Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Վերջին օրերո՞ւն մէջ կ’ապրինք։
Ի՞նչ կ’ըսես
Այո
Ոչ
Թերեւս
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
«Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Եթէ նայինք Սուրբ Գիրքին մարգարէութեան եւ հիմակուան դէպքերուն, կը տեսնենք թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Վերջին օրերուն ընթացքին՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ մահացու հիւանդութիւններու համաճարակներ պիտի ըլլային (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։11)։
Վերջին օրերուն ընթացքին, մարդոց բարոյականութիւնն ու հոգեւորութիւնը գէշ պիտի ըլլար (Բ. Տիմոթէոս 3։2-5)։
Մարդկութեան ապագան ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Ոմանք կը հաւատան՝ թէ վերջին օրերուն վերջաւորութեան՝ երկիրը եւ բոլոր մարդիկը պիտի կործանին, մինչ ուրիշներ կը յուսան որ վիճակները աւելի լաւ ըլլան։ Դուն ի՞նչ կը կարծես։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Վերջին օրերուն վերջաւորութեան՝ բոլոր գէշութիւնները պիտի վերցուին (Ա. Յովհաննէս 2։17)։
Երկիրը դրախտի պիտի վերածուի (Եսայի 35։1, 6)։