Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան. մեր ապաւէնը

Եհովան. մեր ապաւէնը

«Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ» (ՍԱՂ. 90։1

1, 2. Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս զգացած են այս ամբարիշտ աշխարհին հանդէպ, եւ ի՞նչ առումով անոնք տուն ունին։

 ԱՅՍ չար աշխարհին մէջ ապահով ու հանգիստ կը զգա՞ս, ճիշդ ինչպէս որ տանդ մէջ կը զգաս։ Եթէ ոչ, առանձին չես։ Հին ժամանակներէ ի վեր, Եհովան իրապէս սիրողները այս աշխարհին մէջ իրենք զիրենք օտարներ ու պանդուխտներ զգացած են։ Օրինակի համար, մինչ Քանանի երկրին մէջ Աստուծոյ հաւատարիմ երկրպագուները բանակավայրէ բանակավայր կը տեղափոխուէին, «խոստովանեցան [«հրապարակաւ հռչակեցին», ՆԱ] թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են» (Եբ. 11։13

2 Նմանապէս, Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները, որոնց «քաղաքացիութիւնը երկինքն է», իրենք զիրենք այս աշխարհին մէջ «օտարներ ու պանդուխտներ» կը նկատեն (Փլպ. 3։20, ԱԾ. Ա. Պետ. 2։11)։ Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ այս «աշխարհէն չեն», ինչպէս որ ան այս աշխարհին մէկ մասը չէր (Յովհ. 10։16. 17։16)։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ ժողովուրդը անտուն չէ։ Իրականութեան մէջ, մենք կը վայելենք ամէնէն ապահով եւ սիրալիր տունի մը պաշտպանութիւնը, որ մարդկային աչքով չի տեսնուիր։ Ի՞նչ է այդ տունը։ Մովսէս գրեց. «Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ» (Սաղ. 90։1)։ Վաղեմի օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս «ապաւէն» եղաւ իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Ներկայիս, ան ինչպէ՞ս «ապաւէն» է իր անունը կրող ժողովուրդին։ Իսկ ապագային, ան ինչպէ՞ս միակ ապահով ապաստանարանը պիտի ըլլայ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ՎԱՂԵՄԻ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ «ԱՊԱՒԷՆ» ԷՐ

3. Սաղմոս 90։1–ի մէջ ի՞նչ նիւթ, պատկեր եւ նմանութեան կէտ կը գտնենք։

3 Աստուածաշունչի բազմաթիւ պատկերաւոր խօսքերու նման, Սաղմոս 90։1–ը ունի նիւթ մը, պատկեր մը եւ նմանութեան կէտ մը։ Նիւթը՝ Եհովան է, պատկերը պատսպարան է։ Եւ Եհովան այսպիսի վայրի մը հետ հասարակաց շատ բաներ ունի։ Օրինակի համար, Եհովան իր ժողովուրդին պաշտպանութիւն կը հայթայթէ, եւ ասիկա ներդաշնակ է այն իրողութեան հետ, թէ ան սիրոյ անձնաւորումն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան նաեւ խաղաղութեան Աստուած է, որ իր հաւատարիմները ‘ապահովութեամբ կը բնակեցնէ’ (Սաղ. 4։8)։ Նկատի առ, զոր օրինակ, հաւատարիմ նահապետներուն հետ իր ունեցած գործառնութիւնները, սկսելով Աբրահամէն։

4, 5. Աստուած ինչպէ՞ս Աբրահամին «ապաւէն» էր։

4 Կրնանք միայն երեւակայել թէ Աբրահամ, որուն անունը այդ ատեն Աբրամ էր, ի՛նչ զգաց երբ Եհովան իրեն ըսաւ. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ. . . գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Եթէ Աբրահամ որեւէ կերպով մտահոգուեցաւ, Եհովայի յաջորդ խօսքերը զինք հանգստացուցին. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ. . . Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ» (Ծն. 12։1-3

