ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Սգաւորները մխիթարել
Երբեք պատահա՞ծ է որ տեսնես անձ մը որ սիրելիի մը մահուան վրայ կը սգայ, եւ դուն ձեռքդ–ոտքդ կապուած զգաս։ Ատեններ չենք գիտնար թէ ի՛նչ ըսենք կամ ընենք, ուստի ո՛չ բան մը կ’ըսենք, ոչ ալ բան մը կ’ընենք։ Բայց կա՛ն գործնական եւ օգտակար բաներ, որ կրնանք ընել։
Շատ անգամներ կը բաւէ որ անհատին քովը ըլլաս եւ զգացնես թէ որքա՜ն տխուր ես։ Շատ մը մշակոյթներու մէջ, փաթթուկ ընելը կամ մէկու մը ձեռքը կամացուկ մը սեղմելը՝ հետաքրքրուելու նշան է։ Եթէ սգացողը կ’ուզէ խօսիլ, կարեկցութեամբ մտիկ ըրէ։ Լաւագոյն բանը որ կրնաս ընել՝ կորուստ ունեցող ընտանիքին օգնութեան ձեռք երկարելն է։ Թերեւս կրնաս ընել գործ մը, որ սգացողին պարտականութիւնն է՝ բայց չէ կրցած զայն ընել, ինչպէս՝ ճաշ եփել, պզտիկներուն հոգ տանիլ կամ թաղման կարգադրութիւնները ընելու մէջ օգնել։ Այսպիսի գործեր կրնան լաւագոյն բառերէն աւելի բարձր հնչել։
Ժամանակ մը ետք, թերեւս ուզես մեռնողին մասին խօսիլ, կեդրոնանալով իր լաւ յատկութիւններուն վրայ կամ ուրախ դէպքերու վրայ։ Այսպիսի խօսակցութիւններ նոյնիսկ կրնան ժպիտ մը գծել սգացողին երեսին վրայ։ Օրինակ՝ Փէմ, որ վեց տարի առաջ կորսնցուց իր ամուսինը՝ Իըն, կ’ըսէ. «Ատեններ մարդիկ ինծի կը պատմեն թէ Իըն ի՛նչ
լաւ բաներ ըրած է, որոնց մասին բնա՛ւ չէի գիտեր, եւ ասիկա լաւ կը զգացնէ զիս»։Պրպտումները կը ցուցնեն թէ շատ մը պարագաներու ներքեւ՝ մարդիկ սկիզբը շատ կ’օգնեն սգացողին, սակայն շատ չանցած կը մոռնան անոնց պէտքերը, քանի որ դարձեալ զբաղած կ’ըլլան իրենց անձնական կեանքով։ Ուստի ջանա՛ սգաւորին հետ կանոնաւորաբար կապի մէջ մնալ *։ Շատ մը սգաւորներու համար ասիկա առիթ մըն է որ իրենց երկարատեւ ցաւէն քիչ մը դուրս ելլեն։
Նկատի առ ճափոնցի երիտասարդ կնոջ մը՝ Քաորիին օրինակը, որ զգաց թէ աշխարհը գլխուն փլաւ երբ իր մայրը կորսնցուց ու 15 ամիս ետք՝ իր մեծ քոյրը։ Բարեբախտաբար, հաւատարիմ բարեկամներ շարունակաբար իրեն օգնեցին։ Անոնցմէ մէկուն անունն էր Ռիցուքօ, որ տարիքով շատ աւելի մեծ էր Քաորիէն եւ առաջարկեց որ իր մտերիմ բարեկամուհին ըլլայ։ Քաորին կ’ըսէ. «Խօսքին բացը, այս գաղափարը շատ չհաւնեցայ։ Չէի ուզեր որ մէկը մօրս տեղը առնէ, եւ չէի կարծեր որ մէկը կրնայ իր տեղը առնել։ Բայց Ռիցուքօ մամային վարուելակերպը պատճառ եղաւ որ իրեն մօտիկ զգամ։ Ամէն շաբաթ միասին քարոզելու եւ ժողովներու կ’երթայինք։ Զիս կը հրաւիրէր որ իրեն հետ թէյ խմեմ, ճաշ կը բերէր եւ շատ անգամներ ինծի նամակ կամ քարտ կը գրէր։ Ռիցուքօ մամային դրական կեցուածքը վրաս լաւ ազդեցութիւն ձգեց»։
Քաորիին մօր մեռնելուն վրայ 12 տարի անցած է եւ այժմ ինքը եւ իր ամուսինը լիաժամ քարոզիչներ են։ Քաորին կ’ըսէ. «Ռիցուքօ մաման տակաւին ինձմով կը հետաքրքրուի։ Երբ կը վերադառնամ ուր որ ան կ’ապրի, միշտ իրեն կ’այցելեմ եւ իր շինիչ ընկերակցութիւնը կը վայելեմ»։
Կիպրոսի մէջ Փոլի անունով Եհովայի վկայ մըն ալ օգտուած է, երբ մարդիկ շարունակաբար օգնութեան ձեռք երկնցուցած են իրեն։ Փոլի ունէր ազնիւ ամուսին մը՝ Սօզոս, որ քրիստոնէական օրինակելի հովիւ մըն էր, քանի որ շատ անգամներ որբեր եւ որբեւայրիներ կը հրաւիրէր իրենց տունը, որպէսզի ընկերակցին եւ միասին ուտեն (Յակոբոս 1։27)։ Ցաւօք սրտի, ուղեղի քաղցկեղ ունենալով՝ Սօզոս 53 տարեկանին մեռաւ։ Փոլի կ’ըսէ. «33 տարուան հաւատարիմ ամուսինս կորսնցուցի»։
Թաղումէն ետք, Փոլին Քանատա փոխադրուեցաւ իր ամէնէն պզտիկ տղուն՝ Տանիէլին հետ, որ 15 տարեկան էր։ Հոն անոնք սկսան Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովքին ընկերակցիլ։ Փոլի կը յիշէ. «Նոր ժողովքիս մէջ ունեցած բարեկամներս բան մը չէին գիտեր մեր անցեալին եւ մեր ունեցած դժուար պարագաներուն մասին։ Հակառակ ասոր, անոնք մեզի մօտեցան եւ իրենց ազնիւ խօսքերով եւ գործնական օգնութեամբ մեզ մխիթարեցին։ Այս օգնութիւնը հասաւ ժամանակի մը մէջ, երբ տղաս իր հօրը շատ պէտք ունէր։ Անոնք որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին, Տանիէլին հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցուցին։ Մասնաւորաբար անոնցմէ մէկը վստահ կ’ըլլար որ Տանիէլ ներկայ ըլլար, երբ բարեկամներով իրարու կ’ընկերակցէին կամ գնդակ խաղալու կ’երթային»։ Ներկայիս, թէ՛ մայրը եւ թէ տղան լաւ են։
Վստահաբար, շատ մը կերպերով կրնանք սգաւորներուն գործնական օգնութիւն տալ եւ մխիթարել։ Նաեւ Աստուածաշունչը մեզ կը մխիթարէ, ապագային կատարուելիք յոյս մը տալով մեզի։
^ պարբ. 6 Ոմանք մահուան թուականը նոյնիսկ իրենց օրացոյցին վրայ նշած են, որպէսզի չմոռնան մխիթարել սգաւորը երբ մխիթարութեան շատ պէտք ունի, ըլլա՛յ մահուան թուականին կամ ատոր մօտ։