Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Սգաւորներուն համար լաւագոյն օգնութիւնը

Սգաւորներուն համար լաւագոյն օգնութիւնը

ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՑԱՒԸ ՆԻՒԹ ՄԸՆ Է, ՈՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐՋԵՐՍ ՇԱՏ ՊՐՊՏՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԵՆ։ Ինչպէս որ տեսանք, մասնագէտներուն տուած լաւագոյն խրատները շատ անգամ ներդաշնակ են Սուրբ Գիրքին իմաստուն խօսքերուն հետ։ Ասիկա կը ցուցնէ որ անոր ըսածները որեւէ ժամանակ գործնական են։ Սակայն Սուրբ Գիրքին մէջ միայն վստահելի խրատներ չկան։ Ան նաեւ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ, որոնք ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կը գտնուին եւ կրնան շա՜տ մխիթարել սգաւորները։

  • Մեր մահացած սիրելիները չեն չարչարուիր

    «Մեռելները բան մը չեն գիտեր», կ’ըսէ Ժողովող 9։5–ը։ Անոնց «խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։4)։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը մահը կը նմանցնէ խաղաղ քունի (Յովհաննէս 11։11

  • Սիրալիր Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալը կը մխիթարէ

    Սուրբ Գիրքը Սաղմոս 34։15–ին մէջ կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։ Աղօթքով մեր զգացումները Աստուծոյ արտայայտելը բան մը չէ, որ միայն մեզ կը հանգստացնէ կամ մեր մտածումները կարգի կը դնէ։ Իրականութեան մէջ, աղօթքը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենանք Ստեղծիչին հետ, որ կրնայ իր ուժը գործածել մեզ մխիթարելու համար։

  • Աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը կայ

    Երեւակայէ այն ժամանակը, երբ գերեզմանին մէջ եղողները կեանքի պիտի գան հոս երկրի վրայ։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կը խօսի այդ ժամանակին մասին։ Նկարագրելով որ այդ ատեն երկրի վրայ վիճակները ինչպէս պիտի ըլլան, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած մեր «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4

Շատեր որոնք Աստուծոյ կը հաւատան,– որուն անունը Եհովա է Սուրբ Գիրքին մէջ,– շատ ոյժ կը ստանան իրենց ցաւին հետ գլուխ ելլելու, քանի որ կը վստահին այն յոյսին, որ իրենց մահացած սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնեն։ Օրինակ, Էն անունով կին մը, որուն 65 տարուան ամուսինը մահացաւ, կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքը զիս կը վստահեցնէ, որ մեր մահացած սիրելիները չեն չարչարուիր, եւ թէ Աստուած յարութիւն պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք իր յիշողութեան մէջ են։ Այս կէտերը կը վերյիշեմ ամէն անգամ որ ամուսինիս մասին մտածեմ, եւ ասիկա ինծի օգնած է որ դիմանամ իր մահուան, որ ամէնէն գէշ բանն է որ ինծի պատահած է»։

Նախապէս նշուած Դինան կ’ըսէ. «Թիմոյին մեռած օրէն ի վեր զգացած եմ Աստուծոյ օգնութիւնը։ Եհովային ձեռքին զօրութիւնը շատ զգացած եմ իմ նեղութեանս մէջ։ Եւ յարութեան մասին Սուրբ Գիրքին խոստումը շատ իրական է ինծի համար։ Ատիկա զիս ոտքի կը պահէ մինչեւ որ գայ այն օրը, երբ Թիմոն դարձեալ պիտի տեսնեմ»։

Նման խօսքերով կ’արտայայտուին նաեւ միլիոնաւորներ, որոնք համոզուած են որ Սուրբ Գիրքը վստահելի է։ Նոյնիսկ եթէ կը կարծես որ Սուրբ Գիրքին ըսածները միայն երազ են կամ չեն կրնար իրականանալ, պէտք է քննես այն փաստերը, որոնք կը ցուցնեն թէ Սուրբ Գիրքին խրատները տրամաբանական են եւ խոստումները ստոյգ են։ Թերեւս տեսնես որ Սուրբ Գիրքը սգաւորներուն լաւագոյն կերպով կ’օգնէ։

ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒՆ ՅՈՅՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌ

Այս նիւթին հետ կապ ունեցող վիտէօներ դիտէ մեր կայքին մէջ՝ www.mt1130.com/hyw

Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ որ ապագային պիտի դիմաւորենք մեր սիրելիները, երբ ետ կեանքի գան

ԵՐԲ ՄԷԿԸ ՄԵՌՆԻ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ

Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Սուրբ Գիրքին յստակ պատասխանը մեզ կը մխիթարէ եւ կը հանգստացնէ

Նայէ՛ ԳՐԱԴԱՐԱՆ > ՎԻՏԷՕՆԵՐ (ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ)

Կ’ՈՒԶԵ՞Ս ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ ԼՍԵԼ

Տխուր լուրերը շատ են։ Ո՞ւր կրնաս գտնել ուրախ լուրեր

Նայէ՛ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ > ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