Մարմնական առողջութիւն
Թէեւ Աստուածաշունչը բժշկական դասագիրք մը չէ, բայց առողջ ապրելակերպ կը քաջալերէ։ Քննարկենք անոր սկզբունքներէն ոմանք, որոնք կրնան մարմնական առողջութեանդ նպաստել։
ՄԱՐՄԻՆԻԴ ՀՈԳ ՏԱՐ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա» (Եփեսացիս 5։29)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Այս սկզբունքը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր ձեռքէն եկածը ընենք, որպէսզի մարմնական առողջութեան հոգ տանինք։ Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ շատ մը առողջապահական խնդիրներ կապ ունին անձնական ապրելակերպին հետ։ Ուստի, լաւ ընտրութիւններ ընելը առողջութեան կը նպաստէ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ.
-
Սնունդ։ Լաւ սնունդ առ, առողջապահական ուտելիքներ ուտելով եւ բաւարար ջուր խմելով։
-
Մարզանք ըրէ։ Մարզանքը կրնայ առողջութիւնդ բարելաւել ի՛նչ որ ալ ըլլայ տարիքդ, նոյնիսկ եթէ անկարող ես կամ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս։ Թէեւ ընտանիքդ, բարեկամներդ եւ բժիշկներ կրնան մարզանքի յայտագրիդ նկատմամբ քեզի օգնել, բայց միայն դո՛ւն կրնաս զայն յաջողցնել։
-
Բաւարար քնացիր։ Երկար ժամանակ քիչ քուն առնելը դուռ կը բանայ լուրջ հիւանդութիւններու։ Շատեր բաւարար չեն քնանար, քանի որ ժամանակը կը գործածեն ուրիշ բաներ ընելու։ Սակայն, բաւարար քնանալ որոշելով, կ’որոշես աւելի լաւ կեանք ունենալ։
ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Աւելի լաւ առողջութիւն պիտի ունենանք, եթէ վնասակար նիւթեր չգործածենք, ինչպէս՝ ծխախոտը, որ հիւանդութեան եւ մահուան գլխաւոր պատճառ մըն է։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Ծխելը կեցնելու օր մը որոշէ, եւ զայն օրացոյցիդ վրայ նշէ։ Այդ օրէն քիչ առաջ, ձերբազատուէ ծխախոտներէ, մոխրամաններէ, լուցկիներէ եւ ուրիշ որեւէ բանէ, որ այս վնասակար սովորութեան հետ կապ ունի։ Մի՛ երթար այնպիսի վայրեր, ուր մարդիկ սովորաբար կը ծխեն։ Ծխելը կեցնելու որոշումդ յայտնէ ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ, որպէսզի կարենան քեզի օգնել։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆԴ ՈՒՇԱԴԻՐ ԵՂԻՐ։
«Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ 22։8)։
ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԴ ԶՍՊԷ։
«Համբերատար մարդը շատ հանճարեղ է, իսկ զայրացող հոգի ունեցողը իր յիմարութիւնը կը ցուցադրէ» (ԱՌԱԿԱՑ 14։29, ԱԾ)։
ՇԱՏԱԿԵՐ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ։
‘Մի՛ ընկերանար որկրամոլութեամբ ուտողներուն’ (ԱՌԱԿԱՑ 23։20, ԱԾ)։