5 Եհովան խոստացաւ որ պիտի օրհնէր ու պաշտպանէր Աբրահամն ու անոր զարմը. եւ իր այդ խոստումը պահեց (Ծն. 26։1-6)։ Օրինակի համար, ան թոյլ չտուաւ որ Եգիպտոսի փարաւոնը եւ Գերարայի Աբիմելէք թագաւորը Աբրահամը սպաննեն ու Սառան առնեն։ Եհովան Իսահակն ու Ռեբեկան ալ համանման կերպով պաշտպանեց (Ծն. 12։14-20. 20։1-14. 26։6-11)։ Կը կարդանք. «[Եհովան] մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, ըսելով. ‘Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք’» (Սաղ. 105։14, 15

«Քեզ պիտի չթողում»

6. Իսահակ Յակոբէն ի՞նչ խնդրեց, եւ Յակոբ թերեւս ի՞նչ խորհեցաւ։

6 Աբրահամի թոռնիկը՝ Յակոբ՝ այդ մարգարէներէն էր։ Երբ ժամանակը եկաւ որ Յակոբ իրեն համար կին առնէ, անոր հայրը՝ Իսահակ ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։ Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ» (Ծն. 28։1, 2)։ Յակոբ անմիջապէս հնազանդեցաւ, եւ իր ընտանիքը Քանանի մէջ ձգելով՝ հաւանաբար առանձին հարիւրաւոր քիլոմեթրներ կտրեց Խառան հասնելու համար (Ծն. 28։10)։ Կրնայ ըլլալ որ ան խորհեցաւ. ‘Որքա՞ն ժամանակ ընտանիքէս հեռու պիտի մնամ։ Արդեօք մօրեղբայրս զիս ջերմօրէն պիտի ընդունի եւ աստուածավախ կին պիտի շնորհէ՞’։ Եթէ Յակոբ այսպիսի մտահոգութիւններ ունէր, անոնք անկասկած փարատեցան երբ հասաւ Լուզ քաղաքը, որ Բերսաբէէէն շուրջ 100 քմ հեռու էր։ Հոն ի՞նչ պատահեցաւ։

7. Երազի մը միջոցաւ, Աստուած ինչպէ՞ս Յակոբը հաւաստիացուց։

7 Լուզի մէջ, Եհովան երազի մը մէջ Յակոբին երեւցաւ ու ըսաւ. «Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում» (Ծն. 28։15)։ Այդ ազնիւ խօսքերը որքա՜ն հաւաստիացուցած ու մխիթարած ըլլալու էին Յակոբը։ Անկէ ետք, Յակոբ վստահաբար կը տենչար տեսնել թէ ինչպէ՛ս Եհովայի խոստումը պիտի կատարուէր։ Եթէ տունդ ձգած ես օտար երկրի մը մէջ ծառայելու համար, հաւանաբար Յակոբի զգացումները կը հասկնաս։ Բայց անկասկած Եհովայի հոգատարութեան ապացոյցը նկատած ես։

8, 9. Եհովան ի՞նչ կերպերով Յակոբի «ապաւէն» էր, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Երբ Յակոբ Խառան հասաւ, իր մօրեղբայրը՝ Լաբան՝ ջերմօրէն զինք ընդունեց եւ ապա Լիան ու Ռաքէլը իրեն կին տուաւ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Լաբան փորձեց Յակոբը շահագործել, անոր վարձքը տա՛սը անգամ փոխելով (Ծն. 31։41, 42)։ Բայց եւ այնպէս, Յակոբ այս անարդարութիւններուն համբերեց, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի շարունակէր զինք հոգալ,– եւ Ան իրապէս զինք հոգաց։ Արդարեւ, երբ Աստուած Յակոբ նահապետին ըսաւ որ Քանան վերադառնայ, ան «շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր» ունէր (Ծն. 30։43)։ Խոր գնահատութեամբ՝ Յակոբ աղօթեց. «Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ» (Ծն. 32։10

