Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Սէր

Սէր

ՄԱՐԴԻԿ ՇԱՏ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ ՍԻՐՈՅ։ Առանց սիրոյ, ո՛չ մէկ ամուսնութիւն, ընտանիք կամ բարեկամութիւն կը յաջողի։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ սէրը կարեւոր է, որպէսզի մէկը մտային գետնի վրայ առողջ ըլլայ ու երջանիկ ըլլայ։ Բայց «սէր»ը ի՞նչ է։

Այն սէրը, որուն մասին կը խօսինք, ռոմանթիկ սէրը չէ (անշուշտ, ռոմանթիկ սէրը իր տեղը ունի)։ Հապա՝ ատիկա սիրոյ աւելի բարձր տեսակ մըն է, որ կը ձգէ որ մէկը սրտանց ուրիշներուն լաւութիւնը ուզէ, եւ նոյնիսկ զանոնք իր անձէն առաջ դնէ։ Ատիկա այնպիսի սէր մըն է, որ Աստուծոյ տուած սկզբունքներուն վրայ հիմնուած է, բայց միեւնոյն ատեն իր մէջ ունի ջերմ զգացումներ։

Սէրը գեղեցիկ կերպով այսպէս նկարագրուած է. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի. . . ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կորնթացիս 13։4-8

Այս սէրը «բնա՛ւ չ’իյնար», այն իմաստով որ օր մը օրանց վերջ պիտի չգտնէ։ Ընդհակառակը, ատիկա կրնայ ժամանակի ընթացքին աւելի զօրանալ։ Եւ քանի որ երկայնամիտ ու քաղցր է եւ կը ներէ, ատիկա միութեան կատարեալ կապ է (Կողոսացիս 3։14)։ Այս պատճառով, երբ անհատներու միջեւ այսպիսի սէր կ’ըլլայ, անոնք ապահով եւ երջանիկ կը զգան, հակառակ որ իրարու հանդէպ կը սխալին։ Օրինակ, նկատի առ ամուսնութիւնը։

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԿԱՊ ՄԸ

Յիսուս Քրիստոս ամուսնութեան մասին կարեւոր սկզբունքներ սորվեցուց։ Օրինակ, նշելէ ետք թէ «մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան», ըսաւ. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատթէոս 19։5, 6Այս խօսքին մէջ առնուազն երկու սկզբունքներ կան։

«ԵՐԿՈՒՔԸ ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ»։ Ամուսնութիւնը ամէնէն մտերիմ կապն է որ մարդիկ կրնան ունենալ։ Եւ սէրը կրնայ ամուսնութիւնը պաշտպանել անհաւատարմութենէ կամ դաւաճանութենէ, թոյլ չտալով որ ամուսինը կամ կինը «մէկ մարմին» ըլլայ ուրիշի մը հետ (Ա. Կորնթացիս 6։16. Եբրայեցիս 13։4)։ Անհաւատարմութիւնը կը քանդէ անհատներուն վստահութիւնը եւ կրնայ ամուսնութիւնը քայքայել։ Եթէ զաւակներ կան, անոնք կրնան զգացական մեծ խնդիրներ ունենալ, զգալ որ սիրուած չեն կամ ապահով չեն, եւ նոյնիսկ կրնան ոխ ունենալ։

«ԶԱՅՆ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻԱՒՈՐԵՑ»։ Ամուսնութիւնը նաեւ սուրբ կապ մըն է։ Այն զոյգերը, որ այս կէտը կը յարգեն, կը ջանան իրենց ամուսնութիւնը զօրացնել։ Երբ խնդիրներ ունենան, չեն փորձեր պատճառներ գտնել որ իրենց ամուսնութեան վերջ դնեն։ Անոնց սէրը զօրաւոր է եւ ամէն բանի կը դիմանայ։ Ատիկա կ’օգնէ որ խնդիրները լուծեն, մինչ կը ջանան իրենց ամուսնութեան մէջ խաղաղութիւն պահպանել։

Երբ հօր ու մօր միջեւ անձնազոհ սէր ըլլայ, բոլոր զաւակները շատ կ’օգտուին։ Ճեսիքա անունով երիտասարդուհի մը կ’ըսէ. «Հայրս ու մայրս իրապէս կը սիրեն ու կը յարգեն իրար։ Երբ կը տեսնեմ որ մայրս կը յարգէ հայրս,– մանաւանդ մեր ներկայութեան,– կ’ուզեմ ճիշդ իրեն պէս ըլլալ»։

Սէրը Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնն է։ Սուրբ Գիրքը նոյնիսկ կ’ըսէ. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ Եհովան նաեւ կոչուած է «երանելի Աստուած» (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Մենք ալ երանելի՝ կամ երջանիկ՝ կ’ըլլանք, երբ ջանանք Աստուծոյ յատկութիւնները ունենալ, մանաւանդ սէրը։ Եփեսացիս 5։1, 2–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։