Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՐԹԻ՛Ր 2019–ի թիւ 2 | Պզտիկները ի՞նչ վեց դասեր պէտք է սորվին

Պզտիկները ի՞նչ վեց դասեր պէտք է սորվին

Պզտիկդ ինչպէ՞ս կ’ուզես որ ճանչցուի երբ մեծնայ.

  • Ինքնազուսպ

  • Խոնարհ

  • Չյանձնուող

  • Պատասխանատու

  • Հասուն

  • Պարկեշտ

Պզտիկները իրենք իրենցմէ այս յատկութիւնները չեն զարգացներ։ Անոնք օգնութեանդ պէտք ունին։

Այս պարբերաթերթը պիտի քննարկէ վեց կարեւոր դասեր, որոնք կրնաս պզտիկներուդ սորվեցնել, զիրենք չափահասութեան պատրաստելով։

Ինքնազսպում ունենալ

Ինքնազսպում ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ինքնազուսպ ըլլալ։

Խոնարհ ըլլալ

Պզտիկներուդ խոնարհ ըլլալ սորվեցնելը իրենց պիտի օգնէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։

Չյանձնուիլ

Այն պզտիկները, որոնք կը սորվին չյանձնուիլ, պիտի կարենան կեանքի դժուարութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւել։

Պատասխանատուութիւն շալկել

Մէկը ո՞ր տարիքին կը սորվի պատասխանատուութիւն շալկել. երբ պզտի՞կ է, թէ՞ չափահաս է։

Չափահասներու առաջնորդութիւնը գնահատել

Պզտիկները պէտք ունին որ չափահասներ զիրենք ուղղեն եւ առաջնորդեն, բայց որո՞նց կրնան դիմել։

Բարոյական արժանիքներ ունենալ

Պզտիկներուդ բարոյական արժանիքներ սորվեցնելը շատ կարեւոր է իրենց ապագային համար։

Յաւելեալ օգնութիւն ծնողներուն

Ծնողներն ալ վստահելի առաջնորդութեան պէտք ունին, ուրախ եւ խաղաղ կեանք մը վարելու համար։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ առնելու համար, տես www.mt1130.com/hyw կայքը։