Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անասունները կրնային տրուիլ որպէս հարսնագին

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչի օրերուն, իսրայէլացիները ինչո՞ւ հարսնագին կու տային

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ օրերուն, փեսացուն կամ իր ընտանիքը հարսնագին կու տար հարսին ընտանիքին, երբ երկու ընտանիքները կը համաձայնէին որ ամուսնութիւնը ըլլայ։ Հարսնագինը կրնար ըլլալ՝ արժէքաւոր առարկաներ, անասուններ կամ դրամ։ Երբեմն, հարսնագինը կ’ըլլար՝ գործ մը կատարել, ինչպէս որ էր Յակոբին պարագան, որ ընդունեց Ռաքէլի հօր քով եօթը տարի աշխատիլ, որպէսզի կարենար Ռաքէլին հետ ամուսնանալ (Ծն. 29։17, 18, 20)։ Ի՞նչ էր այս սովորութեան նպատակը։

Աստուածաշունչի ուսումնական Քարոլ Մայըրզ կ’ըսէ. «Հողագործութեամբ զբաղող ընտանիքներուն համար, աշխատանքին մէջ իրենց աղջկան բերած բաժինը կարեւոր էր։ Անոր համար, հարսին ընտանիքին տրուած հարսնագինը այդ կորուստը կը գոցէր»։ Հարսնագինը թերեւս նաեւ երկու ընտանիքներուն միջեւ եղած բարեկամական կապը կը զօրացնէր, եւ այդ կապին շնորհիւ ընտանիքները կրնային նեղութեան ժամանակներուն իրարու օգնել։ Ասկէ զատ, հարսնագինը կը փաստէր, որ աղջիկը նշանուած էր եւ թէ մօտ ատենէն իր ամուսինը պատասխանատու պիտի ըլլար զինք հոգալու եւ պաշտպանելու։

Հարսնագին տալը չէր նշանակեր, թէ աղջիկը կը ծախուէր կամ կը գնուէր։ Գիրքը մը կ’ըսէ. «Աղջկան ընտանիքին տրուած դրամը, կամ ի՛նչ որ դրամին տեղը կ’առնէ, այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ Իսրայէլի մէջ ամուսնութիւնը առեւտուրի կը նմանի։ Այնպէս կ’երեւի թէ հարսնագինը կը սեպուէր հարսին ընտանիքին տրուած հատուցում, եւ ոչ թէ կնոջ համար վճարուած գումար» (Ancient Israel—Its Life and Institutions

Ներկայիս, կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկ տակաւին ունին հարսնագին տալու սովորութիւնը։ Երբ քրիստոնեայ ծնողներ հարսնագին կը պահանջեն, ‘իրենց քաղցրութիւնը ամէն մարդու յայտնի կ’ընեն’, չխնդրելով չափազանց շատ բաներ (Փլպ. 4։5. Ա. Կոր. 10։32, 33)։ Այս կերպով, անոնք ցոյց կու տան որ ո՛չ «արծաթասէր» են, ոչ ալ ագահ (Բ. Տիմ. 3։2)։ Ասկէ զատ, երբ քրիստոնեայ ծնողները չեն պահանջեր շատ սուղ հարսնագին մը, փեսացուն պիտի չստիպուի ամուսնութիւնը յետաձգել, մինչեւ որ կարենայ պէտք եղած գումարը հաւաքել հարսնագինը տալու համար։ Կամ փեսացուն պիտի չզգայ, որ ստիպուած է ռահվիրայութենէն վազ անցնիլ, որպէսզի լիաժամ աշխատելով ապահովէ պահանջուած սուղ հարսնագինը։

Կարգ մը երկիրներու մէջ, հարսնագին տալու նկատմամբ կառավարական օրէնքներ կան։ Այսպիսի երկիրներու մէջ եղող քրիստոնեայ ծնողները այդ օրէնքներուն կը հնազանդին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ Խօսքը քրիստոնեաներէն կը պահանջէ, որ ‘իշխանութիւններուն հնազանդին’ եւ յարգեն այն օրէնքները, որոնք Աստուծոյ օրէնքներուն հակառակ չեն (Հռով. 13։1. Գործք 5։29