ԴԱՍ 2
Խոնարհ ըլլալ
Ի՞ՆՉ Է ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ
Խոնարհ անձը ուրիշները կը յարգէ։ Ան ինքզինք չի տեսներ, ոչ ալ կ’ակնկալէ որ մարդիկ իրեն հետ վարուին որպէս շատ կարեւոր անձ մը, հապա անկեղծօրէն կը հետաքրքրուի ուրիշներով եւ պատրաստ է անոնցմէ սորվելու։
Ոմանք կը կարծեն որ խոնարհութիւնը տկարութիւն է։ Բայց ընդհակառակը, անիկա զօրութիւն մըն է, որ մարդոց կ’օգնէ իրենց սխալներուն գիտակցելու եւ իրենց սահմանափակումները ընդունելու։
ԽՈՆԱՐՀ ԸԼԼԱԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
-
Խոնարհ անձը լաւ փոխյարաբերութիւններ կ’ունենայ։ «Ընդհանուր առմամբ, խոնարհ անձերը աւելի դիւրաւ ուրիշներուն կը մտերմանան», կ’ըսէ գիրք մը (The Narcissism Epidemic)։ Անիկա կ’աւելցնէ, որ անոնց համար «աւելի դիւրին է ուրիշներուն հետ հաղորդակցիլ եւ ընկերակցիլ»։
-
Խոնարհ ըլլալը պզտիկիդ օգուտներ պիտի բերէ ապագային։ Սորվելով խոնարհ ըլլալ՝ պզտիկդ պիտի օգտուի թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային, օրինակ՝ երբ գործ փնտռէ։ «Երիտասարդուհի մը, որ հովեր կ’առնէ եւ չ’ընդունիր որ տկար կողմեր ունի, շատ հաւանական է որ գործի հարցազրոյցի մը ընթացքին լաւ տպաւորութիւն չձգէ», կը գրէ տոքթ. Լէոնարտ Սաքս։ «Բայց այն երիտասարդուհին, որ անկեղծօրէն հետաքրքրուած է այն բաներով, որոնք հարցազրոյց վարողին համար կարեւոր են, աւելի հաւանական է որ գործի ընդունուի» *։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ
Պզտիկիդ օգնէ որ իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ» (Գաղատացիս 6։3)։
-
Պզտիկիդ անիրապաշտ խօսքեր մի՛ կրկներ։ Խօսքեր ինչպէս՝ «Բոլոր երազներդ պիտի իրականանան» եւ «Ուզածդ կրնաս ըլլալ», թերեւս քաջալերական թուին, բայց յաճախ ճիշդ չեն ելլեր։ Պզտիկդ հաւանաբար աւելի՛ պիտի յաջողի, եթէ տրամաբանական նպատակակէտեր ունենայ եւ ծանր աշխատի որ ատոնց հասնի։
-
Պզտիկիդ ըրած մասնայատուկ արարքները գովէ։ Պզտիկը պարզապէս ուռեցնելը չ’օգներ որ խոնարհ ըլլայ։ Մասնայատո՛ւկ բանի մը համար զինք գովէ։
-
Ընկերային ցանցեր գործածելը սահմանափակէ։ Ընդհանրապէս ընկերային ցանցերուն մէջ մարդիկ կը սիրեն խօսիլ իրենց ձիրքերուն եւ իրագործումներուն մասին, ինչ որ խոնարհութեան ճիշդ հակառակն է։
-
Պզտիկդ քաջալերէ որ շուտով ներողութիւն խնդրէ։ Երբ պզտիկդ սխալ բան մը ընէ, իրեն օգնէ որ հասկնայ իր սխալը եւ զայն ընդունի։
Պզտիկդ քաջալերէ որ երախտագէտ ըլլայ։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Շնորհակա՛լ եղէք» (Կողոսացիս 3։15, ԱԾ)։
-
Ստեղծագործութեան համար երախտագէտ ըլլալ։ Պզտիկները պէտք է բնութիւնը արժեւորեն եւ հասկնան, թէ մենք գոյատեւելու համար ատոր պէտք ունինք։ Մեզի համար անհրաժեշտ է որ շնչենք, խմենք եւ ուտենք։ Այսպիսի օրինակներ գործածելով՝ պզտիկիդ մէջ երախտագիտութեան զգացում արթնցուր ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն հանդէպ։
-
Մարդիկը գնահատել։ Պզտիկիդ սորվեցուր որ ուրիշները կրնան որոշ մարզերու մէջ իրմէ աւելի լաւ ըլլալ՝ ձիրքեր ունենալով, եւ իրեն օգնէ որ անոնց չնախանձի, հապա անոնցմէ սորվի։
-
Երախտագիտութիւն յայտնել։ Պզտիկիդ սորվեցուր որ «Շնորհակալ եմ» ըսէ, ոչ թէ պարզապէս ըսելու սիրոյն, հապա սրտանց։ Երախտագիտութեան ոգին անձին կ’օգնէ որ խոնարհ մնայ։
Պզտիկներուդ սորվեցուր որ ուրիշներուն ծառայելը արժէքաւոր բան մըն է։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։
-
Պզտիկիդ մանր գործեր տուր որ ընէ։ Եթէ պզտիկդ մասնակից չդարձնես տան գործերուն, կարծես իրեն կ’ըսես. ‘Ինչ որ դուն կը սիրես ընել, աւելի կարեւոր է’։ Ան նա՛խ պէտք է ընտանիքին օգնէ տան գործերուն մէջ եւ ետքը խաղայ։ Ցոյց տուր թէ ուրիշներուն համար գործեր ընելով իրենց օգտակար պիտի ըլլայ եւ թէ անոնք զինք պիտի գնահատեն ու յարգեն իր ըրածին համար։
-
Շեշտէ թէ ուրիշներուն ծառայելը լաւ բան է։ Ուրիշներուն համար բաներ ընելը հիմնական կերպ մըն է հասունութեան դիմելու։ Ուստի պզտիկդ քաջալերէ, որ տեսնէ թէ որո՛նք օգնութեան պէտք ունին։ Բացատրէ թէ ի՛նչ կրնայ ընել որ անոնց օգնէ։ Զաւակդ գովէ եւ ձեռք տուր, մինչ ուրիշներուն կը ծառայէ։
^ պարբ. 8 Մէջբերուած՝ The Collapse of Parenting գիրքէն։