա) Երբ Յովսափատ վախցաւ, ի՞նչ ըրաւ։ բ) Ինչո՞ւ Յովսափատին պէս պէտք է մեր տկարութիւնները ընդունինք։

12 Յովսափատ իր հօրը Ասային պէս Եհովային վստահեցաւ, երբ մեծ բանակ մը եկաւ Յուդային դէմ կռուելու (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 20։2-4)։ Անշուշտ որ Յովսափատ վախցաւ, բայց ան «Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ»։ Ան աղօթքով խոստովանեցաւ որ իր ժողովուրդը «այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չուն[ի]», եւ թէ ինք եւ իր ժողովուրդը չէին գիտեր ինչ ընել։ Ան լման վստահեցաւ Եհովային, ըսելով. «Մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք» (Բ. Մն. 20։12

13 Ատեններ մենք ալ Յովսափատին պէս չենք գիտնար թէ ինչ ընենք, եւ նոյնիսկ կը վախնանք (Բ. Կոր. 4։8, 9)։ Բայց միտքդ պահէ թէ Յովսափատ ի՛նչ ըրաւ։ Ան բոլոր ժողովուրդին առջեւ աղօթեց եւ Եհովային ըսաւ որ որքա՜ն տկար կը զգային (Բ. Մն. 20։5)։ Ընտանիքի գլուխը կրնայ Յովսափատին պէս Եհովայէն խնդրել որ օգնէ իրեն եւ իր ընտանիքին, որ առջեւնին եղած խնդրին հետ գլուխ ելլեն եւ գիտնան ի՛նչ ընել։ Մի՛ ամչնար ընտանիքիդ առջեւ այսպիսի աղօթքներ ընելու։ Այսպիսով, անոնք պիտի անդրադառնան որ որքա՜ն կը վստահիս Եհովային։ Աստուած Յովսափատին օգնեց, եւ քեզի ալ պիտի օգնէ։

ԵԶԵԿԻԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ՃԻՇԴԸ ԸՆԵԼ

14, 15. Եզեկիան ինչպէ՞ս լման վստահեցաւ Աստուծոյ։

14 Եզեկիա թագաւորն ալ «Տէրոջը յարեցաւ», հակառակ որ իր հայրը կուռքեր կը պաշտէր եւ գէշ օրինակ էր իրեն համար։ Եզեկիան «բարձր տեղերը վերցուց ու արձանները կոտրտեց եւ Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց եւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ», քանի որ իսրայէլացիները սկսած էին զայն պաշտել։ Ան Եհովային լման նուիրուած էր եւ շարունակեց «Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահե[լ]» (Դ. Թագ. 18։1-6

15 Երբ Եզեկիան թագաւոր էր, Ասորեստանի զօրաւոր բանակը Յուդա մտաւ եւ սպառնաց Երուսաղէմը կործանել։ Սենեքերիմ թագաւորը Եհովան ծաղր ըրաւ, եւ փորձեց Եզեկիային փորը վախ ձգել որ յանձնուի։ Բայց Եզեկիան լման վստահեցաւ Եհովային եւ աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրեց։ Ան գիտէր թէ Աստուած ասորեստանցիներէն շատ աւելի զօրաւոր է եւ կրնա՛յ Իր ժողովուրդը ազատել (կարդա՛ Եսայի 37։15-20)։ Աստուած իր աղօթքին պատասխանեց եւ հրեշտակ մը 185,000 զինուոր սպաննեց (Եսա. 37։36, 37

16, 17. Ինչպէ՞ս կրնաս Եզեկիային նմանիլ։

16 Յետագային, Եզեկիան մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ան Եհովային աղաչեց որ յիշէ իր հաւատարմութիւնը եւ օգնէ իրեն (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 20։1-3)։ Եհովան լսեց Եզեկիային աղօթքը եւ բժշկեց զինք։ Սուրբ Գիրքէն գիտենք որ այսօր չենք կրնար Եհովայէն ակնկալել որ հրաշքով բժշկէ մեզ կամ մեր կեանքը երկնցնէ։ Սակայն կրնանք Եզեկիային պէս օգնութիւն խնդրել իրմէ։ Կրնանք իրեն ըսել. «Քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի»։ Կը հաւատա՞ս որ Եհովան կրնա՛յ եւ կ’ուզէ քեզի ոյժ տալ նոյնիսկ երբ հիւանդ ես (Սաղ. 41։3

