Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Երբ սիրելի մը մահանայ

Երբ սիրելի մը մահանայ

«Հոգի՛ս, Աստուած գիտէ թէ լաւագոյնը ի՛նչ է. . . Մի՛ լար»։

Մէկը այս խօսքը Պիպի անունով կնոջ մը ականջին փսփսաց, որ իր հօր թաղումին էր։ Իր հայրը ինքնաշարժի արկածով մահացած էր։

Պիպի շատ մօտիկ էր իր հօր, եւ այս խօսքը ըսողը ընտանիքին մօտիկ անձ մըն էր, որ լաւ միտումով ըսաւ։ Բայց այդ խօսքը Պիպին վիրաւորեց՝ մխիթարելու տեղ։ Ան շարունակ ինքն իրեն ըսաւ. «Իր մահանալուն մէջ լաւ բան մը չկայ»։ Երբ տարիներ ետք Պիպի այս եղածը պատմեց գիրքի մը մէջ, շատ յստակ էր որ տակաւին կը սգար։

Ինչպէս որ Պիպիին պարագան էր, կրնայ երկար ժամանակ առնել որ մէկը այս ցաւին հետ գլուխ ելլէ, մանաւանդ երբ շատ մօտիկ ըլլայ մեռնողին։ Ըստ Աստուածաշունչին, մահը «թշնամի» է (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ատիկա մեր ճամբան կը կտրէ եւ սիրելի եղող անհատ մը մեզմէ կը յափշտակէ,– շատ անգամներ՝ երբ բոլորովին պատրաստ չենք։ Բան մը չկայ որ զայն կեցնէ։ Բոլորս ալ կը տուժենք ատոր ձգած հետքերէն։ Ուստի բնական է որ չգիտնանք ինչպէ՛ս մահուան եւ իր հետեւանքներուն հետ գլուխ ելլել։

Թերեւս դուն քեզի հարցուցած ես. ‘Որքա՞ն ժամանակ կ’ուզէ որ մէկը այս ցաւէն ազատի։ Անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ այս ցաւին հետ գլուխ ելլել։ Ինչպէ՞ս կրնամ մխիթարել անոնք որ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Մեռնողներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ’։