9 Արդ, որքա՜ն ճիշդ է Մովսէսի աղօթքին սա խօսքը. «Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ» (Սաղ. 90։1)։ Այդ խօսքը այսօր ալ կը կիրարկուի, քանի որ Եհովան, «որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ», կը շարունակէ ջերմ եւ ապահով ապաստանարան ըլլալ իր հաւատարիմներուն (Յակ. 1։17)։ Նկատի առնենք ինչպէ՛ս։

ԵՀՈՎԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՄԵՐ «ԱՊԱՒԷՆ»Ն Է

10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած կը շարունակէ իր ծառաներուն ապահով ապաստանարան ըլլալ։

10 Երեւակայէ հետեւեալը. դատարանին մէջ միջազգային ոճրային կազմակերպութեան մը դէմ կը վկայես։ Ատոր ղեկավարը շատ խորամանկ, զօրեղ եւ անողորմ ոճրագործ մըն է։ Այդ օրուան վերջաւորութեան, երբ դատարանէն դուրս ելլես, ապահով պիտի զգա՞ս։ Բնա՛ւ երբեք։ Ընդհակառակը, վաւերական պատճառ պիտի ունենաս պաշտպանութիւն խնդրելու։ Այս պարագան կը նկարագրէ Եհովայի ծառաներուն վիճակը, որոնք համարձակօրէն Եհովային համար կը վկայեն եւ անվախօրէն կը քօղազերծեն անոր գլխաւոր թշնամին՝ Սատանան (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։17Բայց արդեօք Սատանան կրցա՞ծ է Աստուծոյ ժողովուրդը լռեցնել։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, մենք կը շարունակենք հոգեւորապէս ուռճանալ։ Ասիկա կարելի է, միա՛յն քանի որ Եհովան տակաւին մեր «ապաւէն»ն է, մանաւանդ այս վերջին օրերուն մէջ (կարդա՛ Եսայի 54։14, 17Բայց եւ այնպէս, Եհովան մեր ապահով ապաստանարանը չ’ըլլար, եթէ թոյլ տանք Սատանային որ մեզ խաբէ ու մեր պատսպարանէն հեռացնէ։

Աստուծոյ հրեշտակները իր ծառաներուն կ’աջակցին ու կը պաշտպանեն

11. Նահապետներէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

11 Նահապետներէն ուրիշ դաս մըն ալ քաղենք։ Թէեւ Քանանի երկրին մէջ ապրեցան, բայց անոնք անջատ մնացին միւս բնակիչներէն, որոնց վատ եւ անբարոյ ուղիները կ’ատէին (Ծն. 27։46)։ Անոնք հարկ չունէին կանոններու երկար ցանկի մը, ճիշդն ու սխալը գիտնալու համար։ Ի՛նչ որ գիտէին Եհովային եւ անոր անձնաւորութեան մասին, իրենց համար բաւարար էր։ Եհովան իրենց ապաւէնը ըլլալով, անոնք չուզեցին աշխարհի բաներուն մօտենալ։ Փոխարէն, կարելի եղածին չափ հեռու մնացին։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը մեզի։ Արդեօք ընկերակիցներ ընտրելու եւ ժամանցի մարզին մէջ կը ջանա՞ս հաւատարիմ նահապետները ընդօրինակել։ Ցաւօք սրտի, քրիստոնէական ժողովքէն ներս ոմանք ցոյց կու տան, թէ որոշ չափով Սատանայի աշխարհին մէջ հանգիստ կը զգան։ Եթէ այդպիսի զգացումներ ունիս, այս հարցին շուրջ աղօթէ։ Մի՛ մոռնար որ այս աշխարհը Սատանայինն է, որ անձնասէր է ու մեզ չի հոգար (Բ. Կոր. 4։4. Եփ. 2։1, 2

12. ա) Եհովան ինչպէ՞ս իր ծառաներուն կ’օգնէ։ բ) Այս կարգադրութիւններուն նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