17 Ուրիշ ինչպէ՞ս կրնանք Եզեկիային նմանիլ։ Թերեւս կայ բան մը որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան ժխտականօրէն կ’ազդէ, կամ իրեն ծառայելու մեր ժամանակէն կը գողնայ։ Օրինակ, այսօր շատեր պաշտելու աստիճան արժէք կու տան որոշ անձերու, ինչպէս՝ հռչակաւորներ եւ ուրիշներ որոնց չեն ճանչնար։ Անոնք շատ ժամանակ կ’անցընեն անոնց մասին կարդալով եւ անոնց նկարները դիտելով։ Անոնք շատ անգամներ ընկերային ցանցեր կամ ուրիշ բաներ կը գործածեն, որպէսզի մարդոց հետ հաղորդակցին համացանցին վրայ։ Անշուշտ, թերեւս բոլորս ատոնց միջոցաւ մեր ընտանիքին կամ մտերիմ բարեկամներուն հետ կը հաղորդակցինք։ Բայց կրնայ ըլլալ որ շատ ժամանակ կորսնցնենք ընկերային ցանցերու վրայ։ Թերեւս նոյնիսկ սկսինք ուռիլ եւ հպարտանալ, երբ բազմաթիւ մարդիկ սիրեն համացանցին մէջ մեր գրածները կամ դրած նկարները։ Կամ թերեւս նոյնիսկ նեղուինք երբ մարդիկ այլեւս չհետեւին մեր դրածներուն։ Փոխարէն, պէտք է նմանինք Պօղոս առաքեալին եւ Ակիւղասին ու Պրիսկիղային։ Կրնա՞ս երեւակայել որ անոնք ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէին, որ մարդոց ըրած ամէն մէկ բանը գիտնային, մանաւանդ անոնց՝ որոնք Եհովան չէին պաշտեր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Պօղոս շատ զբաղած էր քարոզելով։ Իսկ Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը իրենց ժամանակը գործածեցին, որ ‘Աստուծոյ ճամբան աւելի ճիշդ հասկցնեն’ ուրիշներուն (Գործք 18։4, 5, 26)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ուշադիր կ’ըլլա՞մ որ մարդիկը աստուծոյ տեղ չդնեմ կամ շատ ժամանակ չտրամադրեմ բաներու որ իրականութեան մէջ կարեւոր չեն’ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16

ՅՈՎՍԻԱՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵՑԱՒ ԵՀՈՎԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

18, 19. Ինչպէ՞ս կ’ուզես Յովսիային նմանիլ։

18 Եզեկիային թոռնիկին տղան՝ Յովսիա թագաւորն ալ «բոլոր սրտով» հնազանդեցաւ Եհովայի պատուիրանքներուն (Բ. Մն. 34։31)։ Երբ ան տակաւին պատանի էր, «իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ»։ Իսկ երբ 20 տարեկան էր, սկսաւ Յուդայէն մաքրել կռապաշտութիւնը (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։1-3)։ Յովսիան Յուդայի շատ մը թագաւորներէ աւելի ջանք թափեց որ Եհովան հաճեցնէ։ Օր մը, քահանայապետը տաճարին մէջ Աստուծոյ Օրէնքի գիրքը գտաւ։ Ատիկա հաւանաբար Մովսէսին անձամբ գրած գիրքն էր։ Երբ դպիրը զայն թագաւորին կարդաց, թագաւորը անդրադարձաւ որ պէտք է աւելի բաներ ընէ, որպէսզի Եհովային լման կերպով ծառայէ։ Ան ուրիշներ ալ քաջալերեց որ Եհովային ծառայեն։ Այսպիսով, Յովսիային ամբողջ կեանքին ընթացքին, ժողովուրդը «իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան» (Բ. Մն. 34։27, 33

19 Մանուկները կրնան Յովսիային պէս պզտիկ տարիքէն Եհովան ճանչնալ։ Կրնայ ըլլալ որ Յովսիան իր մեծ հօրմէն՝ Մանասէէն սորվեցաւ թէ Եհովան պատրաստ է ներելու։ Ո՛վ պատանիներ, դուք ալ կրնաք ձեր ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ եղող տարիքով մեծ անհատներէն սորվիլ։ Անոնք կրնան ձեզի պատմել, թէ Եհովան որքա՜ն լաւ բաներ ըրած է իրենց համար։ Նաեւ յիշեցէք թէ երբ Յովսիան Սուրբ Գրութիւնները կարդաց, ազդուեցաւ եւ անմիջապէս փոփոխութիւններ ըրաւ։ Երբ դուք ալ Սուրբ Գիրքը կարդաք, հաւանաբար աւելի ուզէք Եհովային հնազանդիլ։ Այսպիսով, իրեն հետ ձեր բարեկամութիւնը պիտի զօրանայ եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլաք։ Ետքը, պիտի ուզէք որ ուրիշներուն ալ խօսիք Եհովային մասին (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։18, 19)։ Նաեւ երբ Սուրբ Գիրքը սերտէք, թերեւս անդրադառնաք որ ձեր ծառայութիւնը կրնաք աւելի լաւ դարձնել կարգ մը մարզերու մէջ։ Այս պարագային, ձեր լաւագոյնը ըրէք որ Յովսիային պէս փոփոխութիւններ ընէք։

ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՍՐՏՈՎ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԷ

20, 21. ա) Մեր նկատի առած չորս թագաւորներն ալ ի՞նչ նմանութիւն ունէին։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յուդայի այս չորս թագաւորներէն, որոնք կատարեալ սրտով ծառայեցին Եհովային։ Անոնք միշտ նախանձախնդրութեամբ կատարեցին Աստուծոյ կամքը եւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին Եհովան պաշտեցին։ Անոնք իրեն վստահեցան, նոյնիսկ երբ զօրաւոր թշնամիներ իրենց դէմը ելան։ Ամէնէն կարեւորը, անոնք Եհովային ծառայեցին քանի որ զինք կը սիրէին։

21 Այս չորս թագաւորները անկատար էին եւ սխալներ ըրին, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։ Բայց հակառակ ասոր, Եհովան անոնց հաճեցաւ։ Ան անոնց սրտին մէջինը տեսաւ եւ գիտէր թէ անոնք իրապէս կը սիրէին զինք։ Մենք ալ անկատար ենք։ Լաւ, երբ Եհովան մեզ քննէ, պիտի տեսնէ՞ թէ կատարեալ սրտով կը ծառայենք իրեն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասոր մասին պիտի խօսինք։