Ընտանեկան կեանք եւ բարեկամութիւններ
Շատերու համար դժուար է զօրաւոր փոխյարաբերութիւններ պահպանել։ Նկատի առ կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզի օգնել ընկերային կեանքդ բարելաւելու։
ԱՆՁՆԱԶՈՀ ԵՂԻՐ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։4)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Լաւ փոխյարաբերութիւններ պիտի վայելենք, եթէ կեդրոնանանք տալու վրայ եւ ոչ թէ առնելու վրայ։ Եթէ անձնասէր ըլլաս, կրնաս փոխյարաբերութիւններուդ վնասել։ Օրինակ, անձնասէր ամոլ մը կրնայ իր կողակիցին դաւաճանել։ Եւ մէ՛կը չ’ուզեր բարեկամանալ անձի մը հետ, որ միշտ կը հպարտանայ իր ունեցածներով կամ իր գիտելիքներով։ Ուրեմն, ինչպէս որ The Road to Character գիրքը կ’ըսէ, «անձնակեդրոն ըլլալը շատ խնդիրներու կ’առաջնորդէ»։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ.
-
Ուրիշներուն օգնէ։ Զօրաւոր բարեկամութիւն կը հաստատուի, իրարու վստահելով եւ միշտ պատրաստ ըլլալով իրարու օգնելու։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, անոնք՝ որոնք ուրիշներու կ’օգնեն, աւելի քիչ կ’ընկճուին եւ իրենց ինքնայարգանքը կ’աւելցնեն։
-
Կարեկից եղիր։ Կարեկից ըլլալով կը զգաս ուրիշին ցաւը սրտիդ մէջ։ Ուստի, չես գործածեր կծու ծաղրանք կամ խայթող հեգնանք, անհատի մը զգացումները վիրաւորելու համար։
Նաեւ, կը սկսիս ուրիշներուն հանդուրժել։ Այսպէս, կանխադատութենէ կը խուսափիս ու տարբեր մշակոյթներէ կամ ենթահողերէ եղող անհատներու հետ կը բարեկամանաս։
-
Ժամանակէդ տուր։ Ուրիշներու հետ ո՛րքան աւելի ժամանակ անցընես, ա՛յնքան աւելի զիրենք պիտի ճանչնաս։ Հարկ է որ ուրիշներու հետ իմաստալից խօսակցութիւններ ունենաս։ Ուստի, լաւ մտիկ ընող եղիր։ Բարեկամիդ մտահոգութիւններով հետաքրքրուէ։ Ըստ ուսումնասիրութեան մը, «խորունկ խօսակցութիւնները կրնան մարդիկը աւելի ուրախ դարձնել»։
ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐԷ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։33)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Մարդիկ՝ որոնց հետ կ’ընկերակցիս, վրադ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան,– լաւ կամ գէշ։ Ընկերաբաններ կ’ըսեն, որ եթէ շրջապատուած ես անձերով, որոնք կը ծխեն կամ կ’ամուսնալուծուին, աւելի հաւանականութիւն կայ որ դո՛ւն ալ սկսիս ծխել կամ ուզես ամուսնալուծուիլ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Բարեկամացիր անհատներու հետ, որոնք ունին այնպիսի յատկութիւններ, որոնք շատ կ’արժեւորես։ Օրինակ, ընկերակցէ անձերու հետ, որոնք փափկանկատ, յարգալից, առատաձեռն եւ հիւրասէր են։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ՄԻ՛ ԸՍԵՐ։
«Անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն» (ԱՌԱԿԱՑ 12։18)։
ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԵՂԻՐ։
«Բարերար անձը պիտի պարարտանայ» (ԱՌԱԿԱՑ 11։25, ԱԾ)։
ՎԱՐՈՒԷ ԱՅՆՊԷՍ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Կ’ՈՒԶԵՍ ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՔԵԶԻ ՀԵՏ ՎԱՐՈՒԻՆ։
«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։12)։