12 Սատանայի հնարքներուն դէմ դնելու համար, պէտք է լիովին օգտուինք Եհովայի հայթայթած հոգեւոր կարգադրութիւններէն։ Այս կարգադրութիւնները կը պարփակեն՝ ժողովներ, ընտանեկան պաշտամունք եւ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’,– Աստուծոյ կողմէ նշանակուած հովիւներ, որոնք մեզ կը մխիթարեն ու մեզի կ’աջակցին, երբ կեանքի դժուար պարագաներու առջեւ գտնուինք (Եփ. 4։8-12)։ Եղբայր Ճորճ Կանկըս, որ երկար տարիներ Կառավարիչ մարմինի անդամ էր, գրեց. «Երբ [Աստուծոյ ժողովուրդին] հետ ըլլամ, կը զգամ թէ տունը՝ ընտանիքիս հետ եմ, հոգեւոր դրախտի մը մէջ»։ Դուն ալ նոյն կերպով կը զգա՞ս։

13. Եբրայեցիս 11։13–էն ի՞նչ կարեւոր դաս կրնանք քաղել։

13 Նահապետներուն ա՛յլ մէկ յատկութիւնը եւս կրնանք ընդօրինակել. շուրջի մարդոցմէ տարբեր ըլլալու իրենց կամեցողութիւնը։ Ինչպէս որ նշուեցաւ  առաջին պարբերութեան մէջ, անոնք «[«հրապարակաւ հռչակեցին», ՆԱ] թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ» (Եբ. 11։13)։ Վճռա՞ծ ես շուրջիններէդ տարբեր ըլլալ։ Ճիշդ է որ ասիկա ընելը միշտ դիւրին չէ, բայց Աստուծոյ օգնութեամբ եւ հաւատակիցներուն աջակցութեամբ կրնա՛ս յաջողիլ։ Մի՛ մոռնար որ մինակ չես։ Բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն Եհովային ծառայել, մղելիք պատերազմ ունին (Եփ. 6։12)։ Այսուհանդերձ, կրնա՛նք այդ պատերազմէն յաղթական դուրս գալ, եթէ Եհովային վստահինք եւ զինք մեր ապաւէնը դարձնենք։

14. Եհովայի ծառաները ո՞ր «քաղաք»ին սպասեցին։

14 Հետեւեալն ալ կարեւոր է. Աբրահամը ընդօրինակէ՝ աչքերդ մրցանակին վրայ սեւեռած պահելով (Բ. Կոր. 4։18)։ Պօղոս առաքեալ գրեց, թէ Աբրահամ «կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։10)։ Այդ «քաղաքը» Մեսիական Թագաւորութիւնն է։ Անշուշտ, Աբրահամ այդ քաղաքին պէտք է սպասէր։ Առումով մը, մենք այդ քաղաքին չենք սպասեր, քանի որ ատիկա այժմ երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Ասկէ զատ, յստակ ապացոյցներ ցոյց կու տան, թէ ատիկա շուտով ամբողջ երկրագունդը յանձն պիտի առնէ։ Այդ Թագաւորութիւնը քեզի համար իսկակա՞ն է։ Թագաւորութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնե՞ս եւ այս աշխարհէն անջատ կը մնա՞ս (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11, 12

ԵՀՈՎԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԵՐ «ԱՊԱՒԷՆ»Ը ԸԼԼԱԼ

15. Այժմու աշխարհին վստահողներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

15 Մինչ Սատանայի աշխարհը իր վախճանին կը մօտենայ, անոր «ցաւեր»ը պիտի սաստկանան (Մատ. 24։7, 8)։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, վստահաբար վիճակները աւելի պիտի վատթարանան։ Ենթակառոյցները փուլ պիտի գան եւ մարդիկ իրենց կեանքին վրայ շատ պիտի վախնան (Ամբ. 3։16, 17)։ Յուսահատութեամբ լեցուած՝ անոնք ապաստանարան պիտի փնտռեն «քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ» (Յայտ. 6։15-17)։ Բայց ո՛չ բառացի քարայրները, ոչ ալ լեռնանման քաղաքական ու առեւտրական կազմակերպութիւններ պաշտպանութիւն պիտի հայթայթեն։

16. Քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք եւ ինչո՞ւ։

16 Բայց Եհովայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր «ապաւէն»ին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հայթայթած ապահովութիւնը վայելել։ Ամբակում մարգարէին նման, անոնք ‘Տէրոջմով պիտի ցնծան, իրենց փրկութեան Աստուծմով պիտի ուրախանան’ (Ամբ. 3։18)։ Այդ խռովալից ժամանակներուն, Եհովան ի՞նչ կերպերով «ապաւէն» պիտի ըլլայ։ Պէտք է սպասենք ու տեսնենք։ Բայց վստահ ենք, որ Եգիպտոսը ձգող իսրայէլացիներուն նման, «մեծ բազմութիւն»ը կազմակերպուած պիտի ըլլայ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն՝ աստուածային ուղղութեան հետեւելու համար (Յայտ. 7։9. կարդա՛ Ելից 13։18)։ Այդ ուղղութիւնը աստուածպետականօրէն պիտի տրուի, հաւանաբար ժողովքային կարգադրութեան միջոցաւ։ Եսայի 26։20–ը (կարդա՛) կը նշէ «սենեակներ», որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին պաշտպանութիւն պիտի տան։ Կրնայ ըլլալ որ ատոնք կ’ակնարկեն աշխարհի տարածքին գտնուող ժողովքներուն։ Ժողովքային հանդիպումները կ’արժեւորե՞ս։ Ժողովքային կարգադրութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած ուղղութեան անմիջապէս կ’ընդառաջե՞ս (Եբ. 13։17

17. Եհովան ի՞նչ կերպով «ապաւէն» է անոնց՝ որոնք իրեն հաւատարիմ մնալով մահացած են։

17 Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ հաւատարիմ կը մեռնին, Եհովայի՝ իրենց «ապաւէն»ին՝ քով ապահով կը մնան։ Ինչպէ՞ս։ Հաւատարիմ նահապետներուն մահէն տարինե՜ր ետք, Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Ես եմ. . . Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը» (Ել. 3։6)։ Յիսուս այս խօսքը մէջբերելէ ետք, աւելցուց. «Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են» (Ղուկ. 20։38)։ Արդարեւ, Եհովային համար, անոնք՝ որոնք իրեն հաւատարիմ մնալով մահացած են, կարծես թէ ողջ են։ Անոնք վստահաբար յարութիւն պիտի առնեն (Ժող. 7։1

18. Նոր աշխարհին մէջ, Եհովան ինչպէ՞ս մասնայատուկ կերպով իր ժողովուրդին «ապաւէն» պիտի ըլլայ։

18 Մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ, Եհովան իր ժողովուրդին «ապաւէն» պիտի ըլլայ մէկ ա՛յլ առումով եւս։ Յայտնութիւն 21։3–ը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի»։ Սկիզբը, Եհովան իր երկրային հպատակներուն հետ պիտի բնակի, գործածելով Յիսուս Քրիստոսը որպէս իր ներկայացուցիչը։ Հազար տարուան աւարտին, Յիսուս Թագաւորութիւնը իր Հօր պիտի յանձնէ, լիովին իրագործած ըլլալով երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը (Ա. Կոր. 15։28)։ Անկէ ետք, կատարեալ մարդկութիւնը այլեւս պէտք պիտի չունենայ Յիսուսին որպէս բարեխօս, քանի որ Եհովան ուղղակի իրենց հետ պիտի ըլլայ։ Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար ունինք։ Ուստի, ջանանք վաղեմի հաւատարիմները ընդօրինակել՝ Եհովան մեր «ապաւէն»ը ընելով։